Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք (վիտէօներ)

Հանրապէս կարդալու եւ սորվեցնելու ձիրքեր զարգացուր։

ԴԱՍ 1

Հետաքրքրական բացում պատրաստել

Ինչպէ՞ս կրնաս քեզի մտիկ ընողներուն մէջ քեզ լսելու փափաք արթնցնել։

ԴԱՍ 2

Բնական եւ անկեղծ ոճով խօսիլ

Ի՞նչ կրնաս ընել որ խօսած ատենդ քեզի մտիկ ընողները հանգիստ զգան։

ԴԱՍ 3

Հարցումներ գործածել

Ինչպէ՞ս կրնաս հարցումներ գործածել, քեզի մտիկ ընողներուն հետ տրամաբանելու, զանոնք հետաքրքրուած պահելու եւ կարեւոր կէտերը շեշտելու համար։

ԴԱՍ 4

Համար կարդալէ առաջ՝ գետին պատրաստել

Ինչպէ՞ս կրնաս գետին պատրաստել, համար կարդալէ առաջ, որ քեզի մտիկ ընողները շատ լաւ օգտուին ատկէ։

ԴԱՍ 5

Ճիշդ կերպով կարդալ

Ի՞նչ կերպերով կրնաս ճիշդ էջին վրայ գրուածը բարձրաձայն կարդալ։

ԴԱՍ 6

Համարին կիրարկումը յստակացնել

Համար մը կարդացած ժամանակդ եւ ատկէ ետք ի՞նչ պէտք է ընես, որպէսզի քեզի մտիկ ընողը հասկնայ թէ ինչո՛ւ կը կարդաս այդ համարը։

ԴԱՍ 7

Ճշգրիտ տեղեկութիւն փոխանցել

Ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ որ ճշգրիտ տեղեկութիւններ կը փոխանցես։

ԴԱՍ 8

Օրինակներ գործածել

Ինչպէ՞ս կրնաս ազդու օրինակներ գործածել, Մեծ Ուսուցիչին պէս։

ԴԱՍ 9

Վիտէօ եւ պատկեր գործածելով սորվեցնել

Ինչպէ՞ս կրնաս պատկերներ, գծագրութիւններ, քարտէսներ կամ ուրիշ բաներ գործածել, որպէսզի մտիկ ընողներուն օգնես, որ գլխաւոր կէտերը հասկնան։

ԴԱՍ 10

Ձայներանգ ունենալ

Ինչպէ՞ս կրնաս ձայներանգ ունենալով գաղափարները յստակ կերպով փոխանցել եւ քեզի մտիկ ընողներուն զգացումները շարժել։

ԴԱՍ 11

Խանդավառութեամբ խօսիլ

Խանդավառ ըլլալը ինչպէ՞ս քեզի մտիկ ընողները կը քաջալերէ եւ գործի կը մղէ։

ԴԱՍ 12

Սրտանց խօսիլ եւ կարեկցիլ

Ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ որ կարեկցութեամբ խօսիս։

ԴԱՍ 13

Նիւթին գործնական ըլլալը յստակացնել

Ինչպէ՞ս կրնաս նիւթ մը ներկայացնել այնպէս մը, որ քեզի մտիկ ընողները անոր գործնական ըլլալը հասկնան եւ քայլեր առնեն։

ԴԱՍ 14

Գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնել

Գլխաւոր կէտերդ աչքառու դարձնելով քեզի մտիկ ընողներուն օգնէ, որ քեզի հետեւին, հասկնան եւ յիշեն ըսածներդ։

ԴԱՍ 15

Համոզումով խօսիլ

Ինչպէ՞ս կրնաս համոզումով խօսիլ, երբ դասախօսութիւն կու տաս կամ երբ ծառայութեան մէջ ես։

ԴԱՍ 16

Շինիչ եւ դրական ըլլալ

Ի՞նչ երեք բաներ պէտք է ընենք որ կարենանք խօսիլ այնպէս մը՝ որ ուրիշներուն կ’օգնէ եւ յոյս կու տայ։

ԴԱՍ 17

Նիւթը հասկնալի կերպով ներկայացնել

Ի՞նչ պէտք չէ ընես, որպէսզի քեզի մտիկ ընողները ըսածներուդ իմաստը հասկնան։

ԴԱՍ 18

Արժէքաւոր տեղեկութիւն տալ

Ինչպէ՞ս կրնաս քեզի մտիկ ընողին օգնել, որ նիւթին մասին մտածէ եւ զգայ որ շատ կարեւոր բան մը սորվեցաւ։

ԴԱՍ 19

Ջանալ սրտին հասնիլ

Ինչպէ՞ս կրնաս քեզի մտիկ ընողներուն օգնել, որ ուզեն լաւ բան մը ընել։

ԴԱՍ 20

Լաւ եզրափակել

Նիւթին եզրափակումը ի՞նչ պէտք է իրագործէ թէ՛ ժողովքին մէջ եւ թէ ծառայութեան մէջ։

Թերեւս քեզ հետաքրքրէ

ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ

Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք

Այս գրքոյկը պատրաստուած է քեզի օգնելու որ հմտանաս կարդալու, խօսելու եւ սորվեցնելու մէջ։