Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնք առանց աշխատավարձի գործ կը խնդրեն

Անոնք առանց աշխատավարձի գործ կը խնդրեն

Անցեալ 28 տարիներուն ընթացքին, աւելի քան 11,000 Եհովայի վկաներ իրենց տուները եւ նոյնիսկ իրենց երկիրները ձգած են, 120 երկիրներու մէջ տարբեր կառոյցներ շինելու համար։ Բոլորն ալ ուրախութեամբ իրենց հմտութիւններն ու կորովը լիաժամօրէն գործածած են, առանց աշխատավարձ առնելու։

Շատեր իրենց ճամբու ծախսը իրե՛նք վճարած են։ Ոմանք իրենց արձակուրդը օգտագործած են։ Ուրիշներ ալ իրենց հաշուին արձակուրդ առած են։

Անոնք ստիպմամբ չեն ըրած այս բոլոր զոհողութիւնները, այլ սիրայօժար կերպով իրենց անձերը տրամադրած են՝ Թագաւորութեան բարի լուրի համաշխարհային քարոզչութիւնը յառաջ տանելու համար (Մատթէոս 24։14)։ Անոնք կառուցանած են գրասենեակներ, բնակարաններ եւ համալիրներ՝ Աստուածաշունչը եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ տպելու համար։ Եհովայի վկաները նաեւ կառուցանած են 10,000 նստարան ունեցող Համաժողովի սրահներ, ինչպէս նաեւ 300 նստարան ունեցող Թագաւորութեան սրահներ։

Շինարարական աշխատանքները մինչեւ օրս կը շարունակուին։ Երբ կամաւորները հասնին այն վայրը, ուր կառոյց մը պիտի շինեն, տեղական մասնաճիւղը իրենց կը հայթայթէ բնակարան, ուտելիք, հագուստ լուալու միջոց, ինչպէս նաեւ անիկա կը հոգայ կամաւորներուն առօրեայ կարիքները։ Տեղացի վկաներն ալ ուրախութեամբ կը մասնակցին շինարարական գործին։

Այս հսկայ աշխատանքը կազմակերպելու եւ վերահսկելու համար, 1985–ին միջազգային յայտագիր մը դրուեցաւ։ Այս յայտագրին մասնակցող կամաւորները պէտք է ըլլան 19–55 տարեկան Եհովայի վկաներ, որոնք առնուազն շինարարական մէկ հմտութիւն ունին։ Սովորաբար նշանակում մը կրնայ 2 շաբաթէն 3 ամիս տեւել,– թէեւ երբեմն կրնայ տեւել մէկ տարի կամ աւելի։

Շինարարութեան մասնակցող եղբայրներուն կիները մարզում ստացած են պողպատէ ձողեր մետաղաթելերով իրարու կապելու, կղմինտրելու կամ աւազաթուղթ գործածելու եւ ներկելու։ Ուրիշներ, աշխատողներուն համար ճաշ կը պատրաստեն կամ անոնց բնակարանները կը մաքրեն։

Երբ կամաւորները իրենց տուները կը վերադառնան, ոմանք շնորհակալական նամակներ կ’ուղարկեն։ Զոյգ մը գրեց. «Կ’ուզենք ձեզի շատ շնորհակալութիւն յայտնել, որ առանձնաշնորհում ունեցանք Պուտափեշթի մասնաճիւղին մէջ աշխատելու։ Հունգարիոյ եղբայրները երախտագիտութեամբ եւ սիրով լեցուն էին։ Իրենցմէ բաժնուիլը շատ դժուար էր, հակառակ անոր որ միայն մէկ ամիս մնացինք հոն։ Պարագան միշտ ալ այդպէս եղած է։ Կը յուսանք որ կարենանք գարնան դարձեալ այս գործին մասնակցիլ։ Ամէն անգամ որ նշանակումի վայրէն կը վերադառնանք, կը զգանք որ անիկա մեր կեանքին լաւագոյն ամիսը եղած է»։