Անցնիլ բովանդակութեան

Տարեկան ժողովի տեղեկագրութիւն

«Աստուածաշունչը գանձ է»

Տարեկան ժողովի տեղեկագրութիւն

Շաբաթ 5 հոկտեմբեր եւ կիրակի 6 հոկտեմբեր 2013–ին, ԱՄՆ–ի Նիւ Ճըրզի նահանգի Ճըրզի Սիթիի Եհովայի վկաներու Համաժողովի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութեան 129–րդ տարեկան ժողովը։ Յայտագիրը ունկնդրեցին 1,413,676 անհատներ 31 երկիրներու մէջ։ Անոնցմէ ոմանք այդ սրահին մէջ ներկայ էին, իսկ ուրիշներ համացանցային հեռարձակման միջոցաւ յայտագրին հետեւեցան։

Կայ Փիրսը,– որ Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի անդամ է,– ժողովին ատենապետն էր։ Ան ունկնդիրներուն հետաքրքրութիւնը արթնցուց՝ զիրենք վստահեցնելով որ յայտագիրը Աստուածաշունչի կարեւոր հարցումներու պիտի պատասխանէր, ճշմարտութեան լոյսը աւելի՛ պիտի պայծառացնէր եւ «ատենին» հոգեւոր կերակուր պիտի հայթայթէր (Մատթէոս 24։45. Առակաց 4։18

«Եհովան պատուող ցուցահանդէս մը»։

Կառավարիչ մարմինի անդամ՝ Մարք Սէնտերսըն, մանրամասնութիւններ տուաւ «Աստուածաշունչը եւ Աստուծոյ անունը» խորագրով նոր ցուցահանդէսի մը մասին, որ կը գտնուի Վկաներուն կեդրոնատեղիին մէջ, Պրուքլին, Նիւ Եորք (ԱՄՆ)։ Ցուցահանդէսը կ’ընդգծէ թէ Աստուծոյ անունը ունի իր հաստատ տեղը թէ՛ Եբրայերէն Գրութիւններուն եւ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ։ Ցուցահանդէսին մէջ ցուցադրուած են բազմաթիւ հին Աստուածաշունչեր, հին ձեռագիրներու կրկնօրինակներ եւ Աստուածաշունչի էջեր՝ Միջին դարերէն։

Աչքառու հաւաքածոն կ’ընդգրկէ էջեր 16–րդ դարու Աստուածաշունչի թարգմանութենէն, Ուիլիամ Թինտէյլի կողմէ։ Ան Աստուածաշունչի առաջին թարգմանիչն էր որ Աստուծոյ անունը թարգմանեց անգլերէնով։ Կայ նաեւ էջ մը սպաներէն Աստուածաշունչէ մը (1602–ի հրատարակութիւն), որ ճանչցուած է որպէս՝ Ռենա–Վալերա Աստուածաշունչ։ Անիկա Աստուծոյ անունը յարատեւաբար կը թարգմանէ՝ «Iehova»։ Նաեւ ցուցադրուած են հետեւեալները. անգլերէն Աստուածաշունչ մը, որ ճանչցուած է որպէս՝ Մեծ Աստուածաշունչ (1549–ի հրատարակութիւն), Էլիաս Հութերի 12 լեզուներով Աստուածաշունչը (1599–ի հրատարակութիւն, նաեւ կը կոչուի՝ Նուրեմպերկի բազմալեզու թարգմանութիւն) եւ Ժընեւի Աստուածաշունչ (1603–ի հրատարակութիւն)։ Երեքն ալ Աստուծոյ անունը կը գործածեն։

Եղբայր Սէնտերսըն բոլորը հրաւիրեց որ Աստուածաշունչի ցուցահանդէսը տեսնեն՝ ըսելով. «Կ’աղօթենք... որ անիկա օգնէ ազնուասիրտ անհատներուն,– ինչ որ ալ ըլլայ անոնց տարիքը եւ ուսման մակարդակը,– որ սիրեն այն երկու բաները որ բոլորս կը սիրենք. Աստուծոյ թանկարժէք Խօսքը՝ Աստուածաշունչը եւ Անոր փառաւոր անունը՝ ‘Եհովա’»։

2014–ի տարուան համարը։

Կառավարիչ մարմինի անդամ՝ Կէրիթ Լօշ այդ շաբթուան Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ամփոփումը ներկայացուց։ Անկէ ետք, եղբայր Փիրս յայտարարեց թէ 2014–ի տարուան համարն է՝ «Քու թագաւորութիւնդ գայ» (Մատթէոս 6։10)։ Ճիշդ է որ անիկա միշտ յարմար համար պիտի ըլլայ Եհովայի վկաներուն համար, բայց մասնաւորաբար յարմար է այս տարի, քանի որ 2014–ը երկնքի մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաստատման հարիւրամեակն է։

«Թանկարժէք նուէր՝ Եհովայէն»։

Ապա, բոլորը դիտեցին տեսանիւթ մը՝ Նոր աշխարհի թարգմանութեան պատմութեան մասին։ Այդ թարգմանութիւնը հրատարակուած է Եհովայի վկաներուն կողմէ եւ կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն, թէ անիկա ցարդ լաւագոյն թարգմանութիւններէն մէկն է։ 1950–ին, «Աստուածպետութեան յաւելում» բնաբանով միջազգային համաժողովին ընթացքին, երբ Նաթան Նոր յայտարարեց թէ այդ թարգմանութեան առաջին հատորը լոյս տեսած է, ներկաներուն տուաւ խրատ մը՝ որ մինչեւ օրս ի զօրու է. «Այս թարգմանութիւնը ամբողջութեա՛մբ կարդացէք, զայն ուսումնասիրեցէք։ Ուրիշներուն օգնեցէք որ զայն ուսումնասիրեն, քանի որ ասիկա իրենց պիտի օգնէ, որ Եհովայի անունը կանչեն»։

«Ուրախ յիշատակներ՝ անցեալէն»։

Կառավարիչ մարմինի անդամ՝ Սամուէլ Հըրտ ներկայացուց իր նիւթը, որ կը պարփակէր ձայնագրուած հարցազրոյց մը Միացեալ Նահանգներու Բեթէլի ընտանիքէն չորս անդամներու հետ, որոնք ներկայ էին 1950–1960 թուականներուն տեղի ունեցող համաժողովներուն, երբ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը լոյս տեսաւ վեց անջատ հատորներով։

Եունիս Թիմ պատմեց, թէ ինչպէ՛ս այդ ժամանակ ժողովներու ընթացքին Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը կը գործածէին։ Ան խորապէս կը գնահատէր փնտռտուքի միջոցները, զոր օրինակ՝ լուսանցքային յղումները։ Քանի որ իրեն համար ծանր կ’ըլլար այդ բոլոր հատորները շալկելով ժողովներու երթալ, ան ըսաւ թէ կ’առնէր միայն անոնք՝ որոնք պիտի գործածէր, ինչպէս նաեւ՝ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը, որ ունէր գրպանի չափով. այսպիսով, եթէ յանկարծ չակնկալուած համարներ կարդացուէին, ան կանխաւ պատրաստուած կ’ըլլար։

Նոր թարգմանութիւնը նաեւ ազդեց մեր պաշտամունքի այլ երեսակներուն։ Օրինակ Ֆրէտ Ռըսք պատմեց, թէ 1950–էն առաջ, երբ Բեթէլի մէջ եղբայրները ընտանիքին անունով կ’աղօթէին, կը գործածէին անգլերէն հին արտայայտութիւններ՝ առնուած Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչ–էն, ինչպէս՝ «եկեսցէ արքայութիւն քո»։ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը լոյս տեսնելէն ետք սակայն, անոնք հնամենի լեզուն լքեցին եւ իրենց հանրային աղօթքները մատուցանեցին առօրեայ խօսակցական լեզուով։

Ճոն Ուիսչուքը ոչ միայն տպաւորուած էր թարգմանութեան որակով, այլեւ՝ Աստուածաշունչի նոր աշխարհի թարգմանութեան յանձնախումբին խոնարհութեամբ։ Ան ըսաւ. «Անոնք չուզեցին որ իրենց անունները իմացուին,– ո՛չ երբ ողջ էին, ոչ ալ իրենց մահէն ետք,– քանի որ ուզեցին որ ամէն փառք Եհովա Աստուծոյ երթայ»։ Չարլզ Մոլըհէնը բոլորին զգացումները արտայայտեց, երբ ըսաւ. «Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը մեզի օգնած է որ ճշմարտութիւնը մեր սրտին մէջ ամուր պահենք եւ մեր հաւատքը զօրացնենք, որպէսզի կարենանք երթալ եւ ուրիշներուն ալ օգնել որ հաւատք կերտեն»։

«Կը լսենք որ մեր լեզուներով կը պատմեն Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին»

(Գործք 2։11)։ Կառավարիչ մարմինի անդամ՝ Ճէֆրի Ճեքսըն ներկայացուց այս դասախօսութիւնը, որուն ընթացքին յայտարարեց, թէ Նոր աշխարհի թարգմանութեան վերստուգուած տարբերակը լոյս տեսաւ։ Իր դասախօսութեան վերջաւորութեան, բոլոր ներկաները, ինչպէս նաեւ անոնք՝ որոնք համացանցային հեռարձակման միջոցաւ կը հետեւէին յայտագրին, այդ Աստուածաշունչէն օրինակ մը ստացան։

Եղբայր Ճեքսըն նշեց, թէ Նոր աշխարհի թարգմանութեան առաջին հատորին լոյս տեսնելուն վրայ աւելի քան 60 տարի անցած է։ Մինչ այդ, անգլերէն լեզուն փոխուած է, բայց Աստուածաշունչը թարգմանելու աշխատանքին նպատակը չէ փոխուած։ Մենք կ’ուզենք Աստուծոյ Խօսքը կարելի եղածին չափ բառացիօրէն թարգմանել՝ առա՛նց անոր իմաստը աղաւաղելու։

2005–ին, Կառավարիչ մարմինը աւելի մեծ շեշտ դրաւ Աստուածաշունչը տարբեր լեզուներով թարգմանելու կարեւորութեան վրայ։ Անկէ ի վեր, այն լեզուներուն թիւը, որոնցմով Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը լոյս տեսած է, 52–էն 121–ի բարձրացած է. իսկ այժմ անիկա 45 այլ լեզուներու կը թարգմանուի։ Թարգմանութեան ընթացքին, թարգմանիչները հարցումներ ուղղած են որոշ բառերու կամ նախադասութիւններու նկատմամբ։ Մինչեւ օրս, աւելի քան 52,000 հարցումներ ղրկուած եւ պատասխանուած են։ Այս հարցումները ի յայտ բերած են, թէ անգլերէն բնագիրն ալ պէտք է վերստուգուի եւ արդիականացուի։

Օրինակ, եղբայր Ճեքսըն բացատրեց, թէ Նոր աշխարհի թարգմանութեան նախկին անգլերէն հրատարակութիւնները Ա. Թագաւորաց 14։11–ը այնպէս մը թարգմանեցին, որ կարծես թէ Յովնաթանը եւ իր զէնքերը կրող պատանին «փղշտացիներու պահապան զօրքին առջեւ մերկացան»։ Սխալ հասկացողութենէ խուսափելու համար, վերստուգուած անգլերէն թարգմանութիւնը կ’ըսէ, թէ անոնք «փղշտացիներու պահապան զօրքին երեւցան»։ Նմանապէս, Միքիա 2։6–ը նախապէս բառացիօրէն կ’ըսէր. «Թոյլ մի՛ տաք որ ձեր խօսքերը կաթին։ Անոնք կը ձգէին որ իրենց խօսքերը կաթին»։ Այս համարը այժմ կ’ըսէ. «‘Մի՛ քարոզէք’, անոնք կը քարոզեն»։

Հինգ տարի առաջ, Կառավարիչ մարմինը նշանակեց յանձնախումբ մը, որ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը վերստուգէ, եւ այդ աշխատանքին արդիւնքները այժմ կը տեսնենք։ Վերստուգուած Աստուածաշունչը գրաւիչ եւ դիւրընթեռնլի է, եւ վախ չկայ որ շատ գործածուելուն առ ի հետեւանք փտի։ Եղբայր Ճեքսըն յայտարարեց, թէ շուտով Աստուածաշունչին մեծ չափն ու գրպանի չափը պիտի հրատարակուին։

«Ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել»։

Կառավարիչ մարմինի անդամ՝ Սթէֆըն Լէթ վերստուգուած Աստուածաշունչին յաւելեալ առանձնայատկութիւնները ներկայացուց, իր նիւթը հիմնելով Բ. Տիմոթէոս 2։15–ին վրայ։ «Շիտակ բացատրել» արտայայտութիւնը այս համարին մէջ բառացիօրէն կը նշանակէ «ուղիղ կտրել»։ Կ’ուզենք «Հոգիին սուրը» գործածել այնպիսի կերպով մը, որ ուղիղ ըլլայ եւ ամբողջովին ճշգրիտ (Եփեսացիս 6։17)։ Ապա եղբայր Լէթ ցոյց տուաւ, թէ վերստուգուած Աստուածաշունչին յաւելեալ առանձնայատկութիւնները այս ուղղութեամբ ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնեն։

  1. Առաջին մասը, որուն բնաբանն է՝ «Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ», կը բովանդակէ Աստուածաշունչի համարներ, որոնք Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն վերաբերող 20 հարցումներու կը պատասխանեն։

  2. «Ա. Յաւելուած»ը կը խօսի վերստուգուած տարբերակին առանձնայատկութիւններուն մասին, զոր օրինակ՝ անոր ոճն ու բառագիտութեան փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Աստուծոյ անուան առնչուած որոշ մանրամասնութիւններ։

  3. «Բ. Յաւելուած»ը բաղկացած է 15 գունաւոր մասերէ, որոնք կը բովանդակեն քարտէսներ եւ ուրուագիրներ։ Անոնք անձնական ուսումնասիրութեան կամ ուրիշներուն սորվեցնելու համար շատ օգտակար են։

  4. Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր գրքի սկիզբը ամփոփ տեղեկութիւն կայ գրքին մասին. ասիկա ընթերցողին թոյլ կու տայ, որ իր փափաքած հատուածը շուտով գտնէ։ Այս երեսակը կը փոխարինէ իւրաքանչիւր էջի վերը դրուած խորագիրները, որոնք նախորդ հրատարակութիւններուն մէջ կային։

  5. «Բառարան»ը կ’օգնէ գտնելու Աստուածաշունչին մէջ գործածուած հարիւրաւոր բառերու հակիրճ բացատրութիւնը։

  6. «Աստուածաշնչական բառերու ցանկը» բաւական կրճատուած է։ Անիկա կը բովանդակէ միայն բառեր եւ համարներ, որոնք ամէնէն շատ կը գործածուին քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ։

  7. Լուսանցքային յղումները, որոնք կը գտնուին իւրաքանչիւր էջի մէջտեղի սիւնակին մէջ, դարձեալ նուազած են։ Այժմ անոնք կը բովանդակեն միայն այն բացատրութիւնները, որոնք ծառայութեան ընթացքին շատ օգտակար կ’ըլլան։

  8. Ստորանիշներուն մէջ կ’երեւին տուեալ բառի մը կամ արտայայտութեան մը բառացի կամ մէկ այլ թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ լրացուցիչ մանրամասնութիւններ։

ԵՎ Գրադարան (JW Library)։

Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամ՝ Ճոն Էքրան ներկայացուց նոր ԵՎ Գրադարան գործիքը ելեկտրոնային սարքերու համար, ինչպէս՝ խելացի հեռաձայններ (smartphones) եւ դիւրակիր համակարգիչներ (tablets)։ Այս գործիքին մէջ կարելի է գտնել վերստուգուած Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը, ինչպէս նաեւ՝ Աստուածաշունչի 5 այլ թարգմանութիւններ։ Անիկա ձրիաբար մատչելի դարձաւ 7 հոկտեմբեր 2013–ին, գլխաւոր ելեկտրոնային խանութներու (app stores) միջոցաւ։

«Աստուծոյ Խօսքը թարգմանել այնպէս մը, որ ճշգրիտ իմաստը հաղորդէ»։

Կառավարիչ մարմինի անդամ՝ Էնթընի Մորիս յաւելեալ կերպով բացատրեց, թէ Աստուածաշունչի նոր աշխարհի թարգմանութեան յանձնախումբը ո՛ր սկզբունքներով առաջնորդուեցաւ, մինչ վերստուգուած տարբերակը կը պատրաստէր։ Ա. Կորնթացիս 14։8, 9–ի սկզբունքին վրայ հիմնուելով, յանձնախումբը ուզեց վստահ ըլլալ, թէ վերստուգուած Աստուածաշունչը դիւրահասկնալի պիտի ըլլար։ Որոշ տեղեր, ուր բառացի թարգմանութիւնը Աստուածաշունչին իմաստը անհասկնալի պիտի դարձնէր, փոխարինուեցաւ իմաստային թարգմանութեամբ։

Օրինակ, Ծննդոց 31։20–ի բառացի թարգմանութիւնը պիտի կարդացուէր. «Յակոբ Լաբանի սիրտը գողցաւ»։ Բայց հոս գործածուած եբրայերէն յատկաբանութիւնը անգլերէնէն տարբեր է. անոր համար, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը այս արտայայտութիւնը հետեւեալ կերպով կը թարգմանէ. «Յակոբ Լաբանը խաբեց»։ Համանման կերպով, Ա. Կորնթացիս 7։39–ի բառացի թարգմանութիւնը պիտի նշանակէր, թէ կին մը կրնար այլ տղամարդու հետ ամուսնանալ, եթէ իր ամուսինը «քնանայ»։ Քանի որ Սուրբ Գիրքը երբեմն «քնանալ» բառը կը գործածէ ակնարկելու համար մահուան քունին, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը կ’օգնէ ընթերցողին որ չշփոթի. անիկա «քնանայ» բառին փոխարէն կը գործածէ «մահուան քունով ննջէ» արտայայտութիւնը։

«Աստուածաշունչը գրուեցաւ այն սովորական առօրեայ խօսակցական լեզուով՝ որ հողագործները, հովիւները եւ ձկնորսները կը խօսէին», ըսաւ եղբայր Մորիս։ «Աստուածաշունչի լաւ թարգմանութիւն մը իր բովանդակած պատգամը հասկնալի կը դարձնէ անկեղծ մարդոց, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց ենթահողը»։

«‘Ախորժելի խօսքեր’ եւ ‘ճշմարտութեան ճշգրիտ խօսքեր’ գործածենք»։

Կառավարիչ մարմինի անդամ՝ Տէյվիտ Սբլէյն իր դասախօսութիւնը հիմնեց Ժողովող 12։10–ին վրայ։ Աստուածաշունչի գրողները շատ ուշադրութեամբ Աստուծոյ խորհուրդները արձանագրեցին, եւ Աստուածաշունչի նոր աշխարհի թարգմանութեան առաջին յանձնախումբը համանման ուշադրութիւն ընծայեց իր աշխատանքին։ Վերստուգուած Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը նոյն սկզբունքին կը հետեւի. «Ճշմարտութեան ճշգրիտ խօսքեր գրել» եւ Աստուծոյ պատգամը կարելի եղածին չափ յստակ եւ պարզ դարձնել։

«Բազմաթիւ անգլերէն բառեր մէկէ աւելի իմաստներ ունին», ըսաւ եղբայր Սբլէյն։ Օրինակ, Նոր աշխարհի թարգմանութեան նախկին հրատարակութիւնները Բ. Տիմոթէոս 1։13–ին մէջ գործածեցին բառ մը, որ կը նշանակէ ոչ միայն «օրինակ» կամ «նմոյշ», այլեւ «գեղագիտական ձեւ»։ Այդ պատճառով ոմանք տրամաբանած են, թէ այս համարին մէջ կը խօսուի աստուածաշնչական ուսուցումներու գեղեցիկ ձեւին մասին։ Բայց բնագրին մէջ գործածուած բառը կը նշանակէ տիպար կամ նմոյշ։ Ուստի, վերստուգուած տարբերակը այս համարը կը թարգմանէ՝ «առողջ խօսքերու նմոյշ»։

Եղբայր Սբլէյն նաեւ խօսեցաւ այն փոփոխութիւններուն մասին, որոնք կատարուեցան՝ հաշուի առնելով անգլերէն բառերուն իմաստներու փոփոխութիւնը։ Օրինակ, «ցցահարել» բառը որ Նոր աշխարհի թարգմանութեան նախկին անգլերէն հրատարակութիւններուն մէջ գործածուեցաւ՝ նկարագրելու համար Յիսուսի մահապատիժին կերպը, այժմ կը նշանակէ՝ մարմնին մէջէն սուր ցից անցընել։ Քանի որ Յիսուս այս կերպով չսպաննուեցաւ, վերստուգուած տարբերակին մէջ այս բառը թարգմանուեցաւ՝ «ցիցին գամել» (Մատթէոս 27։22, 23, 31

Եղբայր Սբլէյն եզրափակեց՝ ըսելով. «Մենք կ’աղօթենք որ վերստուգուած Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը կարդալով եւ ուսումնասիրելով Եհովային ալ աւելի մօտենաք։ Եւ թող որ ան միշտ ձեր Հայրը, Աստուածը եւ Բարեկամը ըլլայ»։

Եզրակացութիւն։

Եղբայր Փիրս Աստուածաշունչի նոր տարբերակը համեմատեց Եհովայի պատրաստած ճոխ կոչունքի կերակուրին հետ (Եսայի 25։6)։ Վերջաւորութեան, ան բոլորը հրաւիրեց որ Եհովան գովերգենք երգարանէն երգեն այս առիթին համար ամենայարմար երգը՝ «Աստուածաշունչը գանձ է» (երգ 114)։