Եհովայի վկաները սիոնակա՞ն են
Ո՛չ, սիոնական չեն։ Եհովայի վկաները քրիստոնեայ են եւ իրենց հաւատալիքները հիմնուած են Աստուածաշունչի՛ն վրայ։ Թէեւ կարգ մը կրօնքներ կը սորվեցնեն, թէ Պաղեստինի մէջ հրեաներուն համախմբուիլը կապ ունի Աստուածաշունչի մարգարէութեան հետ, բայց Եհովայի վկաները այդ կարծիքին համամիտ չեն։ Մենք չենք հաւատար, թէ Աստուածաշունչը այս քաղաքական զարգացումին մասին մարգարէացած էր։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ որեւէ մարդկային կառավարութիւն, ցեղ կամ ժողովուրդ միւսներէն գերադաս է։ Դիտարան–ը՝ Եհովայի վկաներուն պաշտօնական պարբերաթերթը՝ յստակ կերպով նշած է. «Աստուածաշունչը թիկունք չի կանգնիր քաղաքական սիոնականութեան»։
Համայնագիտարան մը սիոնականութիւնը կը նկարագրէ որպէս «հրէական ազգայնական շարժում մը, որուն նպատակն է Պաղեստինի մէջ հրէական ազգային պետութիւն մը ստեղծել եւ անոր աջակցիլ» (Encyclopædia Britannica)։ Անիկա թէ՛ կրօնական եւ թէ քաղաքական արմատներ ունի։ Եհովայի վկաները չեն որդեգրեր սիոնականութիւնը որպէս կրօնական վարդապետութիւն. իսկ քաղաքական սիոնականութենէն ամբողջովին չէզոք կը մնան։
Եհովայի վկաներու կազմակերպութիւնը ամբողջովին կրօնական է եւ թիկունք չի կանգնիր որեւէ քաղաքական շարժումի, ներառեալ՝ սիոնականութեան։ Եհովայի վկաներուն քաղաքական չէզոքութիւնը վաւերագրուած է. կարգ մը երկիրներու մէջ Վկաները բուռն կերպով հալածուած են, քանի որ իրենց չէզոք կեցուածքին մէջ զիջումներ չեն ըրած։ Մենք համոզուած ենք, որ միայն Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնն է որ աշխարհի վրայ մնայուն խաղաղութիւն պիտի բերէ. ո՛չ մէկ մարդկային կառավարութիւն կամ շարժում կրնայ այդ մէկը իրագործել։
Մեր կրօնական հաւատալիքներուն հիմնական սկզբունքներէն մէկն այն է, թէ ո՛ւր որ ալ ապրինք, կառավարութիւններու օրէնքներուն կը հնազանդինք։ Մենք չենք ըմբոստանար կառավարական հեղինակութիւններու դէմ, ոչ ալ զինեալ բախումներու կը մասնակցինք։