Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս կը գործածեն նուիրատուութիւնները
Նուիրատուութիւնները կը գործածենք մեր կրօնական եւ մարդասիրական գործունէութիւններուն աջակցելու համար։ Այդ գործունէութիւնները մաս կը կազմեն մեր գլխաւոր յանձնարարութեան, որ է՝ մարդոց օգնել, որ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտ դառնան (Մատթէոս 28։19, 20)։
Նուիրատուութիւնները բնաւ չենք գործածեր մէկը հարստացնելու նպատակով։ Մենք չունինք աշխատավարձ ստացող երէցներ կամ կղերներ, եւ դռնէ դուռ քարոզելու համար դրամ չենք ստանար։ Մեր մասնաճիւղերուն եւ կեդրոնատեղիին մէջ ծառայողները, ինչպէս նաեւ Կառավարիչ մարմինի անդամները, որոնք բոլորն ալ կրօնական միաբանութեան մը անդամներ են, ամսական չեն առներ։
Մեր գործունէութիւններէն ոմանք
Հրատարակչութիւն. Մենք կը թարգմանենք, կը տպենք, կ’առաքենք ու ձրիօրէն կը բաշխենք Աստուածաշունչի եւ ուրիշ աստուածաշնչական հրատարակութիւններու միլիոնաւոր օրինակներ։ Մեր հրատարակութիւնները նաեւ կարելի է գտնել առցանց՝ jw.org կայքին վրայ, ինչպէս նաեւ JW Library էփին մէջ, որոնք անվճար են եւ ծանուցումներ չունին։
Շինարարութիւն եւ նորոգութիւն. Աշխարհի տարածքին, պաշտամունքի համեստ վայրեր կը կառուցանենք եւ կը նորոգենք, որ կարենանք միասին հաւաքուիլ եւ Աստուած փառաբանել։ Նոյն բանը կ’ընենք մեր մասնաճիւղերուն եւ թարգմանչական գրասենեակներուն նկատմամբ։ Շինարարութեան եւ նորոգութեան գործը մեծաւ մասամբ կը կատարուի կամաւոր ծառաներու միջոցաւ, ինչ որ կը նուազեցնէ ծախսերը։
Վարչութիւն. Մեր կեդրոնատեղիին, մասնաճիւղերուն, թարգմանչական գրասենեակներուն, ինչպէս նաեւ շրջագայող ծառաներուն գործունէութիւնները կը ֆինանսաւորուին մեր համաշխարհային գործին յատկացուած նուիրատուութիւններով։
Քարոզչութիւն. Եհովայի վկաները դրամ չեն առներ բարի լուրի քարոզչութեան համար կամ ուրիշներուն «Աստուծոյ խօսքը» սորվեցնելու համար (Բ. Կորնթացիս 2։17)։ Բայց ինչպէս առաջին դարուն, նոյնպէս այսօր՝ համեստ տուն եւ կեանքի հիմնական պէտքեր կ’ապահովուին մարզուած ծառաներու, որոնք իրենց ժամանակին մեծ մասը կը տրամադրեն քարոզչութեան (Փիլիպպեցիս 4։16, 17. Ա. Տիմոթէոս 5։17, 18)։
Ուսուցում. Մեր համաժողովներուն հետ կապ ունեցող ծախսերը կը ֆինանսաւորուին նուիրատուութիւններով։ Ատկէ զատ, մենք աստուածաշնչական ձայնագրութիւններ եւ վիտէօներ կ’արտադրենք։ Ինչպէս նաեւ կը կազմակերպենք դպրոցներ, որոնք երէցներ եւ լիաժամ ծառաներ կը մարզեն, որ իրենց նշանակումները շատ լաւ կերպով կատարեն։
Աղէտէ տուժածներուն օգնութիւն. Մենք ուտելիք, ջուր եւ բնակարան կը հայթայթենք անոնց, որոնք մարդակերտ աղէտներէ տուժած են։ Այսպիսի մարդասիրական գործունէութիւնները կ’օգտեն ոչ միայն «հաւատքի ընտանիներուն», հապա նաեւ ոչ–Վկաներու (Գաղատացիս 6։10)։