Անցնիլ բովանդակութեան

16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 13 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Տունէ տուն քարոզչութիւնը նորէն կը սկսի

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 13 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Օգոստոս 2022–ին ծանուցանուեցաւ, որ Ուքրանիոյ կարգ մը ապահով շրջաններուն մէջ տունէ տուն ծառայութիւնը նորէն պիտի սկսի։ Այս լուրը խանդավառեց մեր եղբայրներն ու քոյրերը։ Անոնք նկատեցին որ շատեր կ’ուզէին Աստուածաշունչին ըսածները լսել։ Անհատ մը, որ ընդունեց Սուրբ Գիրքը սերտել, ըսաւ. «Պատերազմին պատճառած չարչարանքը տեսնելէ ետք, ինծի համար յստակ է որ միայն Աստուած կրնայ մարդոց խնդիրները լուծել»։ Նկատի առնենք ծառայութեան մէջ տեղի ունեցած կարգ մը փորձառութիւններ։

Լանիեվցի ժողովքէն Ռուսլան անունով եղբայր մը, տունէ տուն քարոզելու նկատմամբ քիչ մը վախ ունէր։ Ան եւ իր կինը Եհովային աղօթեցին, որ իրենց քաջութիւն տայ եւ օգնէ որ գտնեն անհատներ, որոնք հետաքրքրուած են աւելի լաւ ապագայ մը ունենալով։ Անոնք շատ անակնկալի եկան, որ առաջին երկու ժամուան ընթացքին խօսեցան ութ անհատներու եւ բոլորն ալ ընդունեցին Աստուածաշունչը սերտել։

Երբ Քրեմենից ժողովքէն Օլհա անունով քոյր մը ուրիշ քրոջ մը հետ կը քարոզէր, մարդ մը վազելով անոնց մօտեցաւ եւ հարցուց եթէ անոնք Սուրբ Գիրքէն կը խօսէին։ Ետքը բացատրեց, ըսելով. «Ես թէ՛ կը ծխեմ եւ թէ շատ կը խմեմ, եւ գիտեմ որ մօտ օրէն Աստուծոյ հաշիւ պիտի տամ։ Երբ այդ օրը գայ, չեմ ուզեր ըլլալ այդ անձը, որ հիմա եմ»։ Կարգադրութիւններ եղան որ այդ շրջանին մէջ բնակող եղբայրներ իրեն հետ Սուրբ Գիրքը սերտեն։

Երբ Լվով–Ռասնի–Սխիտնի ժողովքէն՝ Վասիլ անունով եղբայր մը իր ծառայութեան խումբին հետ գիւղի մը մէջ կը քարոզէր, յիշեց որ տարիներ առաջ այդ գիւղին մէջ հանդիպած էր կնոջ մը, որ ջղայնութեամբ մերժած էր խօսիլ Եհովայի վկաներուն հետ։ Հակառակ ասոր, Վասիլը որոշեց կնոջ դուռը զարնել եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն մը առաջարկել։ Մեր եղբայրը շա՛տ անակնկալի եկաւ, երբ նոյն կինը դուռը բացաւ եւ ըսաւ որ կ’ուզէր Սուրբ Գիրքը հասկնալ։ Ան ընդունեց Սուրբ Գիրքը սերտել եւ կարգադրութիւններ եղան որ Վկայ մը հետը սերտէ։

Ելինցի ժողովքէն Սերհիյ անունով եղբայր մը, որ մկրտուած էր 2021–ին, բնաւ տունէ տուն չէր քարոզած։ Ան իր ջիղերուն վրայ էր, եւ ասոր համար ծառայութեան չգացած պատրաստուեցաւ։ Ան ըսաւ. «Քանի մը անգամներ ներկայացումի նմոյշները դիտեցի եւ անկէ ետք միայն քաջութեան պէտք ունէի որ քարոզեմ»։ Ան կը պատմէ որ իր ջղագրգռութիւնը փոխուեցաւ ուրախութեան, երբ ան առիթը ունեցաւ ուրիշներուն բարի լուրը քարոզելու։

Ռոզտիլ ժողովքէն Նիքոլ անունով քոյր մը, որ օգոստոս 2022–ին չմկրտուած հրատարակիչ եղաւ, նման պարագայ ունէր։ Ան կը պատմէ. «Ջիղերուս վրայ էի եւ նոյնիսկ կը վախնայի տունէ տուն քարոզելէ։ Բայց երբ ատիկա ըրի, անդրադարձայ որ մարդոց հետ դէմ–դիմաց Եհովային մասին խօսիլը շա՜տ հաճելի փորձառութիւն մըն է»։

Երկու քոյրեր տունէ տուն կը քարոզեն

Մինչեւ 11 նոյեմբեր 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները տեղեկագրեցին վարը յիշուած տուեալները։ Սակայն այս թիւերը կրնան աւելի բարձր ըլլալ, քանի որ դժուար է կապ պահել երկրի ամէն մէկ շրջանին հետ։

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը

  • 46 հրատարակիչներ մահացած են

  • 97 հրատարակիչներ վիրաւորուած են

  • 12,569 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են եւ երկրին մէջ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած են

  • 590 տուներ փլած են

  • 645 տուներ մեծապէս վնասուած են

  • 1722 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են

  • 6 Թագաւորութեան սրահներ փլած են

  • 19 Թագաւորութեան սրահներ մեծապէս վնասուած են

  • 63 Թագաւորութեան սրահներ թեթեւօրէն վնասուած են

Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ

  • 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ

  • 53,948 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ՝ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար

  • 25,983 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին