Եհովայի վկաները կը խորհի՞ն որ միայն իրենք պիտի փրկուին
Ո՛չ։ Անցեալին ապրած միլիոնաւորներ, որոնք Եհովայի վկաներ չէին, փրկուելու պատեհութիւնը պիտի ունենան։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ «յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։ Ասկէ զատ, ներկայիս մարդոցմէ շատեր թերեւս Աստուծոյ ծառաները ըլլան, եւ իրենք ալ փրկուին։ Ամէն պարագայի, մեր գործը չէ դատել թէ ո՛վ պիտի փրկուի եւ ով՝ ոչ։ Այդ գործը միմիայն Յիսուսին նշանակուած է (Յովհաննէս 5։22, 27)։