Եթէ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտեմ, պայմա՞ն է որ Եհովայի վկայ դառնամ
Ոչ, պայման չէ։ Միլիոնաւոր մարդիկ Աստուածաշունչը կը սերտեն մեզի հետ եւ Եհովայի վկաներ չեն դառնար a։ Աստուածաշունչը սերտելու նպատակն է՝ քեզի ցոյց տալ որ անիկա ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Բայց այդ գիտելիքներուն հիման վրայ առնելիք որոշումը ձեռքդ է։ Մենք գիտենք որ հաւատքի վերաբերող հարցերը անձնական հարցեր են (Յեսու 24։15)։
Կրնա՞մ ի՛մ Սուրբ Գիրքս գործածել ուսումնասիրութեան ատեն
Այո՛։ Մենք կ’ուրախանանք երբ քո՛ւ Սուրբ Գիրքդ գործածես ուսումնասիրութեան ատեն։ Վերջ ի վերջոյ Սուրբ Գիրքին գրեթէ բոլոր թարգմանութիւններուն մէջ յոյսի եւ փրկութեան պատգամ կայ։ Բայց մենք կը գործածենք Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը, քանի որ անոր ոճը պարզ է։ Եթէ կ’ուզես, կրնանք ձրիաբար օրինակ մը տալ քեզի։
Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը կը սերտէք մարդոց հետ, որոնք Եհովայի վկայ դառնալու նպատակ չունին
Գլխաւոր պատճառը այն է, թէ մենք կը սիրենք Եհովա Աստուած, որ կ’ուզէ որ քրիստոնեաները ուրիշներուն սորվեցնեն այն ինչ որ իրե՛նք սորվեցան (Մատթէոս 22։37, 38. 28։19, 20)։ Մեզի համար մեծ պատիւ է որ կրնանք «Աստուծոյ գործակից»ները ըլլալ եւ մարդոց օգնել որ սորվին թէ անոր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, ի՛նչ կը սորվեցնէ (Ա. Կորնթացիս 3։6-9)։
Ուրիշ պատճառ մը այն է, թէ մենք կը սիրենք մեր ընկեր արարածը (Մատթէոս 22։39)։ Մենք շատ կ’ուրախանանք երբ մարդոց պատմենք մեր սորված հոյակապ բաներուն մասին (Գործք 20։35)։
a Օրինակ 2023–ին, մենք ամէն ամիս 7,281,212 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարեցինք եւ երբեմն մէկ ուսումնասիրութիւնը կը վարէինք քանի մը անհատներու հետ նոյն ժամանակ։ Բայց այդ տարի միայն 269,517 անհատներ մկրտուեցան եւ դարձան Եհովայի վկաներ։