Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ կ’այցելեն մարդոց, որոնք արդէն իրենց կրօնքը ունին

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ կ’այցելեն մարդոց, որոնք արդէն իրենց կրօնքը ունին

 Նկատած ենք թէ շատեր, որոնք իրենց կրօնքը ունին, կը սիրեն աստուածաշնչական նիւթերու մասին խօսիլ։ Անշուշտ, կը յարգենք անձնական կրօնք մը ունենալու անհատին իրաւունքը եւ մեր պատգամը չենք պարտադրեր։

 Երբ կրօնքի վերաբերող նիւթեր կը քննարկենք, կը ջանանք կիրարկել Աստուածաշունչի խրատը, որ կ’ըսէ թէ ուրիշներու հետ «հեզութեամբ» խօսինք եւ «երկիւղածութեամբ» վարուինք (Ա. Պետրոս 3։15)։ Կ’ակնկալենք թէ ոմանք մեր տուած պատգամը պիտի մերժեն (Մատթէոս 10։14)։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ մարդոց հակազդեցութիւնը, եթէ անոնց հետ չխօսինք։ Ասկէ զատ, կը գիտակցինք թէ մարդոց պարագաները կրնան փոխուիլ։

 Օրինակ, թերեւս օր մը հանդիպինք անհատի մը, որ շատ զբաղած ըլլալով չկարենայ մեզի հետ խօսիլ, բայց հաւանաբար ուրիշ օր մը փափաքի ժամանակ յատկացնել։ Ասկէ զատ, կրնայ ըլլալ որ մարդոց պարագաները փոխուին կամ թերեւս դիմագրաւեն այնպիսի խնդիրներ, որոնք զիրենք մղեն Աստուածաշունչի պատգամով հետաքրքրուելու։ Անոր համար կը ջանանք մէկէ աւելի անգամներ մարդոց հետ խօսիլ։