Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Կրնա՞նք Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ։

Աստուած ինչո՞ւ կ’ուզէ որ իր մասին ճշմարտութիւնը գիտնանք (կարդա՛ Յովհաննէս 17։3)

Աստուած մարդոց հետ հաղորդակցած է։ Ան իր սուրբ հոգին կամ գործօն ուժը գործածեց, իր մտածումները Աստուածաշունչի գրողներուն մտքին մէջ դնելու համար (Բ. Պետրոս 1։20, 21)։ Աստուածաշունչը կարդալով, մենք կրնանք Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ (կարդա՛ Յովհաննէս 17։17. Բ. Տիմոթէոս 3։16

Աստուածաշունչին մէջ, Աստուած ինքն իր մասին շա՛տ բան կը յայտնէ։ Ան մեզի կը գիտցնէ թէ մարդկային կեանքը ինչո՛ւ ստեղծած է, մարդկութեան համար ի՛նչ պիտի ընէ եւ ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ մեր կեանքը վարենք (Գործք 17։24-27)։ Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ իրեն մասին ճշմարտութիւնը գիտնանք (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4

Աստուած ինչո՞ւ ճշմարտութիւնը սիրողներէն կ’ախորժի։

Եհովան ճշմարտութեան Աստուածն է եւ ան իր Որդին՝ Յիսուսը ղրկեց մարդկութեան ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար։ Ուստի ճշմարտութիւնը սիրողները Յիսուսով կը հրապուրուին (Յովհաննէս 18։37)։ Աստուած կ’ուզէ որ այսպիսի մարդիկ զինք պաշտեն (կարդա՛ Յովհաննէս 4։23, 24

Բանսարկու Սատանան արգելք հանդիսացած է որ շատեր Աստուած ճանչնան, անոր մասին սխալ ուսուցումներ տարածելով (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4)։ Մարդիկ, որոնք բարի բաները չեն սիրեր, այսպիսի սխալ ուսուցումներով կը հրապուրուին (Հռովմայեցիս 1։25)։ Բայց միլիոնաւոր անկեղծ անհատներ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով՝ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը կը գիտնան (կարդա՛ Գործք 17։11