Ի՞նչ են Եհովայի վկաներուն հաւատալիքները
Որպէս Եհովայի վկաներ, կը ջանանք հետեւիլ ճշմարիտ քրիստոնէութեան ուսուցումներուն, որոնք Յիսուս սորվեցուց եւ իր առաքեալները ի գործ դրին։ Այս յօդուածը ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ մեր հաւատալիքները։
Աստուած։ Մենք կը պաշտենք միակ ճշմարիտ եւ Ամենակալ Աստուածը՝ Ստեղծիչը, որուն անունը Եհովա է (Սաղմոս 83։18. Յայտնութիւն 4։10բ)։ Ան Աբրահամին, Մովսէսին եւ Յիսուսին Աստուածն է (Ելից 3։6. 32։11. Յովհաննէս 20։17)։
Աստուածաշունչ։ Մենք կը հաւատանք որ Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է եւ մարդոց համար գրուած է (Յովհաննէս 17։17. Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Մեր հաւատալիքները կը հիմնենք Աստուածաշունչի 66 գիրքերուն վրայ,– այսինքն՝ թէ՛ «Հին Կտակարան»ին եւ թէ «Նոր Կտակարան»ին վրայ։ Փրոֆէսոր Ճէյսըն Տ. Պէտուն գրեց, թէ Եհովայի վկաները «իրենց հաւատալիքները եւ արարքները բացարձակապէս [կը հիմնեն] Աստուածաշունչի՛ն վրայ, առանց կանխաւ որոշելու թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ պէտք է ըսէ» a։
Թէեւ կ’ընդունինք ամէն բան որ Աստուածաշունչին մէջ գրուած է, բայց Աստուածաշունչի տառացի մեկնաբաններ չենք։ Մենք գիտենք որ ամէն բան պէտք չէ բառացիօրէն առնենք, քանի որ Աստուածաշունչի որոշ հատուածներ գրուած են այլաբանական լեզուով։
Յիսուս։ Մենք կը հետեւինք Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումներուն եւ օրինակին եւ զինք կը պատուենք որպէս մեր Փրկիչը եւ Աստուծոյ Որդին (Մատթէոս 20։28. Գործք 5։31)։ Ուստի քրիստոնեայ ենք (Գործք 11։26)։ Բայց մենք Աստուածաշունչէն սորված ենք որ Յիսուս Ամենակալ Աստուածը չէ եւ Երրորդութեան վարդապետութիւնը աստուածաշնչական հիմ մը չունի (Յովհաննէս 14։28)։
Աստուծոյ Թագաւորութիւն։ Այս Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ իսկական կառավարութիւն մըն է եւ ոչ թէ՝ սրտի վիճակ։ Անիկա մարդկային բոլոր կառավարութիւնները պիտի փոխարինէ եւ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը իրագործէ (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։9, 10)։ Անիկա շուտո՛վ գործի պիտի լծուի, քանի որ աստուածաշնչական մարգարէութիւններ ցոյց կու տան, թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Մատթէոս 24։3-14)։
Յիսուս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորն է։ Ան սկսաւ իշխել 1914–ին (Յայտնութիւն 11։15)։
Փրկութիւն։ Մեղքէն ու մահէն ազատուիլը կարելի է միա՛յն Յիսուսի զոհին շնորհիւ (Մատթէոս 20։28. Գործք 4։12)։ Այդ զոհէն օգտուելու համար, մարդիկ ոչ միայն պէտք է Յիսուսի հաւատան, այլեւ՝ պէտք է իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն եւ մկրտուին (Մատթէոս 28։19, 20. Յովհաննէս 3։16. Գործք 3։19, 20)։ Անհատ մը իր գործերով կը փաստէ թէ իր հաւատքը կենդանի է (Յակոբոս 2։24, 26)։ Բայց մենք չենք կրնար փրկութիւն ձեռք ձգել. անիկա կարելի է ստանալ միայն «Աստուծոյ շնորհք»ով (Գաղատացիս 2։16, 21)։
Երկինք։ Եհովա Աստուած, Յիսուս Քրիստոս եւ հաւատարիմ հրեշտակները կը բնակին հոգեղէն ծիրին մէջ (Սաղմոս 103։19-21. Գործք 7։55) b։ Յարաբերաբար թիւով քիչ անհատներ,– 144,000 հոգի,– երկնային յարութիւն պիտի ստանան, որպէսզի Յիսուսի հետ թագաւորեն (Դանիէլ 7։27. Բ. Տիմոթէոս 2։12. Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1, 3)։
Երկիր։ Աստուած երկիրը ստեղծեց որ մարդիկ յաւիտեան անոր վրայ բնակին (Սաղմոս 104։5. 115։16. Ժողովող 1։4)։ Ան պիտի օրհնէ հնազանդ մարդիկը. անոնք կատարեալ առողջութիւն պիտի ունենան եւ յաւիտեան պիտի ապրին դրախտին մէջ՝ երկրի վրայ (Սաղմոս 37։11, 34)։
Չարիք եւ տառապանք։ Երբ Աստուծոյ հրեշտակներէն մէկը ըմբոստացաւ, չարիքն ու տառապանքը սկիզբ առին (Յովհաննէս 8։44)։ Այս հրեշտակը, որ իր ըմբոստութենէն ետք «Սատանայ» եւ «Բանսարկու» կոչուեցաւ, մարդկային առաջին զոյգը համոզեց որ իրեն միանայ. եւ ասոր հետեւանքները այդ զոյգին սերունդին համար աղէտալի եղած են (Ծննդոց 3։1-6. Հռովմայեցիս 5։12)։ Սատանայի յարուցած բարոյական հարցերը լուծելու համար, Աստուած թոյլ տուած է որ չարիքն ու տառապանքը գոյութիւն ունենան որոշ ժամանակ մը, բայց ոչ՝ յաւիտեան։
Մահ։ Անոնք՝ որոնք կը մեռնին, կը դադրին գոյութիւն ունենալէ (Սաղմոս 146։4. Ժողովող 9։5, 10)։ Մեռելները չեն չարչարուիր դժոխքի մը մէջ։
Աստուած միլիառաւոր մեռելներ ետ կեանքի պիտի բերէ, անոնց յարութիւն տալով (Գործք 24։15)։ Բայց անոնք՝ որոնք յարութիւն առնելէ ետք Աստուծոյ ճամբաները կը մերժեն, յաւիտեան պիտի բնաջնջուին եւ իրենց համար նորէն յարութեան յոյս պիտի չըլլայ (Յայտնութիւն 20։14, 15)։
Ընտանիք։ Մենք կը հետեւինք ամուսնութեան վերաբերեալ Աստուծոյ սահմանած սկզբնական կարգադրութեան, այսինքն՝ մէկ տղամարդու եւ մէկ կնոջ միութեան։ Իսկ ամուսնալուծման միակ Սուրբ Գրային հիմը սեռային անբարոյութիւնն է (Մատթէոս 19։4-9)։ Մենք համոզուած ենք որ Աստուածաշունչին բովանդակած իմաստութիւնը ընտանիքներուն կ’օգնէ որ ուրախ ըլլան (Եփեսացիս 5։22–6։1)։
Մեր պաշտամունքը։ Մենք չենք պաշտեր խաչ, ոչ ալ՝ պատկերներ եւ արձաններ (Բ. Օրինաց 4։15-19. Ա. Յովհաննէս 5։21)։ Մեր պաշտամունքը կը պարփակէ.
Աստուծոյ աղօթել (Փիլիպպեցիս 4։6)։
Կարդալ եւ սերտել Աստուածաշունչը (Սաղմոս 1։1-3)։
Աստուածաշունչէն մեր սորվածներուն վրայ խոկալ (Սաղմոս 77։12)։
Մէկտեղ հաւաքուիլ՝ աղօթելու, Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու, երգելու, հոգեւոր նիւթեր քննարկելու եւ մեր հաւատակիցները եւ ուրիշները քաջալերելու համար (Կողոսացիս 3։16. Եբրայեցիս 10։23-25)։
‘Արքայութեան աւետարանը’ քարոզել (Մատթէոս 24։14)։
Կառուցանել եւ նորոգել Թագաւորութեան սրահներ եւ այլ համալիրներ, որոնք կը գործածուին մեր համաշխարհային կրթական գործունէութիւնը ընդլայնելու համար (Սաղմոս 127։1)։
Մեր կազմակերպութիւնը։ Մենք ունինք ժողովքներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին գործունէութիւնը կը վերահսկուի երէցներու մարմինի կողմէ։ Բայց երէցները կղերական դասակարգ չեն կազմեր եւ աշխատավարձ չեն ստանար (Մատթէոս 10։8. 23։8)։ Մենք տասանորդ չենք տար եւ մեր ժողովներուն մէջ որեւէ հանգանակութիւն չի կատարուիր (Բ. Կորնթացիս 9։7)։ Մեր բոլոր գործունէութիւնները կ’իրագործուին նուիրատուութիւններու միջոցաւ. իսկ նուիրատուներուն անունները չեն յայտարարուիր։
Կառավարիչ մարմինը,– մեր կեդրոնատեղիին մէջ ծառայող հասուն քրիստոնեաներու պզտիկ խումբ մը,– համայն աշխարհի Եհովայի վկաներուն ուղղութիւն կու տայ (Մատթէոս 24։45)։
Մեր միութիւնը։ Աշխարհի տարածքին, ո՛ւր որ ալ ըլլանք, մենք նոյն հաւատալիքները ունինք (Ա. Կորնթացիս 1։10)։ Նաեւ ջանք կը թափենք, որ մեր մէջ չըլլան՝ ընկերային, էթնիկ, ցեղային կամ դասակարգային բաժանումներ (Գործք 10։34, 35. Յակոբոս 2։4)։ Թէեւ միութեան մէջ ենք, բայց իւրաքանչիւր Վկայ ի՛նք որոշումներ կը կայացնէ Աստուածաշունչով մարզուած իր խիղճին հիման վրայ (Հռովմայեցիս 14։1-4. Եբրայեցիս 5։14)։
Մեր վարքը։ Մենք կը ջանանք անձնազոհ սէր ցուցաբերել ամէն ատեն (Յովհաննէս 13։34, 35)։ Մենք կը խուսափինք ընելէ Աստուած տհաճեցնող բաներ, օրինակ՝ արեան ներարկում, որ արեան սխալ գործածութիւն մըն է (Գործք 15։28, 29. Գաղատացիս 5։19-21)։ Մենք խաղաղասէր մարդիկ ենք եւ պատերազմներու չենք մասնակցիր (Մատթէոս 5։9. Եսայի 2։4)։ Մենք կը յարգենք մեր ապրած երկրին կառավարութիւնը եւ անոր օրէնքներուն կը հնազանդինք, այնքան ատեն որ ատոնք Աստուծոյ օրէնքներուն չեն հակասեր (Մատթէոս 22։21. Գործք 5։29)։
Ուրիշներու հետ մեր փոխյարաբերութիւնը։ Յիսուս պատուիրեց. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ Ան նաեւ ըսաւ որ քրիստոնեաները «աշխարհէն չեն» (Մատթէոս 22։39. Յովհաննէս 17։16)։ Անոր համար կը ջանանք ‘բարիք ընել ամենուն’, բայց միեւնոյն ժամանակ բացարձակապէս չէզոք կը մնանք քաղաքական հարցերուն մէջ եւ որեւէ կրօնքի չենք ընկերակցիր (Գաղատացիս 6։10. Բ. Կորնթացիս 6։14)։ Այսուհանդերձ, այսպիսի հարցերու մէջ ուրիշներու ընտրութիւնը կը յարգենք (Հռովմայեցիս 14։12)։
Եթէ այլ հարցումներ ունիս Եհովայի վկաներու հաւատալիքներուն մասին, կրնաս աւելի՛ն կարդալ մեր կայքին վրայ, մեր մասնաճիւղերէն մէկուն հետ կապ պահել, մեր ժողովներէն մէկուն ներկայ գտնուիլ՝ քեզի մօտ գտնուող Թագաւորութեան սրահի մը մէջ կամ Եհովայի վկայի մը հետ խօսիլ։
a Տե՛ս Truth in Translation գիրքը, էջ 165։
b Չար հրեշտակները երկինքէն վռնտուած են, բայց տակաւին կ’ապրին հոգեղէն ծիրին մէջ (Յայտնութիւն 12։7-9)։