Ի՞նչ է Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութիւնը
Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութիւնը անշահախնդիր ընկերութիւն մըն է, որ 1884–ին հիմնուած է ԱՄՆ–ի Փէնսիլվանիոյ օրէնքներուն համաձայն։ Անիկա Եհովայի վկաներուն կողմէ կը գործածուի ի նպաստ իրենց համաշխարհային գործունէութեան, որ կը պարփակէ հրատարակել Աստուածաշունչ եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ։
Ըստ իր կանոնադրութեան, ընկերութեան նպատակները «կրօնական, կրթական եւ բարեգործական» են, իսկ անոր գլխաւոր նպատակն է՝ «Քրիստոս Յիսուսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութեան աւետարանը քարոզել եւ սորվեցնել»։ Ընկերութեան անդամակցութիւնը միայն հրաւէրով կ’ըլլայ եւ հիմնուած չէ այն բանին վրայ, թէ անհատը որքա՛ն նուիրատուութիւն կ’ընէ։ Ընկերութեան անդամները եւ վարչականները կ’աջակցին Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինին։
Համագործակցող օրինական հիմնարկներ
Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութենէն զատ, Եհովայի վկաները զանազան երկիրներու մէջ կը գործածեն տասնեակ օրինական հիմնարկներ։ Այս հիմնարկներէն ոմանց անունները կը պարփակեն «Դիտարան» բառը։
Այս զանազան հիմնարկները իրենց հիմնուելէն ի վեր թոյլ տուած են որ շատ բան իրագործենք, ինչպէս հետեւեալները.
Գրել եւ հրատարակել։ Հրատարակած ենք շուրջ 220 միլիոն Աստուածաշունչ եւ շուրջ 40 միլիառ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ՝ աւելի քան 700 լեզուներով։ Մեր jw.org կայքը մարդոց թոյլ կու տայ որ ձրիաբար Աստուածաշունչը առցանց կարդան աւելի քան 120 լեզուներով եւ պատասխանները առնեն կարգ մը հարցումներու, ինչպէս՝ «Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը»։
Կրթութիւն։ Ունինք աստուածաշնչական ուսուցում տրամադրող տարբեր դպրոցներ։ Օրինակ՝ 1943–էն ի վեր, աւելի քան 9000 Եհովայի վկաներ օգտուած են Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոցին խտացուած մարզումէն, որ զիրենք կարող կը դարձնէ որպէս միսիոնարներ ծառայելու կամ մեր համաշխարհային գործունէութիւնը կայունացնելու եւ զօրացնելու։ Եւ ամէն շաբաթ միլիոնաւոր մարդիկ, ներառեալ՝ ոչ–Վկաներ, ցուցմունքներ կը ստանան մեր ժողովներուն մէջ։ Մենք նաեւ կազմակերպած ենք գրագիտութեան դասընթացքներ եւ հրատարակած ենք դասագիրք մը 160 լեզուներով, որ մարդոց գրել–կարդալ կը սորվեցնէ։
Բարեգործութիւն։ Նիւթական օժանդակութիւն կու տանք աղէտներէ տուժածներուն։ Այդ աղէտները թերեւս ըլլան մարդու պատճառաւ (ինչպէս՝ 1994–ի ցեղասպանութիւնը Ռուանտայի մէջ) կամ՝ բնական (ինչպէս՝ 2010–ի երկրաշարժը Հայիթիի մէջ)։
Թէեւ մեր ընկերութիւններուն եւ օրինական հիմնարկներուն միջոցաւ շատ բան իրագործուած է, բայց մեր գործունէութիւնը անոնցմէ կախեալ չէ։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պատասխանատուութիւնը ունի Աստուծոյ այս պատուէրը կատարելու. աւետարանը կամ բարի լուրը քարոզել եւ սորվեցնել (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20)։ Մենք կը հաւատանք որ Աստուած մեր գործունէութեան թիկունք կը կանգնի եւ պիտի շարունակէ զայն ‘աճեցնողը’ ըլլալ (Ա. Կորնթացիս 3։6, 7)։