Ի՞նչ է Եհովայի վկաներուն տեսակէտը գիտութեան նկատմամբ
Մենք կը յարգենք գիտութեան իրագործումները եւ կը վստահինք այն գիտական յայտնաբերումներուն, որոնք հիմնուած են ապացոյցներու վրայ։
Ըստ բառարանի մը, «գիտութիւնը բնութեան եւ ապրող էակներուն ուսումնասիրութիւնն ու անոնց մասին ձեռք ձգուած տեղեկութիւնն է» (Collins Cobuild Advanced Learner’s English Dictionary)։ Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքը գիտական դասագիրք չէ, բայց ատիկա մեզ կը քաջալերէ, որ բնական աշխարհը սերտենք եւ գիտական յայտնաբերումներէն օգտուինք։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ.
Աստղագիտութիւն. «Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ» (Եսայի 40։26)։
Կենսաբանութիւն. Սողոմոն «ծառերուն վրայ խօսեցաւ, Լիբանանի եղեւինէն մինչեւ պատի վրայ բուսնող զոպան։ Նաեւ անասուններու վրայ, թռչուններու վրայ, սողուններու վրայ ու ձուկերու վրայ խօսեցաւ» (Գ. Թագաւորաց 4։33)։
Բժշկութիւն. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն» (Ղուկաս 5։31)։
Օդերեւութաբանութիւն. «Ձիւնին շտեմարանները մտե՞ր ես ու կարկուտին գանձերը տեսե՞ր ես... ի՞նչպէս արեւելեան հովը երկրի վրայ կը տարածուի» (Յոբ 38։22-24)։
Մեր հրատարակութիւններէն յստակ է որ մենք կ’արժեւորենք գիտութիւնը, քանի որ անոնց մէջ կ’անցնին բնութեան եւ գիտական իրագործումներու մասին յօդուածներ։ Եհովայի վկաները իրենց զաւակներուն մէջ բնութեան հանդէպ սէր կը զարգացնեն, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին բնութիւնը արժեւորեն։ Ասկէ զատ, կան Եհովայի վկաներ, որոնք կենսաքիմիագիտութեան, թուաբանութեան եւ բնագիտութեան մարզերուն մէջ կ’աշխատին։
Գիտութեան սահմանափակումները
Գիտութիւնը մարդոց բոլոր հարցումներուն պատասխանները չի տար a։ Օրինակ, երկրաբանները կ’ուսումնասիրեն, որ երկիր մոլորակը ի՛նչ բաղադրութիւն ունի, իսկ կենսաբանները կը սերտեն թէ մեր մարմինը ինչպէ՛ս կ’աշխատի։ Բայց արդեօք երկիրը ինչո՞ւ ապրելու իտէալ վայր է եւ մեր մարմնին տարբեր անդամները ինչո՞ւ ա՛յսքան ներդաշնակ կը գործեն։
Միայն Սուրբ Գիրքը այս երկու հարցումներուն պատասխանը կու տայ (Սաղմոս 139։13-16. Եսայի 45։18)։ Անոր համար, մենք կը հաւատանք որ պէտք է սերտել թէ՛ գիտութիւնը եւ թէ Աստուածաշունչը։
Երբեմն, այնպէս կ’երեւի որ գիտութիւնը կը հակասէ Աստուածաշունչին։ Ինչո՞ւ։ Նախ, կրնայ ըլլալ որ մարդիկ յստակ կերպով չեն հասկցած, թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչը չի սորվեցներ, որ երկիրը ստեղծուեցաւ բառացի վեց օրուան մէջ (Ծննդոց 1։1. 2։4)։
Երկրորդ, քանի որ կարգ մը հանրածանօթ տեսութիւններ բաւարար գիտական ապացոյցներ չունին եւ չեն ընդունուած համբաւաւոր գիտնականներու կողմէ։ Օրինակ, բնութեան մէջ ամէն բան յստակ կերպով ցոյց կու տայ, թէ մտացի Ստեղծիչ գոյութիւն ունի։ Անոր համար մենք համամիտ ենք շատ մը կենսաբաններու, քիմիագէտներու եւ ուրիշ մասնագէտներու, որոնք եզրակացուցած են, որ ապրող էակները չեն բարեշրջուած պատահական փոփոխութեան եւ կամ բնական ընտրութեան պատճառով։
a Աւստրիացի բնագէտ եւ Նոպէլեան մրցանակին արժանացած Էրուին Շրոտինկըր գրեց, որ գիտութիւնը «լուռ է... այն բոլոր հարցերուն շուրջ, որոնք մօտ են մեր սրտին եւ մեզի համար շատ կարեւոր են»։ Իսկ Ալպերթ Այնշթայնը ըսաւ. «Մեր դառն փորձառութիւնը մեզի սորվեցուց, որ միայն տրամաբանական մտածելակերպը բաւարար չէ ընկերային կեանքի խնդիրները լուծելու»։