Անցնիլ բովանդակութեան

Բեթէլի մէջ շրջագայութիւն

Քեզ ջերմօրէն կը հրաւիրենք որ շրջագայիս մեր մասնաճիւղերուն մէջ, որոնք կը կոչուին Բեթէլ։

Կարգ մը մասնաճիւղեր ունին ցուցասրահներ, ուր կրնաս առանձին շրջագայիլ։

Շրջագայութիւնները կը վերսկսին։ Շատ մը երկիրներու մէջ, մեր մասնաճիւղերուն մէջ շրջագայութիւնները պիտի վերսկսին՝ 1 յունուար 2023-էն սկսեալ։ Աւելի մանրամասնութիւններ առնելու համար, կապ պահէ այն մասնաճիւղին հետ, ուր կ’ուզես շրջագայիլ։ Կը խնդրենք որ մեր մասնաճիւղերը չայցելես, եթէ ՔՈՎԻՏ-19 ժահրով վարակուած ես, կը զգաս որ հարբուխ ես կամ պաղ առած ես կամ ալ վերջերս կապի մէջ էիր մէկու մը հետ, որ ՔՈՎԻՏ-19 ունէր։

Հարաւային Ափրիկէ

Շրջագայութեան մասին տեղեկութիւններ

Ժամադրութիւն առնել

Ժամադրութիւնները տեսնել կամ փոխել

Բեռնել շրջագայութեան գրքոյկ

Ցուցասրահներ

Այցելուներու կեդրոն (Տուն)։ Շարք մը վիտէօներ կը ցուցնեն, թէ բեթէլականները վարագոյրին ետեւ ի՛նչ աշխատանքներ կը տանին եւ թէ Բեթէլը ինչպէ՛ս կ’աջակցի մեր պաշտամունքին։

Այցելուներու կեդրոն (Տպարան 2)։ Վիտէօները կը բացատրեն, թէ որքա՛ն արժէք ունի բնիկ լեզուներով հրատարակութիւններ թարգմանելը եւ տպելը։ Ընդարձակ պատուհանէ մը կրնաք տեսնել մեր հսկայ տպագրամեքենաները։ Աստուածաշունչի ցուցասրահ մը կը պատմէ Աստուծոյ անուան գործածութեան մասին, Աստուածաշունչի որոշ բնիկ լեզուներու թարգմանութիւններուն մէջ։

Այցելուներու կեդրոն (Տպարան 3)։ Բարձր տեղէ մը կրնաք տեսնել ամբողջ առաքման յարկաբաժինը, ինչպէս նաեւ՝ պաստառ մը որ ցոյց կու տայ, թէ հրատարակութիւններու տուփերը ո՛ւր կը ղրկուին։ Վիտէօները կը բացատրեն Թագաւորութեան սրահի շինարարութիւնը, առաքման գործը եւ լսատեսողական հրատարակութիւններու արտադրութիւնը։

Յաւելեալ տեղեկութիւն։ Մէկ այցելուներու կեդրոնէն միւսը փոխադրուելու համար, յատուկ պասեր տրամադրուած են։ «Այցելուներու հանգստավայր»ին մէջ, այցելուները կրնան ճաշել։

Հասցէ եւ հեռաձայնի թիւ

Վայրը գտնել