Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ Եհովայի վկաները կարգ մը տօներ չեն տօներ

Ինչո՞ւ Եհովայի վկաները կարգ մը տօներ չեն տօներ

 Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս կ’որոշեն տօն մը տօնել կամ ոչ

 Տօն մը տօնել կամ չտօնել որոշելէ առաջ, Եհովայի վկաները Սուրբ Գիրքին կը դիմեն։ Կարգ մը տօներ յստակօրէն սուրբգրային սկզբունքներու դէմ են եւ Եհովայի վկաները ատոնց չեն մասնակցիր։ Իսկ գալով ուրիշ տօներու, ամէն մէկ Վկայ իր անձնական որոշումը պիտի առնէ, ջանալով ‘մաքուր խղճմտանք ունենալ Աստուծոյ առջեւ ու մարդոց առջեւ’ (Գործք 24։16

 Նկատի առ կարգ մը հարցումներ, որոնք Եհովայի վկաներուն կ’օգնեն որ տօն մը տօնեն կամ ոչ a։

  •   Արդեօք տօնը ոչ–սուրբգրային ուսուցումի մը վրայ հիմնուա՞ծ է։

     Սուրբ Գիրքի սկզբունք. «‘Ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք’, կ’ըսէ Տէրը, ‘պիղծ բանի մի՛ դպչիք’» (Բ. Կորնթացիս 6։15-17

     Հոգեւորապէս պիղծ կամ Սուրբ Գիրքին հակառակող ուսուցումներէ բոլորովին հեռու մնալու համար, Եհովայի վկաները չեն մասնակցիր տօներու, որոնք հետեւեալ բաներու վրայ հիմնուած են.

     Տօներ, որոնք հիմնուած են չաստուածներու պաշտամունքի վրայ։ Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես» (Մատթէոս 4։10)։ Հետեւելով այդ պատուէրին, Եհովայի վկաները չեն տօներ Սուրբ Ծնունդը, Զատիկը կամ մայիս 1–ը, քանի որ այս տօները հիմնուած են չաստուածներու,– եւ ոչ թէ Եհովա Աստուծոյ,– պաշտամունքին վրայ։ Ասկէ զատ, Վկաները նաեւ չեն մասնակցիր հետեւեալ տօներուն.

    •  Քուանզա։ Այս անունը «յառաջ կու գայ սուահիլի լեզուով մաթունտա եայ քուանզա արտայայտութենէն, որ կը նշանակէ ‘առաջին բերք’, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ տօնը ծագում առած է Ափրիկէի պատմութեան մէջ արձանագրուած բերքահաւաքի առաջին տօնակատարութիւններէն» (Encyclopedia of Black Studies)։ Թէեւ ոմանք Քուանզան կրօնական չեղող տօնակատարութիւն կը նկատեն, բայց համայնագիտարան մը ատիկա կը համեմատէ ափրիկեան փառատօնի մը հետ, որուն ընթացքին առաջին բերքը «կը մատուցանուի՝ չաստուածներուն եւ նախահայրերուն շնորհակալութիւն յայտնելու համար» (Encyclopedia of African Religion)։ Այդ համայնագիտարանին մէջ նաեւ կ’ըսուի, որ «նախահայրերու օրհնութեան համար շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելու նոյն ոգին կարելի է տեսնել նաեւ Քուանզային մէջ, որ ափրիկեան–ամերիկեան տօն է»։

      Քուանզա

    •  Միջաշնանային փառատօն։ Այս փառատօնը նուիրուած է «լուսնի դիցուհիի փառաբանութեան» (Holidays, Festivals, and Celebrations of the World Dictionary)։ Ատիկա կը պարփակէ արարողութիւնը մը, ‘որուն ընթացքին տունին կիները դիցուհիին առջեւ կը խոնարհին’ (Religions of the World—A Comprehensive Encyclopedia of Beliefs and Practices

    •  Նոռուզ։ «Այս փառատօնը ծագում առած է զրադաշտականութենէն եւ կը ներկայացնէ զրադաշտական վաղեմի օրացոյցին ամենասուրբ օրերէն մէկը։ ... Զրադաշտական աւանդութեան համաձայն, Կէսօրուան ոգին, որ ճանչցուած էր որպէս՝ [Ռաբիթուին] եւ որ ձմեռնային ցուրտ ամիսներու ընթացքին Ձմեռուան ոգիին կողմէ գետնին տակը անցած կ’ըլլար, Նոռուզի օրը արարողութիւններով կը դիմաւորուէր կէսօրուան դէմ (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization

    •  Շապ–է Եալտա։ Ձմեռնային արեւադարձի այս տօնակատարութիւնը «անկասկած կապուած է Միհրի (կամ՝ Միթրայի) պաշտամունքին հետ», որ լոյսի չաստուածն է (Sufism in the Secret History of Persia)։ Նոյնպէս կ’ենթադրուի, որ տօնը կրնայ կապ ունենալ հռոմէական եւ յունական արեւու չաստուածներու b պաշտամունքին հետ։

    •  Թէնգսկիվինկ (կամ՝ Գոհատոն)։ Քուանզային պէս, այս տօնը յառաջ եկաւ բերքի նուիրուած վաղեմի տօնակատարութիւններէ, որոնք տարբեր չաստուածներ կը փառաբանէին։ Ժամանակի ընթացքին, «քրիստոնէական եկեղեցին որդեգրեց ժողովրդական այդ հին աւանդութիւնները» (A Great and Godly Adventure—The Pilgrims and the Myth of the First Thanksgiving

     Տօներ, որոնք հիմնուած են բախտի հաւատալու կամ նախապաշարումներու վրայ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ անոնք, որոնք ‘Գադ կուռքին [«Բաղդին», ստորանիշ] սեղան պատրաստեցին, Տէրը թողուցին’ (Եսայի 65։11)։ Անոր համար, Եհովայի վկաները հետեւեալ տօները չեն տօներ.

    •  Իվան Քուբալա։ «Մարդիկ կը կարծէին որ [Իվան Քուբալա] տօնին ժամանակ, բնութիւնը կախարդական ոյժ կ’արձակէ, եւ քաջերն ու բախտաւորները կրնան այդ ուժէն առնել» (The A to Z of Belarus)։ Նախապէս, ատիկա հեթանոսական տօն մըն էր, որ կը նշէր ամառնային արեւադարձը։ Բայց, ըստ համայնագիտարանի մը «քրիստոնէութիւնը ընդունուելէն ետք, ատիկա միացաւ եկեղեցական [Յովհաննէս Մկրտիչ «սուրբին օրուան»] տօնին» (Encyclopedia of Contemporary Russian Culture

    •  Լուսնային Նոր Տարի (Չինական Նոր Տարի կամ Քորէական Նոր Տարի)։ «Որեւէ ատենէ աւելի, տարուան այս ժամանակամիջոցին, ընտանիքներու, բարեկամներու եւ ազգականներու գլխաւոր մտահոգութիւնն է՝ իրենց ձեռքէն եկածը ընել, որ լաւ բաներ պատահին իրենց. չաստուածներն ու ոգիները պատուել եւ յաջորդ տարուան համար իրարու լաւ բախտ մաղթել» (Mooncakes and Hungry Ghosts—Festivals of China)։ Նմանապէս, քորէական Նոր Տարին «կը պարփակէ՝ նախահայրերը պաշտել, չար ոգիներ վռնտելու նպատակով արարողութիւններ կատարել եւ գուշակութիւններ ընել՝ գիտնալու համար թէ Նոր Տարին ի՛նչ պիտի բերէ» (Encyclopedia of New Year’s Holidays Worldwide

      Չինական Նոր Տարի

     Տօներ, որոնք հիմնուած են հոգիի անմահութեան գաղափարին վրայ։ Աստուածաշունչը յստակ կերպով կ’ըսէ, որ հոգին կրնայ մահանալ (Յակոբոս 5։20)։ Անոր համար, Եհովայի վկաները չեն տօներ հետեւեալ տօները, որոնք հոգիի անմահութեան հաւատալիքը յառաջ կը տանին.

    •  Բոլոր ոգիներու օր (կամ՝ Մեռելներու օր)։ Ասիկա «բոլոր հաւատարիմ հանգուցեալներուն յիշատակութեան» օրն է։ «Միջին դարերուն, մարդիկ կը հաւատային որ քաւարանի մէջ գտնուող հոգիները կրնային ուրուականի, կախարդի եւ գորտի կերպարանքով երեւնալ այն մարդոց, որոնք կեանքի ընթացքին իրենց հետ գէշ կերպով վարուած էին» (New Catholic Encyclopedia

    •  Քինկմինկ փառատօն (Չինկ մինկ) եւ Անօթի ուրուականին փառատօնը։ Այս երկու փառատօններուն նպատակն է նախահայրերը պատուել։ Չինկ մինկին ատեն, մարդիկ «ուտելիք, խմելիք եւ թղթադրամ կ’այրեն, վստահ ըլլալու համար որ մեռելներուն կ’ապահովեն ուտելիք, խմելիք եւ դրամ» (Celebrating Life Customs Around the World—From Baby Showers to Funerals)։ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ որ «Անօթի ուրուականին ամսուն, մասնաւորաբար լիալուսնի գիշերը, [փառատօնին մասնակցողները կը հաւատան որ] մեռելներուն եւ ողջերուն միջեւ աւելի մեծ կապ կայ, քան՝ որեւէ ուրիշ գիշեր։ Անոր համար կարեւոր է մեռելներուն հետ հաշտուիլ եւ նախահայրերը պատուել»։

    •  Չուսոկ։ Փառատօնը կը պարփակէ՝ «մեռելներու հոգիներուն ուտելիք եւ գինի ընծայել» (The Korean Tradition of Religion, Society, and Ethics)։ Մարդիկ ասոնք կ’ընծայեն, քանի որ կը հաւատան որ «մարմնի մահէն ետք, հոգին կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ»։

     Խորհրդապաշտութեան հետ կապ ունեցող տօներ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «[Ոեւէ մէկը], որ իր տղան կամ աղջիկը կրակէ անցընէ կամ բաղդ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ. նաեւ կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ [է]... Տէրոջը առջեւ գարշելի կ’ըլլայ» (Բ. Օրինաց 18։10-12)։ Խորհրդապաշտութենէ հեռու մնալու համար, մէջը ըլլալով՝ աստղաբաշխութիւնը (որ գուշակութեան տեսակ մըն է), Եհովայի վկաները չեն տօներ Հէլլոուինը կամ հետեւեալ տօները.

    •  Սինհալա եւ Թամիլ Նոր Տարի։ «Այս տօներուն հետ կապ ունեցող աւանդական արարողութիւնները կը պարփակեն որոշ բաներ, որոնք մարդիկ կ’ընեն՝ աստղաբաշխօրէն որոշուած բախտաւոր ժամանակներուն» (Encyclopedia of Sri Lanka

    •  Սոնկքրան։ Այս ասիական փառատօնին անունը «առնուած է սանսկրիտերէն բառէ մը, որ կը նշանակէ ‘փոխադրութիւն’ կամ ‘փոփոխութիւն’ եւ [փառատօնը] կը նշէ արեւուն փոխադրուիլը դէպի զոդիակոսի Խոյի համաստեղութիւն» (Food, Feasts, and Faith—An Encyclopedia of Food Culture in World Religions

     Տօնակատարութիւններ, որոնք Մովսիսական օրէնքին մաս կը կազմեն, բայց Յիսուսի զոհը ատոնց վերջ դրաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Օրէնքին վախճանը Քրիստոս է» (Հռովմայեցիս 10։4)։ Քրիստոնեաները տակաւին կ’օգտուին անցեալի իսրայէլ ազգին տրուած Մովսիսական օրէնքին սկզբունքներէն։ Բայց չեն տօներ ատոր տօները, մանաւանդ տօներ որոնք կը բնորոշեն Մեսիան, քանի որ քրիստոնեաները կը հաւատան թէ ան արդէն եկած է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ այդ տօները «գալու բաներուն շուքն են, բայց բուն մարմինը Քրիստոսն է» (Կողոսացիս 2։17)։ Քանի՛ որ այդ տօները իրենց դերը կատարեցին եւ անոնցմէ ոմանք ալ կը պարփակեն կարգ մը ոչ սուրբգրային սովորութիւններ, Եհովայի վկաները չեն տօներ հետեւեալ տօները.

    •  Հանուգա։ Այս տօնը կը յիշատակէ Երուսաղէմի տաճարին երկրորդ նաւակատիքը (այսինքն՝ նուիրումի օրը)։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Յիսուս դարձաւ քահանայապետ՝ ‘աւելի մեծ ու կատարեալ եւ անձեռագործ խորանի [կամ՝ տաճարի], այսինքն անով որ այս ստեղծուածներէն չէ’ (Եբրայեցիս 9։11)։ Քրիստոնեաներուն համար, Երուսաղէմի բառացի տաճարը փոխարինուեցաւ այդ այլաբանական տաճարով։

    •  Ռոշ Հաշանա։ Հրէական տարուան առաջին օրն է։ Հին օրերուն, այս փառատօնին ատեն մասնաւոր զոհեր կը մատուցանէին Աստուծոյ (Թուոց 29։1-6)։ Բայց Մեսիան՝ Յիսուս Քրիստոսը, ‘զոհն ու պատարագը դադրեցուց’՝ պատճառ դառնալով որ Աստուծոյ աչքին ատոնք անարժէք դառնան (Դանիէլ 9։26, 27

  •   Արդեօք տօն մը միջդաւանութի՞ւն կը քաջալերէ։

     Սուրբ Գիրքի սկզբունք. «Ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ եւ ի՞նչ յարմարութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ» (Բ. Կորնթացիս 6։15-17

     Թէեւ Եհովայի վկաները կը ջանան խաղաղութեամբ ապրիլ իրենց ընկեր արարածին հետ եւ յարգել անոնց իրաւունքը՝ ընտրելու թէ ինչի պիտի հաւատան, բայց անոնք միջդաւանութիւն քաջալերող հետեւեալ տօներէն կը խուսափին.

     Կրօնաւորի մը կամ կրօնական դէպքի մը նուիրուած տօնակատարութիւններ, որոնք կը քաջալերեն տարբեր հաւատալիքներ ունեցող անհատներու որ միասնաբար պաշտամունք մատուցանեն։ Երբ Աստուած իր անցեալի ժողովուրդը առաջնորդեց նոր երկիր, որուն բնակիչները ուրիշ կրօնքներ ունէին, անոնց ըսաւ. «Անոնց հետ ու անոնց աստուածներուն հետ ուխտ մի՛ ըներ։... Եթէ անոնց աստուածները պաշտես, անշուշտ այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ» (Ելից 23։32, 33)։ Անոր համար, Եհովայի վկաները հետեւեալ տօներուն չեն մասնակցիր.

    •  Լոյ Գրաթոնկ։ Այս թայլանտական փառատօնին ընթացքին, մարդիկ «տերեւները ամաններու պէս կ’ընեն, եւ ատոնց վրայ մոմեր կամ խունկի փայտեր դնելով՝ ատոնք ջուրի վրայ կ’արձակեն։ Կ’ըսուի որ այս ամանները իրենց հետ անդին կը քշեն գէշ բախտը։ Իրականութեան մէջ, այս տօնը Պուտտայէն մնացած սուրբ յիշատակ է» (Encyclopedia of Buddhism

    •  Զղջումի ազգային օր (կամ՝ Ազգային ապաշխարհութեան օր)։ Բաբուա Նոր Կուինիայի թերթի մը մէջ գրուած կառավարական պաշտօնեայի մը խօսքերուն համաձայն, տօնին մասնակիցները «կ’ընդունին քրիստոնէական հաւատքին հիմնական ուսուցումները» (The National)։ Պաշտօնեան ըսաւ որ այդ օրը կ’օգնէ որ երկրին մէջ քրիստոնէական սկզբունքներ քաջալերուին։

    •  Վեսաք։ «Ասիկա պուտտայական ամենասուրբ տօնն է, որ կը նշէ Պուտտայի ծնունդը, լուսաւորութիւնը եւ մահը, այսինքն՝ Նիրվանայի հասնիլը» (Holidays, Festivals, and Celebrations of the World Dictionar

      Վեսաք

     Տօնակատարութիւններ, որոնք ոչ–աստուածաշնչական կրօնական աւանդութիւններու վրայ հիմնուած են։ Յիսուս կրօնական առաջնորդներու ըսաւ. «Ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք»։ Ան նաեւ անոնց մասին ըսաւ որ իրենց պաշտամունքը պարապի է, քանի որ «մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն» կը սորվեցնեն (Մատթէոս 15։6, 9)։ Այս նախազգուշացումը լուրջի առնելով, Եհովայի վկաները շատ մը կրօնական տօներու չեն մասնակցիր։

    •  Աստուածայայտնութեան օր (Երեք թագաւորներուն օրը, Թիմքաթ, կամ՝ Լոս Ռէյէս Մակոս)։ Մասնակիցները կը յիշատակեն կա՛մ մոգերուն այցելութիւնը Յիսուսին կամ ալ անոր մկրտութիւնը։ Փառատօնը «քրիստոնէականացուցած է հեթանոսական գարնանային տօնակատարութիւններ, որոնք հոսող ջուրերու, գետերու եւ հոսանքներու չաստուածները կը փառաբանէին» (The Christmas Encyclopedia)։ Ատոր հետ կապ ունեցող Թիմքաթ փառատօնը «աւանդութեան մէջ արմատացած է» (Encyclopedia of Society and Culture in the Ancient World

    •  Կոյս Մարիամին համբարձման տօնը (կամ՝ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման օր)։ Այս տօնակատարութիւնը թիկունք կը կանգնի այն գաղափարին, որ Յիսուսի մայրը իր ֆիզիքական մարմինով երկինք համբարձաւ։ «Այս հաւատալիքը ծանօթ չէր առաջին դարու քրիստոնեաներուն եւ Սուրբ Գրութիւնները ատոր թիկունք չեն կանգնիր» (Religion and Society—Encyclopedia of Fundamentalism

    •  Անարատ յղութեան տօնը։ «Գրութիւններէն յայտնի չէ թէ [Մարիամ] անարատ յղութիւն ունեցաւ... [Ատիկա] եկեղեցիին ենթադրութիւնն է» (New Catholic Encyclopedia

    •  Մեծ Պահքը։ Համայնագիտարանի մը համաձայն, զղջումի եւ ծոմապահութեան այս շրջանը հաստատուեցաւ «չորրորդ դարուն», այսինքն՝ Աստուածաշունչին գրութիւնը ամբողջանալէն 200 տարի ետք (New Catholic Encyclopedia) ։ Համայնագիտարանը Մեծ պահքի առաջին օրուան մասին կ’ըսէ, որ «հաւատացեալներուն ճակտին մոխիրով խաչ գծելու ծէսը Կաթողիկէ եկեղեցիին կողմէն պաշտօնապէս ընդունուեցաւ 1091–ին»։

    •  Մեսգէլ (կամ՝ Մասգալ)։ Եթովպիական այս տօնը կը նշէ «Ճշմարիտ խաչին (որուն վրայ Քրիստոս խաչուեցաւ) գտնուիլը»՝ խարոյկ վառելով եւ ատոր շուրջ պարելով (Encyclopedia of Society and Culture in the Medieval World, փակագիծերը իրենցն են)։ Բայց Եհովայի վկաները պաշտամունքի մէջ խաչ չեն գործածեր։

  •   Տօնը մարդ մը, կազմակերպութիւն մը կամ ազգային խորհրդանշան մը կը փառաւորէ՞։

     Սուրբ Գիրքի սկզբունք. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ մարդու կ’ապաւինի ու մարմինը իրեն բազուկ կ’ընէ։ Որուն սիրտը Տէրոջմէն կը խոտորի’» (Երեմիա 17։5

     Թէեւ Եհովայի վկաները ուրիշները կը գնահատեն եւ նոյնիսկ կ’աղօթեն անոնց համար, բայ անոնք չեն մասնակցիր հետեւեալ տօնակատարութիւններուն.

     Տօներ, որոնք կառավարիչ մը կամ ուրիշ համբաւաւոր մէկը կը պատուեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ե՛տ կեցէք մարդէն, որուն շունչը իր ռնգունքներուն մէջ է. վասն զի ի՞նչ բանի մէջ հաստատ կը համարուի ան» (Եսայի 2։22)։ Այսպիսով, Եհովայի վկաները, օրինակի համար, չեն տօներ թագաւորի մը կամ թագուհիի մը ծննդեան տարեդարձը։

     Ազգի մը դրօշակին հետ կապ ունեցող տօնակատարութիւններ. Եհովայի վկաները չեն տօներ Դրօշակի օրը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ինքզինքնիդ կուռքերէն պահեցէք» (Ա. Յովհաննէս 5։21)։ Ոմանք դրօշակը կուռք, կամ պաշտամունքի առարկայ, չեն սեպեր։ Բայց պատմաբան Քարլթըն Ճ .Հ. Հայես գրեց. «Ազգայնականութեան հաւատքի խորհրդանշանը եւ պաշտամունքի առանցքը դրօշակն է»։

     Սուրբերը փառաւորող տօներ։ Ի՞նչ պատահեցաւ, երբ աստուածավախ մարդ մը Պետրոս առաքեալին երկրպագութիւն ըրաւ։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Պետրոս զանիկա կանգնեցուց ու ըսաւ. «Ելիր կայնէ՛, ես ինքս ալ մարդ եմ» (Գործք 10։25, 26)։ Որովհետեւ Պետրոս կամ ոեւէ ուրիշ առաքեալ չընդունեցին յատուկ պատիւ կամ մեծարանք, Եհովայի վկաները չեն մասնակցիր սուրբերը մեծարող տօներուն, ինչպէս՝

    •  Բոլոր Սրբոց օր (կամ՝ Սուրբերու օր)։ «Բոլոր սուրբերը մեծարելու տօն մը... Այս տօնին ծագումը յայտնի չէ» (New Catholic Encyclopedia

    •  Մեր Կուատըլուբ տիրամօր տօն։ Այս տօնը կը փառաւորէ «Մեքսիքայի պաշտպան սուրբը», որ ոմանք կը հաւատան թէ Մարիամն է՝ Յիսուսի մայրը։ Կը սեպուի թէ 1531–ին, ան հրաշքով մը գիւղացիի մը յայտնուեցաւ (The Greenwood Encyclopedia of Latino Literature

      Մեր Կուատըլուբ տիրամօր տօնը

    •  Անուանակոչութեան տօն (Կամ՝ Անունի օր)։ Գիրք մը կ’ըսէ որ շատեր կը տօնեն այն սուրբին տօնը «որուն անունով կոչուած են մանուկ եղած ատեն՝ մկրտութեան ժամանակ, կամ ետքը, երբ եկեղեցական արարողութեամբ հաստատած են իրենց հաւատքը» (Celebrating Life Customs Around the World—From Baby Showers to Funerals)։ Գիրքը նաեւ նշէ, որ «այդ օրը շատ խոր կրօնական իմաստ ունի»։

     Քաղաքական կամ ընկերային շարժումներու տօները։ Աստուածաշունչին մէջ գրուած է, «Լաւ է Տէրոջը յուսալ, քան թէ մարդոց ապաւինիլ» (Սաղմոս 118։8, 9)։ Որպէսզի այն տպաւորութիւնը չտանք որ աշխարհին խնդիրներուն լուծման համար Եհովայի վկաները մարդոց աւելի՛ կը վստահին, քան Աստուծոյ, մենք չենք մասնակցիր Երիտասարդութեան օրուան կամ Կիներու օրուան, որոնք քաղաքական կամ ընկերային արշաւներու թիկունք կը կանգնին։ Նոյն պատճառով, մենք չենք մասնակցիր Ազատագրութեան օրուան կամ նման տօնակատարութիւններու։ Փոխարէն, անոնք կը վստահին Աստուծոյ թագաւորութեան, որ ցեղապաշտութեան կամ անհաւասարութեան խնդիրները լուծէ (Հռովմայեցիս 2։11. 8։21

  •   Տօնը մէկ ազգը միւս ազգէն բարձր կը դասէ՞։

     Սուրբ Գիրքի սկզբունք. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35

     Թէեւ Եհովայի վկաները իրենց ծննդավայրը կը սիրեն, բայց կը խուսափին այնպիսի տօնակատարութիւններէ, որոնք ազգ մը կամ էթնիկ խումբ մը կը մեծարէ։

     Տօներ, որոնք զինեալ ուժերը կը փառաբանեն։ Յիսուս իր աշակերտները չքաջալերեց պատերազմելու, հապա ըսաւ անոնց. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները» (Մատթէոս 5։44)։ Անոր համար Եհովայի վկաները չեն մասնակցեր տօներու, որոնք կը պատուեն զինուորները, մէջը ըլլալով հետեւեալ տօները.

    •  Անզաք–ի օր։ «Անզաք–ը ‘Աւստրալիական եւ Նոր Զելանտական զօրաբանակի’ անգլերէն կրճատումն է»։ Այդ օրը «ժամանակի ընթացքին դարձաւ պատերազմի մէջ զոհուողները յիշատակելու նուիրուած օր» (Historical Dictionary of Australia

    •  Վեթերաններու տօն (Յիշատակութեան օր, Յիշատակութեան կիրակի, կամ Յիշատակի օր)։ Այս տօները կը պատուեն «զինեալ ուժերու վեթերանները եւ երկրի պատերազմներուն մէջ մեռնողները» (Encyclopædia Britannica

     Ազգի մը պատմութեան կամ անկախութեան հետ կապ ունեցող տօնակատարութիւններ։ Իր հետեւորդներուն մասին Յիսուս ըսաւ. «Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ» (Յովհաննէս 17։16)։ Թէեւ Եհովայի վկաները կը սիրեն ազգի մը պատմութիւնը գիտնալ, բայց հեռու կը մնան հետեւեալ տօներէն.

    •  Աւստրալիոյ օր։ Համայնագիտարանի համաձայն, այս տօնը կը նշէ «1788–ին տեղի ունեցած այն դէպքը, երբ անգլիացի զինուորները իրենց դրօշակը վերցուցին եւ Աւստրալիան նոր գաղութ հռչակեցին» (Worldmark Encyclopedia of Cultures and Daily Life

    •  Կայ Ֆոքսի օր։ Այս օրը կը տօնուի ու կը յիշատակուի «[Անգլիայի] Ճէյմս Ա. թագաւորի եւ խորհրդարանի շէնքին վրայ գործուած ձախող յարձակումը, որ 1605–ին կազմակերպուած էր Կայ Ֆոքսի եւ անոր կաթողիկէ աջակիցներուպ կողմէ» (A Dictionary of English Folklore

    •  Անկախութեան օր։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, ժողովուրդը այս օրը կը տօնէ «երկրին անկախութեան տարեդարձը» նշելու համար (Merriam-Webster’s Unabridged Dictionary

  •   Անբարոյ վարքը տօնի մէկ մաս կը կազմէ՞։

     Սուրբգրային սկզբունքը. «Հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ու գիջութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք» (Ա. Պետրոս 4։3

     Այդ սկզբունքի համաձայն, Եհովայի վկաները կը խուսափին այնպիսի տօնակատարութիւններէ, որոնց ատեն մարդիկ կը գինովնան եւ անսանձ վարք։ Եհովայի վկաները կը սիրեն իրենց բարեկամներուն հետ հաւաքուիլ եւ թերեւս որոշեն չափաւորապէս ալքոլ գործածել։ Բայց անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ Աստուածաշունչին խրատին հետեւին. «Թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք» (Ա. Կորնթացիս 10։31

     Ուրեմն Եհովայի վկաները չեն մասնակցիր քարնավալներու կամ նման փառատօններու, որոնք Սուրբ Գիրքին մէջ դատապարտուող անպատշաճ վարքը կը քաջալերեն։ Այդպիսի փառատօն մըն է՝ հրէական Փուրիմ (անգլ.) փառատօնը։ Հակառակ անոր որ դարերէ ի վեր Փուրիմը Ք.Ա. հինգերորդ դարուն հրեաներուն ազատագրումը կը յիշատակէր, հիմա ատիկա «արդարացիօրէն կրնայ նկարագրուիլ որպէս Մարտի կրայ–ի կամ Քարնավալ–ի հրէական տարբերակը (Essential Judaism)։ Մասնակիցները յաճախ «մասնաւոր տարազներ կը հագուին (շատ անգամ՝ տղամարդիկ կիներու հագուստներ կը կրեն), վայրագ վարք ունին, չափազանց խմիչք կը գործածեն եւ շատ աղմուկ կ’ընեն»։

 Եհովայի վկաները կը սիրե՞ն իրենց ընտանիքը, թէեւ որոշ տօներ չեն տօներ։

 Այո՛։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ սիրել եւ յարգել ընտանիքի ամէն մէկ անդամ, ի՛նչ ալ որ ըլլայ անոնց հաւատքը (Ա. Պետրոս 3։1, 2, 7)։ Անշուշտ, երբ Եհովայի վկաներէն մէկը կը դադրի կարգ մը տօներու մասնակցելէ, իր ազգականներէն ոմանք թերեւս իրմէ նեղանան, վիրաւորուին կամ նոյնիսկ դաւաճանուած զգան։ Անոր համար, Եհովայի վկաներէն շատեր նախաքայլը կ’առնեն, որ իրենց ազգականներուն վստահեցնեն որ անոնց հանդէպ խոր սէր ունին, փափկանկատօրէն իրենց որոշումներուն պատճառները բացատրեն եւ ուրիշ առիթներով անոնց այցելեն։

 Եհովայի վկաները ուրիշները կը ստիպե՞ն, որ որոշ տօներ չտօնեն։

 Ո՛չ։ Անոնք կը հաւատան որ ամէն մէկ անհատ պէտք է իր անձնական որոշումը առնէ (Յեսու 24։15)։ Եհովայի վկաները ‘ամէնքը կը պատուեն’, ինչ որ ալ ըլլայ անոնց հաւատքը (Ա. Պետրոս 2։17

a Այս յօդուածը չի պարփակեր այն բոլոր տօները, որոնք Եհովայի վկաները չեն տօներ. ոչ ալ կը նշէ բոլոր սուրբգրային սկզբունքները, որոնք կրնան կիրարկուիլ։

b Mithra, Mithraism, Christmas Day & Yalda, Ք. Ե. Էտուլճի, էջ 31-33։