Եհովայի վկաները ինչո՞ւ փոխած են իրենց կարգ մը հաւատալիքները
Մենք միշտ գործածած ենք Աստուածաշունչը որպէս մեր հաւատալիքներուն միակ աղբիւրը։ Անոր համար, մինչ մեր Սուրբ Գրութիւններու հասկացողութիւնը աւելի յստակացած է, մեր հաւատալիքները ճշդած ենք a։
Այսպիսի փոփոխութիւններ ներդաշնակ են Առակաց 4։18–ին մէջ նշուած Աստուածաշունչի սկզբունքին հետ։ Հոն կ’ըսէ. «Արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։ Ճիշդ ինչպէս որ ծագող արեւը տեսարանի մը մանրամասնութիւնները կամաց–կամաց յստակ կը դարձնէ, նոյնպէս Աստուած մեզի աստիճանաբար կը հասկցնէ աստուածային ճշմարտութիւններ՝ յարմար ժամանակին (Ա. Պետրոս 1։10-12)։ Եւ ինչպէս որ Աստուածաշունչը մարգարէացած էր, ան այս բանը արագացուցած է «վերջին ժամանակ»ին (Դանիէլ 12։4)։
Մեր հասկացողութեան մէջ եղած այս ճշդումները պէտք չէ մեզ զարմացնեն կամ տակնուվրայ ընեն։ Անցեալին, Աստուծոյ ծառաներն ալ սխալ գաղափարներ եւ ակնկալութիւններ ունէին եւ պէտք էր իրենց տեսակէտը ճշդէին։
Մովսէս իսրայէլ ազգին համար ինքզինք որպէս ազատարար ներկայացուց Աստուծոյ որոշած ժամանակէն 40 տարի առաջ (Գործք 7։23-25, 30, 35)։
Առաքեալները Մեսիային մահուան եւ յարութեան առնչուող մարգարէութիւնը չհասկցան (Եսայի 53։8-12. Մատթէոս 16։21-23)։
Առաջին դարու քրիստոնեաներէն ոմանք սխալ գաղափարներ կազմած էին ‘Եհովայի օրուան’ ժամանակին մասին (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։1, 2, ՆԱ)։
Աստուած ետքը անոնց հասկացողութիւնը ճշդեց. եւ մենք կ’աղօթենք որ նոյնը ընէ այսօր (Յակոբոս 1։5)։
a Աստուածաշունչի մեր հասկացողութեան մէջ եղած փոփոխութիւնները մենք գաղտնի չենք պահեր։ Ընդհակառակը, մենք ատոնք կը հրատարակենք։ Օրինակ, Դիտարանի առցանց գրադարան–ին մէջ տպէ «Յստակացած հաւատալիքներ» եւ աչքէ անցուր արդիւնքները։