Անցնիլ բովանդակութեան

Ձախ. Քիեւի մէջ, ռմբակոծուած շէնք մը։ Վերը աջին. Ներքնայարկի մը մէջ, եղբայրներ ու քոյրեր JW Library էփի նիւթերով կը մխիթարուին։ Վարը աջին. Ուքրանիայէն գաղթած ընտանիք մը Սլովաքիայի մէջ կը ճաշէ

11 ՄԱՐՏ 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 2 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 2 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Այն շրջաններուն մէջ, ուր բուռն կռիւներ տեղի կ’ունենան, ինչպէս՝ Մարիուփոլի մէջ, ելեկտրականութիւն չկայ եւ հեռաձայնային ու ինթըրնէթի կապերը կտրուած են։ Շատ մը տուներու մէջ պատուհանները կոտրուած են։ Ուտելիքը եւ խմելիքը կը պակսին։ Աւելի քան 2500 եղբայրներ ու քոյրեր չեն կրնար Մարիուփոլը ձգել։ Քանի մը քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Իրփէն, Հոսթոմէլ, Չերնիհիվ, Պուչա, Սումի եւ Քիեւ, նեղ անցք մը (քորիտոր) բացուեցաւ, առիթ բանալով որ կարգ մը մարդիկ փախչին։ Ասիկա տասնեակ մը եղբայրներու ու քոյրերու թոյլ տուած է, որ դէպի աւելի ապահով վայրեր փախչին։

Հոսթոմէլի մէջ ապրող 36 տարեկան երէց ու ռահվիրայ եղբայր մը իր կնոջ եւ ծնողներուն հետ կրցաւ փախչիլ։ Ան պատմեց, թէ ինչերէ անցաւ, երբ զինեալ բախումները իր քաղաքին մէջ սկսան.

«Ուղղաթիռները մեր տունին վրայէն անցան։ Ամբողջ ժամանակը ամէն տեղ զինուորական ինքնաշարժներ կային։ Զինուորները բռնի ուժով մեր տունը մտան, երբ մենք տան ներքնայարկն էինք։ Անոնցմէ մէկը դէպի ներքնայարկ կրակեց։ Փամփուշտները մօրս պայուսակին դպան, բայց մեզ չվիրաւորեցին։ Մօտաւորապէս երեք կամ չորս ժամ մեր տեղէն չշարժեցանք եւ ձայն չհանեցինք, մինչ մեր գլխուն վրայ ռմբակոծումները եւ կրակոցները կը շարունակուէին։ Յաջորդ առտու, մինչ քաղաքէն կը հեռանայինք, մեր մօտը զինեալ բախումներ սկսան։ Ճամբուն վրայ տեսանք հրասայլեր (թանք)։ Ճամբան շատ վտանգաւոր էր, բայց քաղաքին մէջ մնալը աւելի վտանգաւոր էր։

«Բոլոր եղածները մեր կեանքը շատ փոխեցին։ Սորվեցանք Աստուածաշունչի շատ մը սկզբունքներ ինչպէ՛ս գործադրել։ Օրինակ, սորվեցանք ինչպէ՛ս վաղուան համար չմտահոգուիլ, անհրաժեշտ բաներով գոհանալ եւ ամենադժուար ժամանակներուն Եհովային վստահիլ»։

Մենք գիտենք, որ մեր Աստուածը՝ Եհովան շատ լաւ գիտէ, թէ Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ի՛նչ դժուարութիւններու կը տոկան։ Ան պիտի շարունակէ անոնց հոգ տանիլ (Բ. Պետրոս 2։9

Ընտանիք մը իրենց տան ներքնայարկին մէջ։ Ետքը, անոնք կրցան աւելի ապահով տեղ մը փախչիլ

Մինչեւ 10 մարտ 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները այսպէս տեղեկագրեցին.

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը

  • 2 հրատարակիչներ մահացած են

  • 8 հրատարակիչներ վիրաւորուած են

  • 25,407 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են եւ երկրին մէջ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած են

  • 25 տուներ փլած են

  • 59 տուներ մեծապէս վնասուած են

  • 222 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են

  • 7 Թագաւորութեան սրահներ վնասուած են

Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ

  • 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ

  • 10,566 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ՝ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար

  • 9635 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին