Եհովայի վկաները ուրկէ՞ առած են իրենց անունը
Ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ գրուած է, Աստուծոյ անձնական անունը Եհովա է (Ելից 6։3. Սաղմոս 83։18)։ Իսկ վկան այն անհատն է, որ իր համոզուած տեսակէտները կամ ճշմարտութիւնները կը ծանուցանէ։
Ուստի, Եհովայի վկաներ անուանումը ցոյց կու տայ, թէ մենք ամէն բանի Ստեղծիչին՝ Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը ծանուցանող խումբ մը քրիստոնեաներ ենք (Յայտնութիւն 4։10բ)։ Մենք ուրիշներուն կը վկայենք մեր ապրելակերպով եւ Աստուածաշունչի մեր գիտելիքները անոնց հետ բաժնելով (Եսայի 43։10-12. Ա. Պետրոս 2։12)։