Եհովայի վկաներու մասնաճիւղեր իրարու կը միացուին
Սեպտեմբեր 2012–էն սկսեալ, Եհովայի վկաներու աւելի քան 20 մասնաճիւղերու վերատեսչութիւնը վստահուեցաւ աւելի մեծ մասնաճիւղերու։
Ասկէ զատ, Մակեդոնիոյ եւ Սերպիոյ մէջ նոր մասնաճիւղեր հաստատուեցան։ Այս փոփոխութիւններուն համար երկու գլխաւոր պատճառներ կան։
1. Արհեստագիտութիւնը պարզացուցած է աշխատանքը
Վերջին տարիներուն, հաղորդակցութեան եւ տպագրական արհեստագիտութեան մէջ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը կարգ մը մասնաճիւղերու անձնակազմին թիւը նուազեցուցած է։ Այսպիսով, մատչելի եղած են սենեակներ, ուր կրնան բնակիլ անոնք, որոնք կ’աշխատէին այլ երկիրներու փոքր մասնաճիւղերու մէջ։
Այժմ, իւրաքանչիւր մեծ մասնաճիւղի մէջ կան աւելի մեծ թիւով փորձառու Վկաներ, որոնք Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած կրթական գործունէութեան հոգ կը տանին։ Օրինակ, Բանամայի, Կուաթեմալայի, Հոնտուրասի, Նիքարակուայի, Սալվատորի եւ Քոսթա Ռիքայի մէջ տեղի ունեցող քարոզչական գործունէութիւնը Մեքսիքայի մասնաճիւղին վերակացութեան ներքեւ եկաւ։ Առ ի արդիւնք, այդ վեց երկիրներուն մէջ գտնուող մասնաճիւղերը փակուեցան։
Այս վեց մասնաճիւղերէն քառասուն Վկաներ վերանշանակուեցան Մեքսիքայի մասնաճիւղին մէջ։ Իսկ շուրջ 95 ուրիշներ մնացին իրենց երկիրներուն մէջ, ուր լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեցին։
Այլ Վկաներ,– որոնք նախապէս կը ծառայէին Կեդրոնական Ամերիկայի վերոնշեալ երկիրներու մասնաճիւղերուն մէջ,– սկսան աշխատիլ թարգմանութեան գրասենեակներու մէջ՝ Մեքսիքայի մասնաճիւղին վերակացութեան ներքեւ։ Օրինակ Բանամայի մէջ, շուրջ 20 Վկաներ Դիտարանի հրատարակութիւնները կը թարգմանեն բնիկ լեզուներու։ Կուաթեմալայի նախկին մասնաճիւղին մէջ, այժմ 16 Վկաներ հրատարակութիւններ կը թարգմանեն չորս տեղական լեզուներու։ Հետեւաբար, վերակազմակերպելու ջանքերուն շնորհիւ, Կեդրոնական Ամերիկայի մասնաճիւղերու անդամներուն թիւը 300–էն շուրջ 75–ի իջաւ։
2. Քարոզչութեան աւելի ժամանակ կը տրամադրուի
Մասնաճիւղերու այս միաձուլման պատճառաւ, փոքր մասնաճիւղերու մէջ նախապէս աշխատող որակեալ ծառաներ, այժմ կրնան բարի լուրի քարոզչութեան վրայ կեդրոնանալ։
Ափրիկէէն Վկայ մը, որ վերանշանակուեցաւ քարոզչական դաշտին մէջ, գրեց. «Առաջին քանի մը ամիսներուն նոր պարագաներուս յարմարելու դժուարութիւն ունեցայ։ Սակայն ամէն օր քարոզելը աննկարագրելի ուրախութիւն եւ օրհնութիւններ բերաւ։ Ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեմ 20 անհատներու հետ, որոնցմէ ոմանք ժողովներու կու գան»։