Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Անոնք «պատուական մարգարիտ»ը գտան

Անոնք «պատուական մարգարիտ»ը գտան

 Յիսուս սորվեցուց որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդոց բոլոր խնդիրները պիտի լուծէ (Մատթէոս 6։10Մատթէոս 13։44-46–ին մէջ, Յիսուս աս երկու առակները տուաւ, որ ցոյց տայ Աստուծոյ Թագաւորութեան ճշմարտութեան արժէքը.

  •   Արտին մէջ աշխատող մարդ մը կը գտնէ պահուած գանձ մը։

  •   Վաճառական մը, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ, պատուական մարգարիտ մը կը գտնէ։

 Երկուքը ուրախութեամբ ամէն ինչ կը ծախեն, որ իրենց գտած գանձը ձեռք ձգեն։ Այս երկու անհատները կը ներկայացնեն անոնք՝ որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ա՛յնքան կ’արժեւորեն, որ մեծ զոհողութիւններ կ’ընեն, որ ատոր օրհնութիւնները վայելեն (Ղուկաս 18։29, 30)։ Այս վիտէոյին մէջ պիտի տեսնենք երկու անձերու պատմութիւնները, որոնք Յիսուսի այս առակներուն մէջի երկու անհատներուն պատմութիւններուն նման են։