Անցնիլ բովանդակութեան

Ձախ. Շթութկարտի մէջ, Գերմանիա, քոյրեր եւ եղբայրներ կը դիմաւորեն Ուքրանիայէն եկած քոյր մը։ Վերը՝ աջին. Լեհաստանէն եղբայրներ օգնութիւն բերած են Ուքրանիա։ Վարը՝ աջին. Ռումբերէ վնասուած շէնքեր

16 ՄԱՐՏ 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 3 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 3 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Ցաւով կը տեղեկացնենք, որ մեր քոյրերէն երկուքը սպաննուեցան Մարիուփոլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ռմբակոծումներուն ատեն։ Ներկայիս, աւելի քան 2000 եղբայրներ ու քոյրեր չեն կրնար քաղաքէն դուրս ելլել բուռն կռիւներուն պատճառով։ Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին, շուրջ 150 Վկաներ կրցան փախչիլ։ Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբի մը մէջ (DRC) ծառայող եղբայրներ փորձեցին օգնութիւն մտցնել Մարիուփոլ, բայց չկրցան, քանի որ իրենք եւ մարդասիրական օգնութիւն բերող ուրիշ ինքնաշարժներ կրակոցներու հանդիպեցան։ Ռումբ մը ինկաւ Թագաւորութեան սրահ եւ Համաժողովի սրահ ունեցող համալիրի մը բակը։ Այն ատեն, Թագաւորութեան սրահին ներքնայարկին մէջ՝ շուրջ 200 եղբայրներ ու քոյրեր պահուըտած էին։ Եղբայրները չվնասուեցան, բայց իրենց ինքնաշարժները ջարդուեցան, ինչ որ քաղաքէն դուրս ելլելը ա՛լ աւելի դժուարացուց։

Երէց մը (պարբերութեան վարի նկարին մէջ), որ կրցաւ իր ընտանիքին հետ Մարիուփոլէն հեռանալ, պատմեց. «Մենք կորսնցուցինք մեր յարկաբաժինը, մեր գործը եւ մեր բարեկամներուն հետ կապը։ Մեր ճամբորդութիւնը, որ ընդհանրապէս մէկ օր կ’առնէ, վեց օր առաւ։ Քաղաքէն դուրս ելած ատեն, տեսանք չպայթած ռումբեր, որոնցմէ ծուխ կ’ելլէր։ Ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին, եղբայրները մեզի օգնեցին, որ գիշերելու տեղեր եւ ուտելիք գտնենք։ Զգացինք որ Եհովան՝ մեր Հայրը, մեզի հոգ կը տանի... Ասիկա մեզ կը համոզէ, որ մեր լման վստահութիւնը Եհովային վրայ դնենք»։

Ձախ. Զոյգ մը, որ կրցաւ Մարիուփոլէն փախչիլ։ Աջ. Անոնց տան ներքնայարկին մէջ պզտիկ անկիւն մը, ուր կրցան ութ օր պահուըտիլ

Վկայ գաղթականներ Ուքրանիայէն ճամբորդեցին դէպի եւրոպական կարգ մը երկիրներ՝ ապահովութիւն գտնելու համար։ Օրինակ, օգնական ծառայ մը, իր կինը եւ իրենց՝ 7, 11 եւ 16 տարեկան եղող զաւակները գացին Փորթուգալ, ուր Եհովայի վկայ եղող ազգականներ ունէին։ Սահմանի վրայ 11 ժամ սպասելէ ետք, ընտանիքը չորս օրուան մէջ աւելի քան 4000 քիլոմեթր կտրեց, իրենց ազգականներուն տունը հասնելու համար։ Անոնք հասան այդտեղի ժողովը սկսելէն ճիշդ առաջ։ Թէեւ փորթուգալերէն չեն խօսիր, ընտանիքը իրենց հոգեւոր ռութինը պահեցին եւ ժողովին միացան։ Ժողովքը շատ տպաւորուեցաւ տեսնելով, թէ ընտանիքը ի՜նչ ուրախ էր՝ հակառակ իրենց դժուար պարագային։

Ընտանիք մը, որ Ուքրանիայէն փախչելով Փորթուգալի մէջ ապահովութիւն գտան, ժողովէ մը ետք կը նկարուին։ Անոնք ժողովէն առաջ, Փորթուգալ հասնելու համար՝ չորս օրուան մէջ աւելի քան 4000 քիլոմեթր կտրած էին

Ուրիշ քոյր մը, որ իր ընտանիքին հետ Գերմանիա փախաւ, բացատրեց. «Աստուածաշունչը կարդալը, լաւ բաներու մասին խոկալը եւ մեր ունեցած հոյակապ յոյսին մասին մտածելը մեզ շատ կը զօրացնէ ու կը քաջալերէ։... Զգացինք որ Եհովային ձեռքը եղբայրներուն միջոցաւ մեզ կ’առաջնորդէ եւ մեզի կ’օգնէ։ Ո՛ւր որ գացինք՝ Ուքրանիոյ մէջ, Հունգարիոյ մէջ եւ հիմա Գերմանիոյ մէջ, եղբայրները մեզ շատ լաւ ընդունեցին եւ օգնեցին»։

Յստակ է, որ Եհովան Ուքրանիոյ մէջ մեր բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնէ (Սաղմոս 145։14

Մինչեւ 16 մարտ 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները տեղեկագրեցին վարը յիշուած տուեալները։ Սակայն այս թիւերը կրնան շատ աւելի բարձր ըլլալ, քանի որ դժուար է կապ պահել երկրի ամէն մէկ շրջանին հետ.

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը

  • 4 հրատարակիչներ մահացած են

  • 19 հրատարակիչներ վիրաւորուած են

  • 29,789 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են եւ երկրին մէջ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած են

  • 45 տուներ փլած են

  • 84 տուներ մեծապէս վնասուած են

  • 366 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են

  • 16 Թագաւորութեան սրահներ վնասուած են

Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ

  • 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ

  • 20,981 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ՝ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար

  • 11,973 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին