Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ճշգրի՞տ է
Նոր աշխարհի թարգմանութեան a առաջին մասը լոյս տեսաւ 1950–ին։ Այդ թուականէն ի վեր, ոմանք անոր ճշգրտութիւնը հարցականի տակ դրած են, իսկ ուրիշներ՝ քննադատած, քանի որ կարգ մը տեղեր անիկա միւս թարգմանութիւններէն կը տարբերի։ Այս տարբերութիւններուն պատճառը յաճախ հետեւեալներէն մէկը կրնայ ըլլալ։
Վստահելիութիւն։ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը հիմնուած է գիտական արդի հետազօտութիւններու եւ վաղեմի ամենավստահելի ձեռագիրներու վրայ։ Առ ի հակապատկեր, Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչ–ին 1611–ի հրատարակութիւնը հիմնուած էր ձեռագիրներու վրայ, որոնք այդքան ալ ճշգրիտ եւ հին չէին, որքան այն ձեռագիրները, որոնք օգտագործուեցան Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը հրատարակելու համար։
Հաւատարմութիւն։ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ամէն ջանք թափած է որ մարդկութեան ուղղուած Աստուծոյ պատգամը փոխանցէ այնպէս՝ ինչպէս որ Աստուած ինք ներշնչած էր իր ծառաներուն (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Աստուածաշունչի բազմաթիւ թարգմանութիւններ Աստուծոյ պատգամը հաւատարմօրէն փոխանցելը կը զոհեն, պարզապէս մարդկային սովորութիւնները պահպանելու համար։ Օրինակ, անոնք Աստուծոյ անունը՝ Եհովա՝ կը փոխարինեն Տէր կամ Աստուած տիտղոսներով։
Բառացի ըլլալ։ Այլ թարգմանութիւններու հակառակը, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը Աստուածաշունչին բուն միտքը անձնական բառերով շարադրելու փոխարէն զայն բառացիօրէն կը թարգմանէ, այնքան ատեն որ անիկա բնական ու հասկնալի է եւ իմաստը՝ յստակ։ Իսկ այն թարգմանութիւնները, որոնք մեկնաբանելու մեթոտին կը հետեւին, կրնան մարդկային գաղափարներ մտցնել կամ կարեւոր մանրամասնութիւններ ջնջել։
Նոր աշխարհի թարգմանութեան եւ այլ թարգմանութիւններու միջեւ տարբերութիւնը
Պակաս գիրքեր։ Կաթողիկէ եկեղեցիին եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիին Աստուածաշունչերը կը պարփակեն գիրքեր, որոնք ճանչցուած են որպէս՝ պարականոն գիրքեր կամ անվաւեր մատեաններ։ Այս գիրքերը հրէական կանոնին մէջ չպարփակուեցան. եւ ուշադրութեան արժանի է թէ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ «Աստուծոյ պատգամները անոնց [հրեաներուն] վստահուեցան» (Հռովմայեցիս 3։1, 2)։ Անոր համար, պարականոն գիրքերը չեն պարփակուած Նոր աշխարհի թարգմանութեան եւ բազմաթիւ այլ արդի Աստուածաշունչի թարգմանութիւններու մէջ։
Պակաս համարներ։ Կարգ մը թարգմանութիւններ կ’աւելցնեն համարներ եւ արտայայտութիւններ, որոնք Աստուածաշունչի ամենահին ձեռագիրներուն մէջ չկան. բայց Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը զանոնք կը ջնջէ b։ Բազմաթիւ արդի թարգմանութիւններ այս աւելցուած համարները կա՛մ կը ջնջեն, կամ ալ կը նշեն թէ ատոնք հին եւ վաւերական ձեռագիրներուն մէջ չկան։
Իմաստը պահպանել։ Երբեմն բառացի թարգմանութիւնները յստակ չեն ըլլար կամ իմաստը սխալ կերպով կը հաղորդեն։ Օրինակ, Մատթէոս 5։3–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքը յաճախ կը թարգմանուի. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն»։ Շատերու համար «հոգիով աղքատներ» արտայայտութիւնը անհասկնալի է. ոմանք ալ կը խորհին թէ Յիսուս կը շեշտէր խոնարհ կամ աղքատ ըլլալու գաղափարը։ Բայց Յիսուս հոս կը նշէր թէ մարդիկ իսկապէս երջանիկ կ’ըլլան, երբ Աստուծոյ առաջնորդութեան կարիքին գիտակցին։ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը Յիսուսի միտքը ճշգրիտ կերպով կը հաղորդէ՝ ըսելով. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատթէոս 5։3) c։
Գովասանքի խօսքեր Նոր աշխարհի թարգմանութեան մասին ոչ–Վկայ աստուածաշնչագէտներու կողմէ
Նշանաւոր աստուածաշնչագէտ՝ Էտկար Ճ. Կուտսփիտ, 8 դեկտեմբեր 1950 թուակիր նամակի մը մէջ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան մասին գրեց. «Ձեր գործունէութեամբ եւ անոր համաշխարհային տարողութեամբ հետաքրքրուած եմ։ Նաեւ շատ կը հաւնիմ ձեր բնական, յստակ եւ վառ թարգմանութիւնը։ Կրնամ ըսել թէ յայտնի է որ հսկայ եւ լուրջ աշխատանք տարուած է անոր վրայ»։
Շիքակօ համալսարանի փրոֆէսոր՝ Ալէն Ուիքկրըն նշեց, թէ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը արդի լեզուով թարգմանուած Աստուածաշունչի լաւագոյն թարգմանութիւններէն մէկն է։ Անիկա չէ առնուած ուրիշ թարգմանութիւններէ, այլ «թարգմանուած է բնագիրներէն» (The Interpreter’s Bible, Հատոր 1, էջ 99)։
Աստուածաշունչի քննադատ՝ բրիտանացի Ալեքսանդր Թոմսըն՝ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան մասին գրեց. «Այս թարգմանութիւնը փաստացիօրէն հմուտ եւ ուշիմ ուսումնականներու աշխատանքն է, որոնք ջանացած են անգլերէն լեզուին արտօնած չափով, կարելի եղածին չափ յունարէն բնագրին իսկական իմաստը մէջտեղ հանել» (The Differentiator, ապրիլ 1952, էջ 52)։
Թէեւ Ռապըրթ Մագգոյ ըսաւ որ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ունի թէ՛ տարօրինակ արտայայտութիւններ եւ թէ առաւելութիւններ, բայց իր տեսակէտը ամփոփեց հետեւեալ խօսքերով. «Նոր Կտակարանի թարգմանութիւնը ապացոյց մըն է, թէ այս շարժումին [Եհովայի վկաներ] մէջ կան որակեալ ուսումնականներ, որոնք կրցած են հմտութեամբ յաջող լուծումներ գտնել Աստուածաշունչի թարգմանութեան վերաբերող բարդ խնդիրներու» (Andover Newton Quarterly, յունուար 1963, էջ 31)։
Թէեւ փրոֆէսոր Ս. Մէքլիըն Կիլմուր չի համաձայնիր Նոր աշխարհի թարգմանութեան որոշ հատուածներու թարգմանութեան, բայց կ’ընդունի որ թարգմանիչները «յունարէն լեզուի բացառիկ ըմբռնում ունին» (Andover Newton Quarterly, սեպտեմբեր 1966, էջ 26)։
Փրոֆէսոր Թոմաս Ն. Ուինթըր խօսելով Նոր աշխարհի թարգմանութեան մասին, որ Յունարէն Գրութիւններու Թագաւորութեան տողընդմիջեայ թարգմանութեան մէկ մասը կը կազմէ, գրեց. «Այս թարգմանութիւնը, որուն յանձնախումբի անդամներուն անունները չեն նշուած, հետազօտութիւններուն հետ համընթաց է եւ ամբողջովին ճշգրիտ» (The Classical Journal, ապրիլ–մայիս 1974, էջ 376)։
Եբրայերէնի մասնագէտ՝ ուսումնական Բենիամին Քետար–Քոփսդայն 1989–ին ըսաւ. «Երբ եբրայերէն բնագիրի եւ անոր թարգմանութիւններուն հետ կապուած լեզուաբանական հետազօտութիւններ կ’ընեմ, յաճախ կը դիմեմ անգլերէն հրատարակութեան մը, որ ծանօթ է Նոր աշխարհի թարգմանութիւն անունով։ Այսպէս ընելով, ամէն անգամ ա՛լ աւելի կը համոզուիմ թէ այս աշխատանքը անկեղծ ջանքերու արդիւնքն է՝ որպէսզի նիւթը կարելի եղածին չափ ճշգրիտ կերպով փոխանցուի»։
Կրօնական ուսումնասիրութիւններու փրոֆէսոր Ճէյսըն Տէյվիտ Պէտուն Աստուածաշունչի անգլերէն ինը հիմնական թարգմանութիւններ վերլուծելէ ետք, գրեց. «ՆԱ–ը [Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը] ամէնէն ճշգրիտ թարգմանութիւնն է»։ Թէեւ մարդիկ եւ բազմաթիւ աստուածաշնչագէտներ կ’ենթադրեն, թէ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը տարբեր է անոր թարգմանիչներուն տարբեր կրօնքի պատկանելուն պատճառաւ, բայց Պէտուն նշեց. «Տարբերութիւններուն մեծամասնութեան պատճառը այն է, թէ ՆԱ–ը շատ աւելի ճշգրիտ է, քանի որ բառացիօրէն եւ զգուշութեամբ կը փոխանցէ Նոր Կտակարանը գրողներուն արտայայտութիւնները» (Truth in Translation, էջ 163, 165)։
a Դիտողութիւնները կը կիրարկուին անգլերէն Նոր աշխարհի թարգմանութեան տարբերակներուն, բայց ոչ 2013–ի վերստուգուած տարբերակին։
b Օրինակ, տե՛ս Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ եւ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով թարգմանութիւնները։ Հետեւեալ համարները աւելցուած են՝ Մատթէոս 17։20. 18։11. 23։14. Մարկոս 7։16. 9։43, 45. 11։26. 15։28. Ղուկաս 17։35բ. 23։17. Յովհաննէս 5։4. Գործք 8։37. 15։34. 24։6բ-8ա. 28։29 եւ Հռովմայեցիս 16։24։ Այս թարգմանութիւնները Ա. Յովհաննէս 5։7, 8–ին մէջ կը բովանդակեն Երրորդութեան վարդապետութիւնը ջատագովող արտայայտութիւն մը, որ աւելցուած է Աստուածաշունչը գրուելէն հարիւրաւոր տարիներ ետք։
c Համանման կերպով, այլ թարգմանութիւններ Մատթէոս 5։3–ը կը թարգմանեն հետեւեալ կերպերով. «Անոնք, որոնք կը գիտակցին թէ Աստուծոյ կարիքը ունին» եւ «անոնք, որոնք գիտեն իրենց հոգեւոր կարիքները»։