Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ արեան ներարկում չեն ընդունիր

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ արեան ներարկում չեն ընդունիր

Սխալ կարծիքներ մեր մասին

 Կարծիք։ Եհովայի վկաները բժշկութեան կամ բժշկական դարմանումի չեն վստահիր։

 Իրողութիւն։ Մեզի եւ մեր ընտանիքի անդամներուն համար կը դիմենք բուժման լաւագոյն միջոցներուն։ Երբ առողջապահական հարցեր ունենանք, կը դիմենք բժիշկներու, որոնք հմուտ եւ փորձառու են անարիւն բժշկական դարմանումներ տալու եւ վիրաբուժութիւններ ընելու մէջ։ Մենք կը գնահատենք բժշկական մարզին մէջ արձանագրուած յառաջդիմութիւնները։ Իրականութեան մէջ, այժմ շատեր կ’օգտուին այն անարիւն դարմանումներէն, որոնք զարգացան Վկայ հիւանդներուն օգնելու համար։ Շատ մը երկիրներու մէջ, այժմ ոեւէ հիւանդ արիւն չառնելով կրնայ խուսափիլ արեան ներարկումի վտանգներէն, ինչպէս՝ արեան միջոցաւ փոխանցուած հիւանդութիւններ, ախտազերծական դրութեան հակազդեցութիւններ եւ մարդկային սխալներ։

 Կարծիք։ Եհովայի վկաները կը հաւատան որ հաւատքը հիւանդը կը բուժէ։

 Իրողութիւն։ Մենք հաւատքով բուժումներ չենք ըներ։

 Կարծիք։ Արեան ներարկումի փոխընտրութիւնները շատ սուղ են։

 Իրողութիւն։ Անարիւն բժշկական դարմանումները սուղ չեն a։

 Կարծիք։ Ամէն տարի շատ մը Վկաներ, ներառեալ՝ երեխաներ, կը մեռնին, քանի որ արիւն չեն առներ։

 Իրողութիւն։ Ասիկա ամբողջովին անհիմն է։ Վիրաբոյժները կանոնաւորաբար բարդ վիրաբուժութիւններ կը կատարեն առանց արեան ներարկման, ինչպէս՝ սրտի գործողութիւններ, ուղղամանկական գործողութիւն (orthopedic surgery) եւ օրկաններու պատուաստումներ (organ transplants) b։ Արեան ներարկում չընդունող հիւանդները, ներառեալ՝ երեխաները, յաճախ նոյն ատեն կամ աւելի արագ կ’ապաքինին, քան՝ արեան ներարկում ընդունող հիւանդները c։ Ամէն պարագայի, ո՛չ ոք ստոյգ կրնայ ըսել թէ հիւանդ մը պիտի մեռնի արեան ներարկում մերժելու պատճառաւ կամ ապրի՝ ընդունելու պարագային։

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ արեան ներարկում չեն ընդունիր

 Ասիկա կրօնական հարց է եւ ոչ թէ՝ բժշկական։ Թէ՛ Հին Կտակարանը եւ թէ Նոր Կտակարանը յստակ կերպով մեզի կը պատուիրեն, որ արիւնէ ետ կենանք (Ծննդոց 9։4. Ղեւտացւոց 17։10. Բ. Օրինաց 12։23. Գործք 15։28, 29)։ Նաեւ, Աստուծոյ համար արիւնը կեանք կը ներկայացնէ (Ղեւտացւոց 17։14)։ Ուստի մենք արիւն առնելէ կը խուսափինք ոչ միայն առ ի հնազանդութիւն Աստուծոյ, այլեւ՝ առ ի յարգանք իրեն, որ մեզի կեանք տուաւ։

Տեսակէտները կը փոխուին

Բարդ վիրաբուժութիւններ կրնան յաջողապէս կատարուիլ՝ առանց արեան ներարկումի

 Անցեալին, բժիշկները ընդհանուր առմամբ առանց արեան ներարկումի կատարուող բժշկական գործընթացները եւ դարմանումները կը նկատէին ծայրայեղութիւն, նոյնիսկ անձնասպանութիւն. բայց վերջերս անոնց տեսակէտը փոխուեցաւ։ Օրինակ, 2004–ին բժշկական կրթական պարբերաթերթի մը մէջ հրատարակուած յօդուած մը նշեց, թէ «բազմաթիւ մեթոտներ, որոնք զարգացան Եհովայի վկայ հիւանդներ բուժելու համար, եկող տարիներուն բժշկական սովորական գործընթացներ պիտի դառնան» d։ 2010–ին, ուրիշ պարբերաթերթի մը մէկ յօդուածը ըսաւ, թէ «‘անարիւն վիրաբուժութիւնը’ պէտք չէ սահմանափակուած ըլլայ Եհովայի վկաներուն, այլ՝ անիկա պէտք է կազմէ ամէնօրեայ վիրաբուժութիւններուն կարեւոր մէկ մասը» (Heart, Lung and Circulation

 Աշխարհի տարածքին, այժմ հազարաւոր բժիշկներ արիւնը խնայելու մեթոտներ կը գործածեն, անարիւն բարդ վիրաբուժութիւններ կատարելու համար։ Արեան ներարկման այս փոխընտրութիւնները նոյնիսկ կը գործածուին զարգացող երկիրներու մէջ, եւ շատ մը հիւանդներ, որոնք Եհովայի վկաներ չեն, այդ մեթոտները կը պահանջեն։

a Տե՛ս Transfusion and Apheresis Science, հատոր 33, թիւ 3, էջ 349։

b Տե՛ս The Journal of Thoracic and Cardiovascular Surgery, հատոր 134, թիւ 2, էջ 287-288. Texas Heart Institute Journal, հատոր 38, թիւ 5, էջ 563. Basics of Blood Management, էջ 2. եւ Continuing Education in Anaesthesia, Critical Care & Pain, հատոր 4, թիւ 2, էջ 39։

c Տե՛ս The Journal of Thoracic and Cardiovascular Surgery, հատոր 89, թիւ 6, էջ 918. եւ Heart, Lung and Circulation, հատոր 19, էջ 658։

d Continuing Education in Anaesthesia, Critical Care & Pain, հատոր 4, թիւ 2, էջ 39։