Եհովայի վկաները աղա՞նդ են
Ո՛չ, Եհովայի վկաները աղանդ չեն։ Մենք քրիստոնեայ ենք, եւ ամէն ջանք կը թափենք որ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւինք եւ իր ուսուցումներուն համաձայն ապրինք։
Ի՞նչ է աղանդը
Մարդիկ «աղանդ» բառը տարբեր կերպերով կը բացատրեն։ Նկատի առնենք երկու բացատրութիւններ եւ տեսնենք թէ անոնք ինչո՛ւ մեր վրայ չեն կիրարկուիր։
Ոմանք կը կարծեն որ աղանդը նոր կամ շեղած կրօնք մըն է։ Եհովայի վկաները նոր կրօնք մը չեն հիմնած։ Ընդհակառակը մենք կը հետեւինք առաջին դարու քրիստոնեաներուն, որոնց ապրելակերպը եւ ուսուցումները արձանագրուած են Աստուածաշունչին մէջ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Երբ հարցը կ’առնչուի պաշտամունքի, մենք համոզուած ենք որ Աստուծոյ Խօսքը կ’որոշէ թէ ի՛նչ բան ուղիղ է եւ ի՛նչը՝ ոչ։
Ոմանք կը կարծեն թէ աղանդը վտանգաւոր կրօնական խումբ մըն է, որ մարդկային առաջնորդ մը ունի։ Եհովայի վկաները ոեւէ մարդկային առաջնորդ չունին։ Փոխարէն, մենք կը հետեւինք Յիսուսի չափանիշին, որ իր հետեւորդներուն համար սահմանեց՝ ըսելով. «Ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է» (Մատթէոս 23։10, Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն)։
Եհովայի վկաները վտանգաւոր աղանդ չեն։ Ընդհակառակը, անոնց կրօնքը օգուտներ կը բերէ թէ՛ իր անդամներուն եւ թէ համայնքին։ Օրինակ, մեր քարոզչութիւնը օգնած է շատերու, որ հրաժարին վնասակար մոլութիւններէ, ինչպէս՝ թմրամոլութիւն եւ ալքոլամոլութիւն։ Ասկէ զատ, աշխարհի տարածքին մենք կազմակերպած ենք դասընթացքներ, որոնք կ’օգնեն հազարաւորներու որ գրել–կարդալ սորվին։ Ինչպէս նաեւ գործօն կերպով կը մասնակցինք աղէտեալներու օգնութեան։ Մենք կը ջանանք դրական ազդեցութիւն ձգել մարդոց վրայ, քանի որ ճիշդ այս է որ Յիսուս իր հետեւորդներէն պահանջեց (Մատթէոս 5։13-16)։