Անցնիլ բովանդակութեան

Երկու մկրտութիւններ, որոնք եղան Ուքրանիոյ մէջ՝ յուլիս 23, 2022–ին

12 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 12 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

«Նոյնիսկ պատերազմը աշակերտելու գործը չի կրնար դադրեցնել»

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 12 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

2022–ի «Խաղաղութեան ետեւէ եղէ՛ք» տարեկան համաժողովին ժամանակ, յուլիս 23-31 շաբթուան ընթացքին, հրատարակիչներ մկրտուեցան Ուքրանիոյ մէջ եւ ուրիշ երկիրներու մէջ, ուր փախած էին։ Մինչեւ օգոստոս 2, Ուքրանիայէն 1113 անհատներ մկրտուեցան։ Ուքրանիայի մէջ եղբայր մը ըսաւ. «Նոյնիսկ պատերազմը աշակերտելու գործը չի կրնար դադրեցնել, ինչպէս որ Յիսուս խոստացաւ. ‘Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ’» (Մատթէոս 28։20

Ուրախ ենք այս փորձառութիւնները ձեզի փոխանցելու։

Լուկանսք շրջանի Քրեմիննա քաղաքէն Նաթալիան 63 տարեկան է։ Ինքն ու իր երկու աղջիկները սկսած էին Եհովայի վկաներուն հետ սերտել 1990–ականներուն։ Իր աղջիկները հոգեւորապէս յառաջդիմեցին եւ մկրտուեցան, բայց ինք՝ ոչ։ Երբ պատերազմը սկսաւ, Եհովայի վկայ ընտանիքի մը անդամները Նաթալիան իրենց հետ առին, երբ աւելի ապահով շրջան մը կը փախչէին։ Կարգադրութիւններ եղան, որ ինք Թագաւորութեան սրահի մը մէջ մնայ Իվանօ-Ֆրանքովսքի մէջ։

Նաթալիան կ’ըսէ. «Վախնալիք ռմբակոծումներէն ետք, կարծես թէ մոռցած էի ժպտիլ։ Եղբայրներն ու քոյրերը ինծի հանդէպ անկեղծ սէր ցոյց տուին։ Չէի ակնկալեր որ ինձմով այդքան հետաքրքրուին։ Այդ ատեն, Եհովային հանդէպ սէրս արթնցաւ։ Աստուածաշունչը շատ կը կարդայի, եւ քոյր մը առաջարկեց, որ հետս Աստուածաշունչը սերտէ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքով։ Քոյրը Եհովային կողմէ նուէր էր ինծի»։ Նաթալիան կ’աւելցնէ. «Հիմա շատ ուրախ եմ որ մկրտուեցայ եւ Եհովայի վկայ դարձայ։ Կ’ուզեմ ամէնէն մեծ պատուիրանքին հնազանդիլ։ Իմ Եհովա Աստուածս սիրել ‘բոլոր սրտովս, բոլոր անձովս ու բոլոր մտքովս’» (Մատթէոս 22։37

Լեհաստանի մէջ, Օլիան ցոյց կու տայ թուղթ մը, ուր գրուած է համաժողովին նիւթը. «Խաղաղութեան ետեւէ եղէ՛ք»

Չերքասի քաղաքէն Օլիան չմկրտուած հրատարակիչ էր, երբ պատերազմը սկսաւ։ Մարտ 6–ին, Լեհաստան փախաւ իր աղջկան եւ թոռնիկին հետ։ Ան կ’ըսէ. «Մենք հոն հասանք ամէն մէկս միայն մէկ պայուսակով, բայց եղբայրներն ու քոյրերը մեր երեքին հոգ տարին։ Այս բոլորը տեսնելով համոզուեցայ, որ Եհովային կազմակերպութիւնը միացած է եւ իր սուրբ հոգիով կ’առաջնորդուի։ Այս փորձառութենէն ետք, միտքս դրի Եհովային կեանքս նուիրել։ Ան կեանքիս ամէնէն մութ պահերուն ինծի օգնեց եւ ես հիմա կ’ուզեմ իրեն ծառայել եւ ցոյց տալ, որ իրեն շնորհակալ եմ»։

Տոնեցք շրջանէն Եուլիան 18 տարեկան է։ Ան Եհովայի վկայ ընտանիքի մը մէջ մեծցաւ, բայց մկրտութեան քայլը չառաւ։ Եուլիան փորձառութիւն մը կը պատմէ, որ եղաւ պատերազմը սկսելէն քիչ ետք։ Ան կ’ըսէ. «Գետինն էի եւ կը մտածէի որ որեւէ ժամանակ կրնամ մեռնիլ։ Այն փողոցը, ուր ընտանիքիս հետ կ’ապրէի, եղածին պէս կործանուեցաւ, բայց մեզի բա՛ն մը չեղաւ։ Այս բոլոր բաները, ինչպէս նաեւ աղօթելը եւ Եհովային յատկութիւններուն վրայ խոկալը ինծի օգնեցին, որ իրեն աւելի մօտենամ եւ այլեւս երկու մտքի վրայ չըլլամ՝ որ իրեն կեանքս նուիրե՛մ կամ ոչ։ Իմ աղօթքներուս պատասխանելով, Եհովան ցոյց տուաւ որ ինծի շատ մօտիկ է։ Առաջ միայն տեղեկութիւններ ունէի Աստուծոյ մասին, բայց հիմա իրեն հանդէպ սէր ունիմ»։ Եուլիան մկրտուեցաւ յուլիս 23–ին։

11 Տարեկան Տէյվիտ՝ Գերմանիայի մէջ իր մկրտութենէն առաջ

Երբ պատերազմը պայթեցաւ, 11 տարեկան Տէյվիտը իր ընտանիքին հետ փախաւ Գերմանիա։ Ինք 9 տարեկանէն ի վեր չմկրտուած հրատարակիչ էր։ Հիմա կ’ուզէ իր հոգեւոր նպատակակէտերուն հասնիլ։ Կ’ըսէ. «Որոշեցի մկրտուիլ, քանի որ Եհովան կը սիրեմ եւ կ’ուզեմ իր ընկերը ըլլալ։ Մկրտութեանս ատեն, ուրախութենէս լացի, քանի որ Եհովային ընտանիքին մէկ մասը եղայ։ Կը սիրեմ մարդոց պատմել Եհովային եւ իր նպատակին մասին, անոր համար յաջորդ նպատակս է ռահվիրայ ըլլալ։ Ես կ’ուզեմ ժողովքին մէջ եղբայրներուս ու քոյրերուս ալ ծառայել։ Անոր համար, կ’ուզեմ օր մը օգնական ծառայ ըլլալ։ Եւ ամէնէն կարեւոր նպատակս ալ է Բեթէլին մէջ ծառայել։ Ես սկսայ ասոր մասին երազել, երբ որ Լվովի մասնաճիւղը այցելեցի 2018–ին»։

Քիեւէն Օլենան չմկրտուած հրատարակիչ դարձաւ 2011–ին։ Ան 10 տարի անգործունեայ էր։ 2020–ին, ժողովքի երէցները իրեն հետ կապ պահեցին եւ Եհովային վերադարձիր գրքոյկը տուին։ Օլենան կը պատմէ. «Ետ սկսայ Աստուածաշունչը սերտել եւ ժողովներու ներկայ ըլլալ, բայց ատեն մը ետք ետ կեցայ։ Պատերազմի ատեն, Եհովան իմ աղօթքներուս պատասխանեց, եւ ես անդրադարձայ որ Եհովան ինծի հանդէպ իր սէրը ցոյց տուած է, պաշտպանած է եւ ինծի մտքի ու սրտի խաղաղութիւն տուած է։ Ես Ռումանիա փախայ եւ Վկաները գտայ։ Եղբայրներուն սէրն ու հոգատարութիւնը կարծես տաքուկ վերմակ մըն էր, որ Եհովան վրաս դրաւ»։ Օլենան մկրտուեցաւ յուլիս 24–ին։ Ան կ’ըսէ. «Եհովային շնորհակալ եմ որ ինծի հետ համբերութեամբ վարուեցաւ։ Հիմա գիտեմ որ ‘ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց’» (Փիլիպպեցիս 4։13

Մինչեւ 2 օգոստոս 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները տեղեկագրեցին վարը յիշուած տուեալները։ Սակայն այս թիւերը կրնան աւելի բարձր ըլլալ, քանի որ դժուար է կապ պահել երկրի ամէն մէկ շրջանին հետ։

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը

  • 43 հրատարակիչներ մահացած են

  • 97 հրատարակիչներ վիրաւորուած են

  • 22,568 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են եւ երկրին մէջ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած են

  • 586 տուներ փլած են

  • 613 տուներ մեծապէս վնասուած են

  • 1632 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են

  • 5 Թագաւորութեան սրահներ փլած են

  • 10 Թագաւորութեան սրահներ մեծապէս վնասուած են

  • 37 Թագաւորութեան սրահներ թեթեւօրէն վնասուած են

Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ

  • 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ

  • 53,836 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ՝ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար

  • 24,867 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին