Եհովայի վկաները բժշկական դարմանում կ’ընդունի՞ն
Այո՛։ Եհովայի վկաները բժշկական դարմանում կ’ընդունին։ Մենք հոգ կը տանինք մեր մարմնին որ առողջ ըլլանք, բայց երբեմն ‘բժիշկի պէտք’ կ’ունենանք (Ղուկաս 5։31)։ Առաջին դարու քրիստոնեայ Ղուկասին նման, Եհովայի վկաներէն ոմանք բժիշկներ են (Կողոսացիս 4։14)։
Կարգ մը դարմանումներ սակայն, Աստուածաշունչի սկզբունքներուն կը հակասեն. անոր համար զանոնք կը մերժենք։ Օրինակ, մենք արեան ներարկում չենք ընդունիր, քանի որ Աստուածաշունչը արիւն առնելը կ’արգիլէ (Գործք 15։20)։ Աստուածաշունչը նաեւ կ’արգիլէ այն բուժումները կամ առողջապահական գործելակերպերը, որոնք ոգեհարցութեան հետ կապ ունին Գաղատացիս 5։19-21)։
Բայց բժշկական դարմանումներուն մեծամասնութիւնը չի հակասեր Աստուածաշունչի սկզբունքներուն։ Ուստի, անհատը անձա՛մբ կ’որոշէ յարմարագոյն դարմանումը։ Վկայ մը թերեւս ընդունի որոշ դեղ մը կամ դարմանում մը, իսկ ուրիշ Վկայ մը՝ այդ դեղը կամ դարմանումը մերժէ (Գաղատացիս 6։5)։