Եհովայի վկաները ինչո՞ւ ծննդեան տարեդարձ չեն տօներ
Եհովայի վկաները ծննդեան տարեդարձ չեն տօներ, քանի որ համոզուած են որ անիկա Աստուած կը տհաճեցնէ։ Թէեւ Աստուածաշունչը բացէ ի բաց չ’արգիլեր ծննդեան տարեդարձ տօնելը, բայց մեզի կ’օգնէ հասկնալու անոր հետ կապուած սովորութիւնները եւ անոնց նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը։ Նկատի առնենք չորս երեսակներ եւ անոնց հետ կապուած աստուածաշնչական սկզբունքներ։
Ծննդեան տարեդարձը հեթանոսական արմատներ ունի։ Ըստ բառարանի մը, այս տօնը ծագում առած է այն հաւատալիքէն թէ անհատին ծննդեան օրը «չար ոգիները եւ ուժերը պատեհութիւն ունին տօնակատար անհատին վրայ յարձակելու» եւ թէ «բարեկամներու ներկայութիւնը եւ բարի մաղթանքներ ընելը անհատը կը պաշտպանեն» (Funk & Wagnalls Standard Dictionary of Folklore, Mythology, and Legend)։ Գիրք մը կ’ըսէ, թէ հին օրերուն ծննդեան օրը արձանագրելը «կարեւոր էր աստղերու միջոցաւ գուշակութիւն ընելու համար». այդ գուշակութիւնը հիմնուած էր «աստղաբանական խորհրդաւոր գիտութեան վրայ» (The Lore of Birthdays)։ Գիրքը կ’աւելցնէ, թէ «ժողովրդական աւանդութեան համաձայն, տարեդարձի մոմերը փափաքներ իրականացնելու կախարդական զօրութիւն ունին»։
Բայց Աստուածաշունչը կը դատապարտէ կախարդութիւնը, գուշակութիւնը, ոգեհարցութիւնը կամ նման բաներ (Բ. Օրինաց 18։14. Գաղատացիս 5։19-21)։ Պատճառներէն մէկը թէ Աստուած ինչո՛ւ վաղեմի Բաբելոն քաղաքը դատապարտեց այն է, թէ անոր բնակիչները կը զբաղէին աստղաբաշխութեամբ, որ գուշակութեան մէկ ձեւն է (Եսայի 47։11-15)։ Եհովայի վկաները իւրաքանչիւր սովորութեան արմատները մանրամասնօրէն չեն քններ, բայց երբ Սուրբ Գիրքը յստակ ուղղութիւններ տայ, ատոնք չեն անտեսեր։
Առաջին դարու քրիստոնեաները ծննդեան տարեդարձ չէին տօներ։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ, թէ «անոնք ոեւէ մէկուն ծնունդը տօնելը հեթանոսական սովորութիւն կը նկատէին» (The World Book Encyclopedia)։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ առաքեալները եւ ուրիշներ, որոնց Յիսուս ուղղակի ուսուցանեց, բոլոր քրիստոնեաներուն օրինակ ձգեցին, որպէսզի իրենց հետեւին (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։6)։
Միակ տօնը որ քրիստոնեաներէն պահանջուած է տօնել Յիսուսի մահն է եւ ոչ թէ ծնունդը (Ղուկաս 22։17-20)։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բարի անունը՝ հոտաւէտ իւղէն ու մահուան օրը ծննդեան օրէն աղէկ է» (Ժողովող 7։1)։ Իր երկրային կեանքին վերջաւորութեան, Յիսուս Աստուծոյ քով լաւ անուն շահած էր, իր մահուան օրը իր ծննդեան օրէն աւելի կարեւոր դարձնելով (Եբրայեցիս 1։4)։
Աստուածաշունչը բնա՛ւ չի նշեր թէ Աստուծոյ ծառաները ծննդեան տարեդարձ կը տօնէին։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը չի խօսիր տարեդարձ տօնելու մասին, բայց կը նշէ երկու ծննդեան տարեդարձներ, որոնք Աստուծոյ չծառայող անհատներ տօնած են։ Եւ այդ երկու պատմութիւններն ալ ժխտական կերպով ներկայացուած են (Ծննդոց 40։20-22. Մարկոս 6։21-29)։
Վկայ ծնողներու զաւակները կը զգա՞ն թէ բանէ մը զրկուած են ծննդեան տարեդարձ չտօնելուն պատճառաւ
Բոլոր հոգատար ծնողներու նման, Վկաները իրենց զաւակներուն հանդէպ իրենց սէրը կը ցուցաբերեն ամբողջ տարուան ընթացքին, իրենց բերելով նուէրներ եւ կազմակերպելով հաճելի հաւաքոյթներ։ Անոնք ջանք կը թափեն հետեւելու Աստուծոյ կատարեալ օրինակին, որ ամէն ատեն իր զաւակներուն լաւ բաներ կու տայ (Մատթէոս 7։11)։ Վկայ ծնողներուն զաւակները զրկուած չեն զգար, ինչպէս որ հետեւեալ խօսքերը ցոյց կու տան.
«Աւելի կ’ուրախանամ երբ չսպասած ժամանակիս նուէր կը ստանամ» (Թէմի, 12 տարեկան)։
«Ճիշդ է որ տարեդարձիս օրը նուէրներ չեմ առներ, բայց մամաս եւ պապաս ինծի ուրիշ օրեր նուէրներ կը գնեն։ Ասիկա կը սիրեմ քանի որ անակնկալի կու գամ» (Կրէկըրի, 11 տարեկան)։
«Կը կարծե՞ս որ 10 վայրկեանը, կարկանդակը եւ երգ մը երգելը հաւաքոյթ ըսել է։ Պէտք է ի՛մ տունս գաս եւ տեսնես ի՛նչ ըսել է՝ հաւաքոյթ» (Էրիք, 6 տարեկան)։