Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս իրենց գործունէութեան ծախսերը կը գոցեն
Մեր համաշխարհային գործին ծախսերը կը գոցուին կամաւոր նուիրատուութիւններով անհատներու կողմէ, որոնք Եհովայի վկաներ են a։ Մեր ժողովներու վայրերուն մէջ նուիրատուութեան տուփեր կան, եւ «Նուիրատուութիւններ» էջին վրայ՝ նուիրատուութիւն ընելու ուրիշ կերպեր ալ յիշուած են։ Անհատը կրնայ նուիրատուութիւն ընել մեր համաշխարհային գործին համար, ժողովքին ծախսերուն համար կամ երկուքին համար։
Եհովայի վկաներէն չի պահանջուիր տասանորդ վճարել կամ իրենց եկամուտէն որոշ գումար մը կամ տոկոս մը նուիրատուութիւն ընել (Բ. Կորնթացիս 9։7)։ Մեր ժողովներուն մուտքը ձրի է, եւ մենք բնա՛ւ հանգանակութեան ափսէ չենք դարձներ, եւ մեր եղբայրները դրամ չեն առներ՝ մկրտութիւն, թաղում, ամուսնութիւն կամ ուրիշ կրօնական ծառայութիւններ ընելու համար։ Մենք դրամ չենք հաւաքեր ուտելիքներ ծախելով, պազարներով, պինկոյի խաղերով, ճաշկերոյթներով, վիճակախաղերով (raffle) կամ ուրիշ կերպերով, ոչ ալ ուղղակի անհատներէ նուիրատուութիւններ կը խնդրենք։ Եւ նուիրատուութիւն ընողներուն մասին ո՛չ մէկ տեղեկութիւն կը տրուի ուրիշներուն (Մատթէոս 6։2-4)։ Մեր կայքին վրայ եւ հրատարակութիւններուն մէջ չենք դներ ծանուցումներ, դրամ շահելու նպատակով։
Եհովայի վկաներուն ամէն մէկ ժողովքը հաշիւներու ամսական տեղեկագիր կը ներկայացնէ իր ժողովներուն մէջ, որոնց ոեւէ մէկը կրնայ ներկայ ըլլալ։ Իւրաքանչիւր ժողովքին հաշիւները կանոնաւորաբար կը ստուգուին, վստահ ըլլալու համար, որ նուիրատուութիւնները ճիշդ կերպով կը գործածուին (Բ. Կորնթացիս 8։20, 21)։
Նուիրատուութիւն ընելու կերպեր
Նուիրատուութեան տուփեր։ Թագաւորութեան սրահին մէջ, համաժողովի սրահին մէջ կամ ուր որ ժողովներ կ’ունենանք, նուիրատուութեան տուփեր կան, որոնց մէջ կրնաս դրամ կամ չէք դնել։
Առցանց նուիրատուութիւններ։ Շատ մը երկիրներու մէջ, կրնաս «Նուիրատուութիւն ընել» էջին միջոցաւ նուիրատուութիւններ ընել՝ գործածելով ելեկտրոնային մեթոտներ, ինչպէս՝ քրետիթ քարտ, տեպեթային քարտ (debit card) եւ դրամատան հաշիւէն նուիրատուութիւն ուղարկել (bank transfer) b։ Վկաներէն ոմանք կ’որոշեն գումար մը մէկ կողմ դնել այնպէս մը, որ ամէն ամիս ինքնաբերաբար նուիրատուութիւն կատարուի այս մեթոտներէն մէկուն միջոցաւ (Ա. Կորնթացիս 16։2)։
Ծրագրուած նուիրատուութիւն։ Կարգ մը նուիրատուութեան մեթոտներ կը պահանջեն առաջուընէ ծրագրել եւ/կամ փաստաբանէ մը օգնութիւն խնդրել։ Այսպիսի ծրագրում կրնայ քեզի թոյլ տալ, որ նուազ տուրք վճարես։ Շատեր օգտուած են աւելի գաղափար առնելով բարեսիրական նուիրատուութիւններու մասին, որոնք կարելի է ընել կեանքի ընթացքին կամ որոնք ի զօրու կը դառնան մահէն ետք։ Հաճիս Եհովայի վկաներու տեղական մասնաճիւղին հետ կապ պահէ, աւելին գիտնալու համար, եթէ կ’ուզես նուիրատուութիւն մը ընել, որ կապ ունի հետեւեալներուն հետ.
դրամատան հաշիւներ (bank account)
ապահովագրութեան (insurance) եւ հանգստաթոշակի (retirement) ծրագիրներ
անշարժ գոյք (real estate)
արժեթուղթեր (stock) եւ պարտատոմսեր (bond)
կտակներ (will) եւ աւանդներ (trust)
Շրջանիդ մէջ նուիրատուութիւն ընելու մեթոտներուն մասին աւելի գիտնալու համար, տե՛ս «Նուիրատուութիւն ընել» էջը։
a Վկայ չեղողներէն ոմանք ալ մեր գործունէութեան համար նուիրատուութիւններ կ’ընեն։
b Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տե՛ս Ելեկտրոնային ձեւով նուիրատուութիւն ընելու նկատմամբ ուղղութիւն վիտէոն։