Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կեղծաւորութիւնը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞

Կեղծաւորութիւնը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞

ԲԱՆԱՅՈԹԱ մեծցաւ Միջերկրական ծովուն մէկ կղզիին մէջ։ Երբ պատանուհի էր ան քաղաքականութեամբ խորապէս հետաքրքրուեցաւ։ Յետագային, իր ապրած գիւղին մէջ կուսակցութեան մը քարտուղարը դարձաւ։ Ան նոյնիսկ տունէ տուն կը պտըտէր՝ կուսակցութեան ի նպաստ հանգանակութիւն հաւաքելու համար։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, Բանայոթան յուսախաբ եղաւ։ Ան շարունակ ականատես կ’ըլլար կողմնապահութեան, փառասիրութեան, լարուածութեան եւ նախանձի, հակառակ անոր որ կուսակցութեան անդամները «ընկեր» կը կանչէին զիրար։

Տանիէլ մեծցաւ Իրլանտայի մէջ ապրող խիստ կրօնասէր ընտանիքի մը մէջ։ Սակայն ցաւօք սրտի ան վառ կերպով կը յիշէ քահանաներուն կեղծաւորութիւնը. անոնք չափազանցօրէն կը խմէին, բախտախաղ կը խաղային եւ հանգանակութեան ափսէէն կը գողնային, մինչ անընդհատ իրեն կը քարոզէին որ եթէ մեղք գործէր դժոխքին մէջ պիտի այրէր։

Ճէֆրի իր գործի ասպարէզին մեծ մասը անցուց Միացեալ Թագաւորութեան եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող միջազգային նաւի սեփականատէրերուն համար առեւտուր ընելով։ Ան կը յիշէ շատ մը պարագաներ, երբ յաճախորդներ ու մրցակիցներ կառավարական պաշտօնեաներու հետ խորհրդակցելու ատեն կը խարդախէին։ Համաձայնագիր մը ապահովելու համար, անոնք կեղծաւորութեամբ պատրաստ էին գրեթէ ամէն բան ըսելու։

Ցաւօք սրտի, այս պարագաները հազուադէպ չեն։ Կեղծաւորութիւնը ներկայիս համատարած է մարդկային գործունէութիւններուն գրեթէ իւրաքանչիւր մարզին մէջ, ըլլայ անիկա քաղաքական, կրօնական թէ առեւտրական։ Յարմարօրէն, «կեղծաւոր» թարգմանուած յունարէն բառը կ’ակնարկէ դասախօսի մը կամ բեմի դերասանի մը, որ յաճախ դիմակ կը հագուի։ Ժամանակի ընթացքին, այս բառը սկսաւ գործածուիլ ոեւէ անհատի համար, որ ուրիշները խաբելու կամ անձնասէր շահեր հետապնդելու համար կը ձեւացնէ բան մը ըլլալ։

Կեղծաւորութեան զոհը գացողներուն մէջ կրնան յառաջանալ բացասական զգացումներ, ինչպէս՝ դառնութիւն, բարկութիւն եւ զայրոյթ։ Յուսախաբ վիճակի մէջ, անոնք թերեւս հարց տան. «Կեղծաւորութիւնը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞»։ Երախտապարտ ենք որ Աստուծոյ Խօսքը վաւերական պատճառներ կու տայ հաւատալու թէ անիկա վերջ պիտի գտնէ՛։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆ ԿԵՂԾԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԴԻՏԵՆ

Ըստ Աստուածաշունչին, կեղծաւորութիւնը սկիզբ առաւ ո՛չ թէ մարդոցմէ, այլ անտեսանելի հոգեղէն արարածէ մը։ Մարդկութեան պատմութեան սկիզբը, Բանսարկու Սատանան օձ մը գործածեց որպէս դիմակ եւ ինքզինք բարերար ձեւացուց, որպէսզի առաջին կինը՝ Եւան խաբէ (Ծննդոց 3։1-5)։ Անկէ ի վեր, շատեր նմանապէս իրենք զիրենք ձեւացուցած են ըլլալ բան մը որ իրենք չեն, ուրիշները խաբելու եւ անձնական շահեր հետապնդելու համար։

Երբ անցեալին իսրայէլ ազգը սուտ պաշտամունքի եւ հոգեւոր կեղծաւորութեան ծուղակին մէջ ինկաւ, Աստուած կրկին անգամ զիրենք զգուշացուց հետեւանքներէն։ Եհովա Աստուած Եսայի մարգարէին միջոցաւ ըսաւ. «Այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ, բայց անոնց սիրտը ինծմէ հեռու է» (Եսայի 29։13)։ Երբ այդ ազգը իր ճամբաներէն ետ չդարձաւ, Աստուած թոյլ տուաւ որ Իսրայէլի կրօնական կեդրոնը՝ Երուսաղէմն ու անոր տաճարը կործանուէր օտար զօրքերու կողմէ,– նախ բաբելոնացիներուն կողմէ՝ Ք.Ա. 607–ին, եւ ի վերջոյ հռոմէական զօրքերուն կողմէ՝ Ք.Ե. 70–ին։ Ուստի յստակ է որ Աստուած կեղծաւորութիւնը բնաւ չի հանդուրժեր։

Միւս կողմէ, Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս մեծապէս կ’արժեւորեն անոնք, որոնք պարկեշտ եւ անկեղծ են։ Օրինակ, Յիսուսի ծառայութեան սկիզբը, Նաթանայէլ անունով տղամարդ մը իրեն մօտեցաւ։ Զինք տեսնելով, Յիսուս բացագանչեց. «Ահա իրաւցնէ Իսրայելացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ» (Յովհաննէս 1։47)։ Նաթանայէլ, որ նաեւ Բարթողիմէոս կը կոչուէր, Յիսուսի 12 առաքեալներէն մէկը դարձաւ (Ղուկաս 6։13-16

Յիսուս իր հետեւորդներուն հետ ժամանակ անցուց, եւ Աստուծոյ մտածելակերպը սորվեցուց իրենց։ Անոնք պէտք չէր կեղծաւոր ըլլային։ Առ ի զգուշացում, Յիսուս ուժգնօրէն դատապարտեց այդ ատենուան կրօնական առաջնորդներուն կեղծաւոր սովորութիւնները։ Նկատի առ ատոնցմէ ոմանք։

Անոնք իրենց ըրած «արդարութիւն»ը մարդոց կը ցուցադրէին։ Յիսուս իր ունկնդիրներուն ըսաւ. «Զգոյշ եղէք որ ձեր ողորմութիւնը [«արդարութիւնը», ՆԱ] մարդոց առջեւ չընէք՝ անոնց երեւնալու համար. . . ինչպէս կեղծաւորները. . . կ’ընեն»։ Ան նաեւ անոնց ըսաւ որ «գաղտուկ» ողորմութիւն ընեն։ Հարկ էր որ անոնք աղօթէին գաղտուկ տեղ մը, եւ ո՛չ թէ աչքի զարնող վայրերու մէջ։ Այն ատեն էր որ անոնց պաշտամունքը անկեղծօրէն մատուցուած պիտի ըլլար եւ Յիսուսի Հայրը զայն պիտի արժեւորէր (Մատթէոս 6։1-6

Անոնք քննադատելու մէջ արագ էին։ Յիսուս ըսաւ. «Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու» (Մատթէոս 7։5)։ Երբ անհատ մը ուրիշներու սխալները իրենց ուշադրութեան կը յանձնէ, մինչ ինք աւելի մեծ սխալներ ունի, ան կը ձեւացնէ ըլլալ բան մը որ չէ։ Քանի որ իրականութեան մէջ, ‘ամէնքը մեղք գործած են եւ Աստուծոյ փառքէն պակսած են’ (Հռովմայեցիս 3։23

Անոնք սխալ շարժառիթներ ունէին։ Առիթով մը, փարիսեցիներուն աշակերտները եւ Հերովդէսեանները Յիսուսի մօտեցան տուրքի շուրջ հարցում մը ուղղելու համար։ Անոնք կեղծաւորութեամբ Յիսուսի ըսին. «Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես»։ Ապա անոնք որոգայթ մը լարեցին հետեւեալ հարցումը հարցնելով. «Պէ՞տք է Կայսրին տուրք տալ թէ ոչ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք, կե՛ղծաւորներ»։ Յիսուս արդարացիօրէն զանոնք կեղծաւոր կոչեց, քանի որ անոնք այդ հարցումին պատասխանը չէին փնտռեր, հապա կը փորձէին ‘որոգայթ մը լարել խօսքով’ (Մատթէոս 22։15-22

Ճշմարիտ քրիստոնեաները «սուրբ սրտով ու բարի խղճմտանքով եւ անկեղծ հաւատքով» սէր ի գործ կը դնեն (Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1։5)

Երբ քրիստոնէական ժողովքը հաստատուեցաւ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, ճշմարտութեան եւ անկեղծութեան մթնոլորտ մը տիրեց։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները ծանր աշխատեցան իրենց անձնաւորութենէն արմատախիլ ընելու որեւէ կեղծաւոր հակում։ Օրինակ, Պետրոս՝ 12 առաքեալներէն մէկը, իր հաւատակիցները քաջալերեց որ ‘ճշմարտութեանը հնազանդին, եղբայրսիրութեան մէջ անկեղծ ըլլալով’ (Ա. Պետրոս 1։22)։ Պօղոս առաքեալ իր աշխատակիցները յորդորեց որ «սուրբ սրտով ու բարի խղճմտանքով եւ անկեղծ հաւատքով» սէր ի գործ դնեն (Ա. Տիմոթէոս 1։5

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Յիսուսի եւ իր առաքեալներուն ուսուցումները, ներկայիս նոյնքա՛ն զօրեղ են որքա՛ն առաջին դարուն։ Ասոր առնչութեամբ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները» (Եբրայեցիս 4։12)։ Աստուածաշունչի ուսուցումները գիտնալով եւ ջանալով անոնց հետ ներդաշնակ ապրիլ, շատեր կրցած են կեղծաւորութենէ դադրիլ եւ անկեղծութեան ու պարկեշտութեան հետամուտ ըլլալ։ Նկատի առ սկիզբը նշուած երեք անհատներուն փորձառութիւնները։

«Հոն տեսայ թէ մարդիկ իսկական սէր եւ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան ընկեր մարդ արարածին հանդէպ» (ԲԱՆԱՅՈԹԱ)

Բանայոթայի կեանքը ամբողջովին փոխուեցաւ, երբ Եհովայի վկաներուն մէկ ժողովքային հանդիպումին ներկայ գտնուելու հրաւէրը ընդունեց։ Ան նկատեց թէ հոն մարդիկ արդարութիւն չէին ցուցադրեր ուրիշները տպաւորելու համար։ Ան կ’ըսէ. «Հոն տեսայ թէ մարդիկ իսկական սէր եւ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան ընկեր մարդ արարածին հանդէպ. բան մը՝ որ չէի տեսած բոլոր այն տարիներուն երբ քաղաքականութեան մէջ գործունեայ էի»։

Բանայոթա սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ յառաջդիմելով մկրտութեան հասաւ։ Ասիկա պատահեցաւ 30 տարի առաջ։ Ան այժմ կ’ըսէ. «Կեանքս իսկական իմաստ ստացաւ ո՛չ թէ երբ տունէ տուն գացի քաղաքական կուսակցութեան թիկունք կանգնելու համար, այլ՝ երբ սկսայ քարոզել Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, որ արդար աշխարհ մը ունենալու միակ կերպն է»։

«Չէի կրնար կեանքս շարունակել, թոյլ տալով որ հաւատակիցներս խորհին թէ բան մըն եմ, որ իրականութեան մէջ չեմ» (ՏԱՆԻԷԼ)

Տանիէլ քրիստոնէական ժողովքին մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրեց եւ իրեն որոշ պատասխանատուութիւններ տրուեցան։ Քանի մը տարի ետք, ան սխալ դատողութիւն մը ըրաւ եւ իր խիղճը սկսաւ զինք տանջել։ Ան կ’ըսէ «Տարիներ առաջ եկեղեցիին մէջի կեղծաւորութիւնը մտաբերելով, զգացի թէ պէ՛տք է որ ծառայութեան առանձնաշնորհումներէս հրաժարիմ։ Չէի կրնար կեանքս շարունակել, թոյլ տալով որ հաւատակիցներս խորհին թէ բան մըն եմ, որ իրականութեան մէջ չեմ»։

Ուրախ ենք որ սրբագրութենէն ժամանակ մը ետք, Տանիէլ զգաց թէ այլեւս կրնայ իր ծառայութեան առանձնաշնորհումները բարի խղճմտանքով վերստանալ, եւ ժողովքի մէջ պատասխանատուութիւնները ուրախութեամբ դարձեալ ընդունեց։ Այս պարկեշտութիւնը ունին անոնք, որոնք անկեղծութեամբ Աստուծոյ կը ծառայեն։ Անոնք կը սորվին նախքան իրենց եղբօր աչքին ‘շիւղը հանելը’, իրենց աչքէն ‘գերանը հանել’։

«Այլեւս չէի կրնար ըլլալ այն խորամանկ եւ արագախօս վաճառորդը. . . Խիղճս ազդուած էր» (ՃԷՖՐԻ)

Ճէֆրին, որ իր կեանքը առեւտրական աշխարհին մէջ անցուց, ըսաւ. «Մինչ Աստուածաշունչի գիտութիւնս կ’աւելնար, անդրադարձայ որ այլեւս չէի կրնար ըլլալ այն խորամանկ եւ արագախօս վաճառորդը, որ համաձայնագիր մը ապահովելու համար պատրաստ էր որեւէ բան ըսելու։ Խիղճս ազդուած էր Աստուածաշունչի համարներով, ինչպէս՝ Առակաց 11։1–ը, որ կը նշէ թէ ‘նենգուած կշիռքը Տէրոջը առջեւ պիղծ է’։ Արդարեւ տուրքի մասին հարցնողներուն հակառակը, Ճէֆրին սորվեցաւ որ թէ՛ հաւատակիցներու եւ թէ անհաւատներու հետ առանց յետին շարժառիթներ ունենալու պէտք է վարուի։

Աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր Եհովայի վկաներ կը ջանան Աստուածաշունչէն իրենց սորվածը կիրարկել։ Անոնք շատ ջանք կը թափեն որ ‘նոր մարդը իրենց վրայ հագնին, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’ (Եփեսացիս 4։24)։ Քեզ կը քաջալերենք որ գիտնաս թէ Եհովայի վկաները ո՛վ են, ի՛նչ բանի կը հաւատան եւ ինչպէ՛ս կրնան քեզի օգնել որ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մասին իմանաս։ Հոն ‘արդարութիւնը պիտի բնակի’ եւ ա՛լ կեղծաւորութիւն պիտի չըլլայ (Բ. Պետրոս 3։13