«Դուք իսկապէս օրինակելի էք»
ՍԻԿԻԼԻԱՅԻ Սափոնարա քաղաքին մէջ Եհովայի վկաները պատուոյ գիր ստացան, քանի որ այդ շրջանը ջրհեղեղ մը հարուածելէ ետք՝ աղէտեալներուն օգնութեան հասան։
22 նոյեմբեր 2011–ին, աւերիչ ջրհեղեղ մը հարուածեց Մեսինա նահանգին կարգ մը քաղաքներն ու գիւղերը։ Այդ գիշեր, Սափոնարայի մէջ հողավէժ մը երեք զոհեր խլեց,– երեխայ մը եւ երկու չափահաս։
Աղէտին յաջորդող օրերուն ընթացքին, Եհովայի վկաները կազմակերպեցին կամաւորներու խումբեր, որոնք հարկ եղած գործիքներով ցեխն ու աւերակները մաքրեցին՝ ամէնէն շատ տուժած շրջաններուն մէջ։
Խումբերը համագործակցեցան հեղինակութիւններուն հետ եւ ձեռք տուին հոն՝ ուր ամէնէն շատ կարիք կար։ Անոնք նոյնիսկ շարունակեցին աշխատիլ պահանջուած ստիպողական աշխատանքները աւարտելէ ետք։ Օգնութեան աշխատանքներուն մէջ բաժին բերին 50–էն 80 Վկայ, որոնցմէ ոմանք 97 քիլոմեթր կտրած էին։
Աղէտէն տուժած շրջանին բնակիչներէն ոմանք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Վկաներուն։ Քաղաքապետը կրկին անգամ կ’ըսէր. «Դուք իսկապէս օրինակելի էք»։
Հինգ ամիս ետք, խորհուրդի անդամ Ֆապիօ Վինչի համայնքին անունով Եհովայի վկաներուն տեղական ժողովքին պատուոյ գիր մը շնորհեց։