Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի մահուան Յիշատակատօն

Շաբաթ, 12 ապրիլ 2025

Տարին անգամ մը, Եհովայի վկաները կը յիշատակեն Յիսուս Քրիստոսի մահը, ինչպէս որ ան պատուէր տուաւ, երբ ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ղուկաս 22։19

Քեզ կը հրաւիրենք որ այս առիթին ներկայ ըլլաս։

Շատեր հարց կու տան

Յայտագիրը որքա՞ն կը տեւէ։

Մօտաւորապէս մէկ ժամ։

Յիշատակատօնը ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ։

Եհովայի վկաներուն հետ կապ պահէ, որ քեզի տեղեկութիւններ տան։

Մուտքը դրամո՞վ է։

Ո՛չ։

Յայտագիրին ժամանակ դրամ կը հաւաքուի՞։

Ո՛չ։ Եհովայի վկաները իրենց ժողովներուն ընթացքին բնաւ դրամ չեն հաւաքեր։

Ի՞նչ պէտք է հագուիմ։

Ճիշդ է որ այս առիթին ներկայ գտնուելու համար հագուելակերպի նկատմամբ որոշ օրէնքներ չկան, բայց Եհովայի վկաները կը հետեւին Աստուածաշունչի խրատին, որ կը քաջալերէ որ պատշաճ եւ պարկեշտ հագուստներ հագուինք (Ա. Տիմոթէոս 2։9)։ Պէտք չկայ սուղ եւ աչքի զարնող հագուստներ հագուելու։

Յիշատակատօնին ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։

Ժողովը կը սկսի եւ կը վերջանայ երգով եւ աղօթքով։ Աղօթքը կը ներկայացնէ Եհովայի վկայ մը։ Գլխաւորաբար, Յիշատակատօնին կը տրուի դասախօսութիւն մը՝ Յիսուսի մահուան կարեւորութեան մասին եւ թէ մենք ինչպէ՛ս կրնանք օգտուիլ մեզի համար Աստուծոյ եւ Յիսուսին ըրածէն։

Եթէ կ’ուզես աւելի մանրամասնութիւններ ունենալ, կարդա՛ «Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Տէրոջ ընթրիքը միւս կրօնքներէն տարբեր կը տօնեն» յօդուածը։

Յառաջիկայ տարիներուն, ե՞րբ Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ։

2025։ Շաբաթ, 12 ապրիլ

2026։ Հինգշաբթի, 2 ապրիլ