Անցնիլ բովանդակութեան

Ձախէն աջ. Խճողուած կայարան՝ Լվովի մէջ։ Եղբօր մը տունը կ’այրի ռմբակոծումէ մը ետք։ Քաջ երէցներ Մարիուփոլի մէջ հաւատակիցները կը փնտռեն

1 ԱՊՐԻԼ 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 5 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 5 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Ցաւով կը տեղեկացնենք որ մինչեւ 29 մարտ 2022, Մարիուփոլ քաղաքին մէջ 7 եղբայրներ ու քոյրեր ալ մահացան։ Ուքրանիոյ մէջ, ընդամէնը 17 եղբայրներ ու քոյրեր իրենց կեանքը կորսնցուցին։

Ուքրանիոյ մէջ, Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբերը (DRC) ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի պատերազմէն տուժածներուն օգնութիւն հասցնեն եւ նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնեն, փնտռելով այն հաւատակիցները, որոնք կը գտնուին պատերազմին պատճառով մեծապէս վնասուած շրջաններու մէջ։

Օրինակ, այդ յանձնախումբերուն մէջ աշխատող եղբայրները կրցած են ուտելիք, դեղ եւ ուրիշ կարեւոր պէտքեր հասցնել շատ ռմբակոծուած քաղաքներու, ինչպէս՝ Խարքով, Քրամաթորսք եւ Մարիուփոլ։ Յանձնախումբին անդամներէն մէկը օրական աւելի քան 500 քիլոմեթր կը կտրէ, անցնելով շատ մը զինուորական անցարգելներէ, որպէսզի ուտելիք եւ դեղ հասցնէ շուրջ 2700 հրատարակիչներու։

Յանձնախումբերը նաեւ փոխադրութեան կարգադրութիւններ կ’ընեն, որպէսզի մեր եղբայրներն ու քոյրերը պատերազմական շրջաններէն դուրս հանեն։ Չերնիհիվի յանձնախումբին մէջ ծառայող եղբայր մը պատմեց. «Երբ բնակելի շէնքերը սկսան ռմբակոծուիլ, յստակ եղաւ որ քաղաքին մէջ մնալը այլեւս շատ վտանգաւոր էր։ Քանի որ ելեկտրականութիւն եւ ինթըրնէթ չկային, երէցները ռմբակոծումներուն ատեն աճապարեցին քաղաքին մէջ պահուըտած հրատարակիչները տեղեկացնելու, որ անոնց համար քաղաքէն դուրս փախչելու փոխադրութեան կարգադրութիւններ կային»։

Փոխադրութեան գործով զբաղող անհատ մը համաձայնեցաւ, որ իր պասերը եւ մինիպասերը գործածուին, եւ 9 ճամբորդութիւններ ըրաւ Չերնիհիվէն եղող մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն 254–ը ազատելու համար։ Անգամ մը, ան նոյնիսկ մեծ մեքենաներ գործածելով ճամբայ մը նորոգեց, որպէսզի իր պասը կարենայ անցնիլ։ Մեր եղբայրները շատ շնորհակալ էին իր այս օգնութեան համար։

Մենք կ’ողբանք այն անհատներուն հետ, որոնք սիրելիներ կորսնցուցին այս պատերազմին մէջ։ Բոլորս շա՜տ կ’ուզենք որ մէկ վայրկեան առաջ գայ այն ժամանակը, երբ իրականանայ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին տուած յոյսը, որ մահ եւ սուգ այլեւս պիտի չըլլան (Յայտնութիւն 21։3, 4

Չերնիհիվէն փախած շուրջ 40 հրատարակիչներ ջերմ ընդունելութիւն կը գտնեն աւելի ապահով շրջանի մը մէջ գտնուող Թագաւորութեան սրահի մը մէջ

Մինչեւ 29 մարտ 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները տեղեկագրեցին վարը յիշուած տուեալները։ Սակայն այս թիւերը կրնան աւելի բարձր ըլլալ, քանի որ դժուար է կապ պահել երկրի ամէն մէկ շրջանին հետ:

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը

  • 17 հրատարակիչներ մահացած են

  • 35 հրատարակիչներ վիրաւորուած են

  • 36,313 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են եւ երկրին մէջ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած են

  • 114 տուներ փլած են

  • 144 տուներ մեծապէս վնասուած են

  • 612 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են

  • 1 Թագաւորութեան սրահ փլած է

  • 7 Թագաւորութեան սրահներ մեծապէս վնասուած են

  • 23 Թագաւորութեան սրահներ թեթեւօրէն վնասուած են

Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ

  • 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ

  • 34,739 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ՝ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար

  • 16,175 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին