Եհովայի վկաները աղէտեալներուն կ’օգնե՞ն
Այո՛։ Երբ աղէտ մը հարուածէ, Եհովայի վկաները յաճախ օգնութեան կը հասնին։ Մենք գործնական օգնութիւն կու տանք, թէ՛ Վկաներուն եւ թէ ոչ–Վկաներուն։ Այսպիսով կը գործադրենք Գաղատացիս 6։10–ի մէջ նշուած պատուէրը. «Բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։ Ասկէ զատ, կը ջանանք աղէտեալներուն օգնել զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ, քանի որ ճիշդ ատոնց պէտք ունին (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։
Կազմակերպել
Աղէտ մը հարուածելէ ետք, ազդուած շրջաններուն մէջ գտնուող ժողովքներուն երէցները կը ջանան կապ պահել բոլոր անոնց հետ, որոնք այդ ժողովքներուն կ’ընկերակցին։ Անոնք այս քայլը կ’առնեն, որպէսզի վստահ ըլլան թէ բոլորը ապահով են եւ տեսնեն թէ ի՛նչ բանի պէտք ունին։ Ապա երէցները տիրող իրավիճակին եւ իրենց մատուցած անմիջական օգնութեան մասին կը տեղեկագրեն Եհովայի վկաներու տեղական մասնաճիւղին։
Եթէ տեղական ժողովքները հարկ եղած օգնութիւնը տալու ի վիճակի չեն, Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը կարգադրութիւններ կ’ընէ՝ պէտք եղած օգնութիւնը հայթայթելու, ճիշդ ինչպէս որ նախկին քրիստոնեաները սովի ժամանակ իրարու հոգ տարին (Ա. Կորնթացիս 16։1-4)։ Տեղական մասնաճիւղը կը նշանակէ օգնութեան յանձնախումբեր, որոնք այս գործը կը կազմակերպեն եւ կ’առաջնորդեն։ Ուրիշ շրջաններու մէջ գտնուող Վկաներ կամաւորաբար իրենց ժամանակն ու նիւթականը կը տրամադրեն՝ աղէտեալներուն օգնելու համար (Առակաց 17։17)։
Ֆինանսաւորել
Այս գործը կը ֆինանսաւորուի Եհովայի վկաներու մասնաճիւղերուն ուղարկուած նուիրատուութիւններով (Գործք 11։27-30. Բ. Կորնթացիս 8։13-15)։ Եւ քանի որ այս գործը կը կատարեն կամաւորներ, աշխատավարձ չստացող անհատներ, տրամադրուած նուիրատուութիւնները ուղղակի կը ղրկուին աղէտեալներուն օգնելու, եւ ոչ թէ կազմակերպչական ծախսեր գոցելու։ Մենք զգոյշ կ’ըլլանք որ բոլոր նուիրատուութիւնները պատշաճ կերպով ծախսուին (Բ. Կորնթացիս 8։20)։