Եհովայի վկաները իրենց անձնական Աստուածաշունչը ունի՞ն
Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու ատեն Եհովայի վկաները կը գործածեն Աստուածաշունչի տարբեր թարգմանութիւններ։ Բայց եթէ իրենց լեզուով մատչելի է Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը, անոնք յատկապէս կը գործածեն զայն՝ Աստուծոյ անուան գործածութեան, ճշգրտութեան եւ յստակութեան համար։
Աստուծոյ անուան գործածութիւն։ Աստուածաշունչի կարգ մը հրատարակիչներ անոր Հեղինակը չեն պատուած։ Օրինակ, Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը կը թուէ աւելի քան 70 անհատներու անունները, որոնք նպաստեցին այդ թարգմանութեան հրատարակման։ Բայց եւ այնպէս, այս նոյն թարգմանութիւնը ամբողջովին կը ջնջէ Աստուածաշունչի Հեղինակին անունը, որ «Եհովա» է։
Ասոր հակառակը, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը Աստուծոյ անունը կը վերադարձնէ այն հազարաւոր տեղերը, ուր արդէն կար բնագրին մէջ, մինչ զայն հրատարակող յանձնախումբի անդամներուն անունները չի նշեր։
Ճշգրտութիւն։ Բոլոր թարգմանութիւնները Աստուածաշունչի պատգամը ճշգրիտ կերպով չեն հաղորդեր։ Օրինակի համար, թարգմանութեան մը մէջ Յայտնութիւն 20։14–ը հետեւեալ կերպով եկած է. «Եւ մահը ու դժոխքը կրակի լիճին մէջ ձգուեցան։ Ասիկա է երկրորդ մահը»։ Բայց բնագիրը կը գործածէ «գերեզման» կամ «հատէս» բառը, եւ ոչ թէ «դժոխք» բառը։ Իսկ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը այդ համարը ճշգրիտ կերպով կը թարգմանէ. «Եւ մահը ու գերեզմանը կրակի լիճին մէջ ձգուեցան։ Ասիկա է երկրորդ մահը»։
Յստակութիւն։ Լաւ թարգմանութիւն մը ոչ միայն պէտք է ճշգրիտ ըլլայ, այլեւ՝ յստակ եւ դիւրահասկնալի։ Նկատի առ օրինակ մը։ Մատթէոս 5։3–ի մէջ, Յիսուս գործածեց արտայայտութիւն մը, որ բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն»։ Քանի որ մեր օրերուն այդ արտայայտութիւնը յստակ իմաստ մը չի հաղորդեր, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը զայն դիւրահասկնալի կերպով կը թարգմանէ՝ ըսելով. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն»։
Աստուծոյ անուան գործածութեան, ճշգրտութեան եւ յստակութեան կողքին, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ուրիշ յատկանշական բան մըն ալ ունի. անիկա անվճար կերպով մարդոց կը բաշխուի։ Այսպէս, միլիոնաւոր մարդիկ, նոյնիսկ անոնք՝ որոնք կարող չեն Աստուածաշունչ մը գնելու, կրնան իրենց մայրենի լեզուով Աստուածաշունչը կարդալ։