Եհովայի վկաները կը հաւատա՞ն թէ երկրագունդը բառացի 6 օրուան մէջ ստեղծուեցաւ
Ո՛չ։ Ճիշդ է որ Եհովայի վկաները կը հաւատա՛ն որ Աստուած ամէն բան ստեղծեց. բայց չեն ընդունիր ստեղծականութիւնը, այսինքն՝ այն տեսութիւնը, թէ երկրագունդը 24 ժամէ բաղկացած 6 օրուան մէջ ստեղծուեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ տեսութեան վերաբերող կարգ մը գաղափարներ Աստուածաշունչին կը հակասեն։ Նկատի առ հետեւեալ երկու օրինակները.
Ստեղծագործութեան վեց օրերուն տեւողութիւնը։ Ստեղծականութեան ջատագովներէն ոմանք կը պնդեն, թէ երկրագունդը բառացի 24 ժամէ բաղկացած վեց օրերու մէջ ստեղծուեցաւ։ Բայց Աստուածաշունչին մէջ «օր» բառը կրնայ ակնարկել նաեւ բաւական երկար ժամանակաշրջանի (Ծննդոց 2։4 Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով. Սաղմոս 90։4)։
Երկրագունդին տարիքը։ Ստեղծականութեան ջատագովներէն ոմանք կը սորվեցնեն, թէ երկրագունդը միայն քանի մը հազար տարի առաջ մէջտեղ եկաւ։ Բայց ըստ Աստուածաշունչին, երկրագունդը եւ տիեզերքը ստեղծագործութեան վեց օրերէն առաջ գոյացան (Ծննդոց 1։1)։ Այս պատճառով է որ Եհովայի վկաները հակառակ չեն գիտական վստահելի փնտռտուքներու, որոնք ցոյց կու տան թէ երկրագունդը միլիառաւոր տարիներ առաջ գոյութիւն ունեցած ըլլալու է։
Թէեւ Եհովայի վկաները ստեղծագործութեան կը հաւատան, սակայն գիտութեան դէմ չեն։ Մենք համոզուած ենք, որ գիտական վստահելի ապացոյցներուն եւ Աստուածաշունչին միջեւ հակասութիւն չկայ։