Անցնիլ բովանդակութեան

Լվովի սրահներուն մէջ Յիշատակատօն մը կը տօնուի, ուր մօտ 60 տեղահանուած եղբայրներ ու քոյրեր ապաստանած են

29 ԱՊՐԻԼ 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 7 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Աւելի քան 210,000 անհատներ ներկայ եղան Յիշատակատօնին

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 7 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Ուրախ ենք տեղեկագրելու, որ Եհովան Ուքրանիոյ մէջ իր ժողովուրդը օրհնեց, այնպէս որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ամբողջ երկրին մէջ կրցան Քրիստոսին մահուան Յիշատակատօնը տօնել։ Տեղահանուած մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք ապաստանած էին արեւմտեան Ուքրանիայի քանի մը Թագաւորութեան սրահներուն մէջ, ուր կրցան Յիշատակատօնը տօնել։ Եղբայրները Յիշատակատօնը ունեցան մեծաւ մասամբ պզտիկ խումբերու մէջ։ Իսկ անոնք, որոնք տունէն չէին կրնար ելլել, վիտէոյով դիտեցին։

Խարքով քաղաքին մէկ ներքնայարկին մէջ, եղբայրներ ու քոյրեր Յիշատակատօն կը տօնեն

Գրեթէ ամբողջ երկրին մէջ, Յիշատակատօնի օրուան ամբողջ ընթացքին ահազանգի ձայներ կը լսուէին։ Երբ իրիկուն եղաւ, ահազանգերը լռեցին։ «Մենք կ’աղօթէինք, որ Յիշատակատօնը չընդհատուէր ռմբակոծումներուն պատճառով», բացատրեց Շերհին, որ Տրուժքիվքայէն է (Տոնեցքի շրջան)։ Յիշատակատօնէն քիչ մը առաջ, ռմբակոծումները կեցան եւ այլեւս ահազանգերու ձայն չլսեցինք։

Խումբ մը տարեց եւ անկարող հրատարակիչներ, որոնք կը բնակէին Նեմիշայեւոյի մէջ (Քիեւի մօտ), աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր չէին կրցած ժողովներու ներկայ գտնուիլ։ Անոնք կ’աղօթէին, որ կարենան Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալ։ Վիթալի անունով երէց մը օգնեց, որ այս խումբը Յիշատակատօնը ունենան։ Ան կ’ըսէ. «Ելեկտրականութիւն չկար, անոր համար Յիշատակատօնը ելեկտրական լամբերով (փիլ) ունեցանք։ Շատ պաղ էր եւ երաժշտութիւն ալ չկար։ Աղջիկս ջութակ նուագեց, որպէսզի երգենք»։

Օլեքսանտր անունով երէց մը, որ կ’ապրի պատերազմի գօտիին մէջ, պատմեց. «Յիշատակատօնին հրաւիրելու արշաւի ընթացքին չէինք կրնար մեր ժողովքին պատկանող թաղամասի մարդոց նամակներ գրել, քանի որ անոնք իրենց ռմբակոծուած տուները ձգած–գացած էին։ Անոր համար, մենք հրաւիրեցինք մեր ծանօթները եւ մարդիկը, որոնք մեզի հետ ապաստանած էին ներքնայարկներուն մէջ։ Անոնցմէ շատեր իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով Եհովայի վկաներուն մտիկ կ’ընէին։ Շատեր ներկայ եղան Յիշատակատօնին»։

Ուքրանիոյ մէջ զոյգ մը, մոմի լոյսին տակ Յիշատակատօն կը տօնէ։ Ելեկտրականութիւն չըլլալով, անոնք իրենց հեռաձայնը լիցքաւորեցին (charge) մօտ եղող գիւղի մը մէջ գտնուող ելեկտրածին շարժակի մը (generator) միջոցաւ

Թէեւ Ուքրանիայի բոլոր ժողովքներէն լման տեղեկագրութիւն մը տակաւին չստացանք, բայց գիտցանք որ աւելի քան 210,000 անհատներ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցան։

Ուքրանիոյ մէջ, եղբայրներէն մէկը Յիշատակատօնին նկատմամբ իր զգացումները յայտնելով ըսաւ. «Ճիշդ ինչպէս որ փարոս մը նաւաստիները կը վստահեցնէ, որ իրենք ծովեզերքին մօտեցած են, նոյնպէս Յիշատակատօնը մեզ կը վստահեցնէ, թէ Եհովայի մեծ օրը շուտով պիտի գայ։ Այս տարուան Յիշատակատօնը իմ համոզումս աւելի զօրացուց»։

Մինչեւ 21 ապրիլ 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները տեղեկագրեցին վարը յիշուած տուեալները։ Սակայն այս թիւերը կրնան աւելի բարձր ըլլալ, քանի որ դժուար է կապ պահել երկրի ամէն մէկ շրջանին հետ։

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը

  • 35 հրատարակիչներ մահացած են

  • 60 հրատարակիչներ վիրաւորուած են

  • 43,792 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են եւ երկրին մէջ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած են

  • 374 տուներ փլած են

  • 347 տուներ մեծապէս վնասուած են

  • 874 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են

  • 1 Թագաւորութեան սրահ փլած է

  • 10 Թագաւորութեան սրահներ մեծապէս վնասուած են

  • 27 Թագաւորութեան սրահներ թեթեւօրէն վնասուած են

Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ

  • 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ

  • 44,971 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ՝ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար

  • 19,961 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին