Անցնիլ բովանդակութեան

Անձնասպանութեան մը առաջքը կ’առնուի

Անձնասպանութեան մը առաջքը կ’առնուի

Կրահամ Պրաունը՝ 80 տարեկան Եհովայի վկայ մը, կրցաւ համոզել մտային խանգարում ունեցող տղամարդ մը, որ ինքզինք վար չնետէ Sky Tower–էն,– աշտարակ մը Օքլէնտի մէջ, Նոր Զելանտա։ Կրահամ կ’ըսէ. «Մարդը ուզեց Եհովայի վկայի մը հետ խօսիլ, եւ ոստիկանը օգնութեան համար՝ ինծի հեռաձայնեց։

«Sky Tower–ին անձնակազմը ինծի ապահովութեան տարազ հագցուց եւ Աստուածաշունչս երկար պարանով մը կապեց։ Յետոյ ոստիկանը ինծի հանեց աշտարակին բացօթեայ տեղը, որ գետնէն 192 մեթր բարձր էր։ Այդտեղ շատ պաղ հով կը փչէր։ Մարդը, որ կը սպառնար ինքզինք վար նետել, ինձմէ քիչ մը անդին նեղ առանցքի մը մէջ նստած էր՝ ոտքերը օդին մէջ կախուած։

«Բարձր ձայնով ըսի, որ ես Եհովայի վկայ մըն եմ եւ կ’ուզեմ իրեն օգնել։ Յետոյ լռելեայն աղօթելէ ետք, Սուրբ Գիրքս բացի եւ սկսայ իրեն խօսիլ։

«Խօսեցայ կեանքի սրբութեան մասին, որ մեր Թագաւորութեան սրահին մէջ վերջերս տուած դասախօսութեանս նիւթն էր։

«Ըսի. ‘Աստուծոյ աչքին դուն թանկագին ես եւ ան քեզի տուած է հոյակապ նուէր մը՝ կեանքդ։ Ինչո՞ւ իրեն ցոյց չտաս որ այդ նուէրը կ’արժեւորես։ Հաճիս ապահովութեան շրջափակէն ներս անցիր’։

«Նաեւ կարդացի Աստուածաշունչէն կարգ մը համարներ, ինչպէս՝ Յովհաննէս 3։16–ը, որ կ’ըսէ. ‘Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ’։

«Եւ ըսի. ‘Կը տեսնե՞ս, Աստուած քեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ ապրիս’։

«Սկիզբը, կարծես թէ ան ինծի մտիկ չէր ըներ։ Լռելեայն աղօթեցի, որպէսզի Եհովան ինծի օգնէ որ զինք համոզեմ, որ ինքզինք վար չնետէ։ Վերջապէս, ան կամացուկ մը ոտքի ելաւ եւ ինծի մօտեցաւ. իրար անցած վիճակ մը ունէր։

«Ան ըսաւ. ‘Վերջերս Եհովայի վկաները տունս եկան, բայց ես զիրենք վռնտեցի։ Շատ գէշ կը զգամ։ Հաճիս ինծի ներէ’։

«Զինք հանգստացուցի. ‘Հոգ մի՛ ըներ. նոյնիսկ մեզմէ ոմանք նոյնը ըրած են առաջ որ Եհովայի վկայ ըլլան։ Վստահ եղիր որ Եհովան քեզի պիտի ներէ’։

«Ան ըսաւ. ‘Շնորհակալ եմ։ Խիղճս կը տանջուէր. հիմա հանգստացայ’։

«Ես ըսի. ‘Գիտե՞ս, քու վրադ շատ կը վախնամ։ Ես ապահովութեան հագուստ հագած եմ, բայց եթէ դուն սահիս, թանկագին կեանքդ պիտի կորսնցնես։ Եւ Եհովան շատ պիտի նեղուի։ Հաճիս ներս անցիր’։

«Անոր վարմունքը փոխուեցաւ եւ մեղմօրէն ըսաւ. ‘Ներս անցնիմ’։

«Ան հազիւ ոտքը ներս դրաւ, ոստիկանը իրեն արագօրէն օգնեց որ այդ բացօթեայ տեղէն հեռանայ։ Մեր խօսակցութիւնը մօտ մէկ ժամ տեւած էր»։

Եհովայի վկաները անկեղծօրէն կը հետաքրքրուին մարդոցմով, մանաւանդ ընկճուած անհատներով։ Ամբողջ աշխարհի մէջ, անոնք Սուրբ Գիրքը կը գործածեն յոյս տալու եւ մխիթարելու համար, մարդոց վստահեցնելով որ Աստուած իրապէս իրենցմով հետաքրքրուած է։