Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները բողոքակա՞ն են

Եհովայի վկաները բողոքակա՞ն են

 Ո՛չ։ Եհովայի վկաները քրիստոնեայ են, բայց բողոքական չեն։ Ինչո՞ւ։

 Բողոքականութիւնը «կրօնական ճիւղ մըն է, որ ծագում առաւ հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցիին դէմ գործուած բարեկարգութեան շարժումի առ ի հետեւանք»։ Ճիշդ է որ կաթողիկէ եկեղեցիին ուսուցումները չենք որդեգրեր, բայց մենք մեզ բողոքական չենք սեպեր հետեւեալ պատճառներով.

  1.   Բողոքականներուն շատ մը հաւատալիքները կը հակասեն Աստուածաշունչի ուսուցումներուն։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ «մէ՛կ Աստուած կայ», եւ ոչ թէ Երրորդութիւն (Ա. Տիմոթէոս 2։5. Յովհաննէս 14։28)։ Եւ յստակ կերպով կ’ըսէ, թէ Աստուած չարերը կը պատժէ՝ յաւիտեան ոչնչացնելով եւ ոչ թէ դժոխքի կրակի մէջ չարչարելով (Սաղմոս 37։9. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։9

  2.   Մենք չենք բողոքեր կաթողիկէ եկեղեցիին կամ ուրիշ կրօնական խումբի մը դէմ, ոչ ալ կը փորձենք զանոնք բարեփոխել։ Իրականութեան մէջ, մենք պարզապէս Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին բարի լուրը կը քարոզենք, ջանալով ուրիշներուն օգնել՝ որ այս բարի լուրին հաւատան (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20)։ Մենք չենք փորձեր կրօնական ուրիշ խումբեր բարեփոխել, այլ՝ անկեղծ անհատներու կ’օգնենք, որ Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին մասին ճշմարտութիւնը սորվին (Կողոսացիս 1։9, 10. Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25