Անցնիլ բովանդակութեան

Քոյր Օլենան՝ իր տունին առջեւ, որ մեծապէս վնասուեցաւ պայթումի մը պատճառով։ Եղբայրներն ու քոյրերը անմիջապէս օգնութեան հասան։

4 ՅՈՒԼԻՍ 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 10 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Երէցները «քաջ, հոգատար եւ վստահելի» ըլլալու մէջ մեզի օրինակ են

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 10 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը իրարու թիկունք կանգնելէ չեն դադրած։ Անոնք կը շարունակեն իրարու հանդէպ անձնազոհ սէր ցոյց տալ։

Քոյր Օլենան 81 տարեկան է։ Յունիս 6–ին, ռումբ մը պայթեցաւ իր տունէն միայն քանի մը մեթր հեռու։ Ռումբը իր դրացիին տունը քանդեց, 7 մեթր խորութեամբ փոս մը բանալով։ Պայթումը այնքա՛ն զօրաւոր էր, որ քոյր Օլենային տունը մեծապէս վնասուեցաւ։

Ան կը պատմէ. «Ես պառկած էի եւ յանկարծ պատ մը ինկաւ ճիշդ գլուխիս քովը։ Տունը փոշիով լեցուեցաւ։ Ամէն տեղ ապակի եւ քարեր թափուած էին։ Եհովային շնորհակալութիւն ըսի, որ ողջ մնացի»։ Պայթումէն քանի մը վայրկեան ետք, եղբայրներ ու քոյրեր եկան իրեն այցելութեան, մէջը ըլլալով եղբայր մը, որուն տունն ալ լրջօրէն վնասուած էր։ Քոյր Օլենան կը շարունակէ. «Երբ եղբայրները հասան, բերաննին բաց մնաց։ Ես շատ քաջալերուեցայ, որ անոնք իմ կողքիս էին»։

Սերհիյ անունով երէց մը, որ միշտ քոյր Օլենային այցելութիւններ կու տայ ժողովքէն պատանիներու հետ, կ’ըսէ. «Երբ լսեցի, որ քոյր Օլենային տունին քով պայթում եղած է, շատ վախցայ եւ մտահոգուեցայ։ Միայն երբ տեսայ որ վիրաւորուած չէր, հապա պարզապէս կապտած տեղեր ունէր, հանգստացայ։ Հիացայ որ առաջին բանը որ քոյր Օլենան ուզեց տունը քանդուելէն ետք՝ աստուածաշնչական հրատարակութիւններն էին, որոնք քանի մը օր առաջ ստացած էր»։

Քոյր Օլենային ազգականները իրեն նոր տուն մը գտան։ Ժողովքը կը շարունակէ քրոջը գործնական կերպերով օգնել, իսկ երէցները ամէն օր իրեն հետ կապ կը պահեն։ Եղբայրներն ու քոյրերը իրեն համար լսողութեան օժանդակող գործիք մը (hearing aid) ձեռք ձգեցին, որպէսզի կարենայ ժողովներէն օգտուիլ։ Ան կ’ըսէ. «Ատեններ կը զգամ որ ոյժ չունիմ, բայց ժողովները ինծի ոյժ կու տան։ Հաւատակիցներս յաճախ ինծի կը հեռաձայնեն եւ ատոր համար շատ շնորհակալ եմ»։

Զոյգ մը պատմեց, թէ իրենց հետ ի՛նչ պատահեցաւ երբ Թագաւորութեան սրահի մը ներքնայարկը պահուըտած էին ուրիշ 200 հրատարակիչներու հետ։ Կինը գրեց. «Զիս շատ տպաւորեց սիրալիր երէցներու հոգատարութիւնը։ Միտքս բերին Դաւիթը, որ մահը իր աչքը առաւ, երբ առիւծի մը եւ արջի մը հետ կը կռուէր, որպէսզի իր ոչխարները ազատէր։ Ներքնայարկին մէջ, երէցներն ալ մահը իրենց աչքը առին, որ ուտելիք եւ ջուր ապահովեն եւ ներքնայարկը լուսաւորելու համար վառելանիւթ գտնեն։ Ասիկա օգնեց որ ժողովներ եւ դաշտի ծառայութեան ժողովներ ունենանք։ Նոյնիսկ երբ ռումբեր կը տեղային, այս երէցները կանոնաւորաբար կ’այցելէին այն եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք իրենց տունը կը մնային, անոնց բերելով ուտելիք ու ջուր եւ զիրենք մխիթարելով։ Ես այդ երէցները շատ կը յարգեմ։ Այս դէպքերէն առաջ, ինծի համար անոնք ուսուցիչներ եւ քարոզիչներ էին, բայց հիմա վստահելի հովիւներ են։ Շատ շնորհակալ եմ, որ անոնք քաջ, հոգատար եւ վստահելի ըլլալու մէջ օրինակ են մեզի»։

Ուքրանիոյ մէջ, ժողովքի մը հրատարակիչները Ուքրանիոյ մասնաճիւղին նամակ մը գրեցին, արտայայտելով իրենց զգացումները այն եղբայրներուն նկատմամբ, որոնք առաջնորդութիւնը կ’առնեն պատերազմէն տուժածներու օգնելու աշխատանքներուն մէջ. «Մեր սիրտերը գնահատանքով լեցուած են։ Մենք հիացած ենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի հոգ կը տանի մեր հաւատակիցներուն միջոցաւ։ Մենք մեր մորթին վրայ զգացինք Յիսուսին խօսքը. ‘Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք’» (Յովհ. 13։35

Մինչեւ 21 յունիս 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները տեղեկագրեցին վարը յիշուած տուեալները։ Սակայն այս թիւերը կրնան աւելի բարձր ըլլալ, քանի որ դժուար է կապ պահել երկրի ամէն մէկ շրջանին հետ։

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը

  • 42 հրատարակիչներ մահացած են

  • 83 հրատարակիչներ վիրաւորուած են

  • 31,185 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են եւ երկրին մէջ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած են

  • 495 տուներ փլած են

  • 557 տուներ մեծապէս վնասուած են

  • 1429 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են

  • 5 Թագաւորութեան սրահներ փլած են

  • 8 Թագաւորութեան սրահներ մեծապէս վնասուած են

  • 34 Թագաւորութեան սրահներ թեթեւօրէն վնասուած են

Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ

  • 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ

  • 52,348 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ՝ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար

  • 23,433 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին